ՀՈԳ ՉԸՆԵ՛Լ…

Պօղոս առաքեալ Փիլիպպեցիներուն ուղարկած նամակին մէջ սապէս կը գրէ. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք. հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով եւ աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ». (ՓԻԼԻՊ. Դ 6)։

Հոգ ընել՝ կասկածամիտ ըլլալ կը նշանակէ, այսինքն չապաւինիլ եւ վստահութեան թերութիւն ունենալ։ Մինչդեռ հաւատքին հիմերը կը կազմեն ապաւէն եւ վստահութիւն։ Հաւատքով աղօթել կը նշանակէ կատարեալ վստահութիւն ունենալ եւ աներկբայ ապաւինիլ, թէ աղօթքը անպայման պիտի լսուի, ընդունուի եւ կատարուի։

Ահաւասիկ, Պօղոս առաքեալի միջոցով Աստուած կը պատուիրէ՝ «հոգ չընել»։ Չէ՞ որ Յիսուս կ՚ըսէ. «Ձեզմէ ո՞վ կրնայ իր հոգ ընելովը հասակին վրայ կանգուն մը աւելցնել». (ՂՈՒԿ. ԺԲ 25) եւ (ՄԱՏԹ. Զ 27)։

Ուրեմն, փոխանակ հոգ ընելու՝ պէտք է աղօթել մի՛շտ։

Արդարեւ, կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը եւ բանականութիւնն ալ այս ցոյց կու տայ. փոխանակ հոգ ընելու՝ պէտք է գործել, կարելին ընել եւ ամենակարելին աղօթելն է, երբ այդ պահուն մարդ անկարող է։ «Հոգ ընել»՝ չէզոք, անաշխատ եւ անգործ մնալ կը նշանակէ, մինչդեռ քրիստոնէութիւնը դրական վարդապետութիւն է՝ աշխատանք եւ գործ կը պահանջէ, եւ այս իմաստով ալ, երբ մարդ չի կրնար գործել, դրական աշխատանք մը չի կրնար ունենալ, այդ պարագային ահաւասիկ պէ՛տք է աղօթէ։

Աստուած, մեր ամենակարող Տէրը, ամբողջ տիեզերքի եւ մեր արարիչը՝ այնպիսի խոստումներ եւ հաւաստիացումներ տուած է իր զաւակներուն՝ հաւատացեալներուն, որ իրօք ճշմարիտ հաւատացեալը պէտք չունի, իրաւունք ալ չունի հոգ ընելու։ Արդարեւ, «հոգ ընել»՝ թերահաւտութեան նշան պէտք է նկատել, բայց պէտք է խոստովանինք, որ մարդ, դժբախտաբար երբեք չի հրաժարիր հոգ ընելէ՝ որքան որ ինքզինք «հաւատացեալ» կարծէ։ Հոգ ընելով՝ «հաւատացեալ»ը Աստուծոյ խոստումներուն թերահաւատ եղած կ՚ըլլայ։

Աստուածաշունչ մատեանը լեցուն է բազմաթիւ խոստումներով՝ հաւատացեալին վստահութիւնը առ Աստուած աւելցնելու, հաւատքը զօրացնելու եւ առանց հոգի՝ ուրախ ապրելու համար։

Մասնագէտ հոգեբաններ եւ հոգեբոյժներ, գիտնականներ կ՚ըսեն, թէ մարդուն մեծագոյն թշնամին հոգն է, որ կը կրծէ, կը մաշեցնէ մարդու հոգին։ Անոնք կ՚ըսեն, թէ մեր հոգիներուն 95 տոկոսը անհիմն է եւ մենք ի զուր կը տանջենք «երեւակայական» եւ մտացածին մտահոգութիւններով։ Մտատանջութիւնը նաեւ պատճառ կ՚ըլլայ ուրիշ մարմնական հիւանդութիւններու։

Շիլլէր կ՚ըսէ. «Ի՞նչ է մարդը. ողջ եղած ժամանակ հոգերու շտեմարան եւ մեռնելէն յետոյ որդերուն բնակարան»։

Տէրը շնորհ ընէ, որ հոգ ընելու փոխարէն նայինք, որ տեսնենք դրականը՝ մեր մէջ եւ մեր չորս դին նայինք, տեսնենք այն բազմաթիւ հոգեւոր, ֆիզիքական եւ նիւթական բարիքները եւ օրհնութիւնները՝ որոնցմով Տէրը, մեր բարի եւ գթասիրտ Հայրը մեզ ողողած է եւ ի խորոց սրտի փառք տանք իրեն։ Եւ ո՛չ մէկ կրօնք, ո՛չ մէկ կրօնապետ տուած է եւ կրնար տալ այն խոստումները, որոնք մեր Աստուածը տուած է մեզի՝ Իր հետեւորդներուն, Իրեն վստահողներուն եւ Իրեն ապաւինողներուն. որոնք եղած են Քրիստոսի հետեւորդներ յատկապէս։ Ուերմն, նորոգենք մեր ուխտը՝ յիշելով վերեւի՝ եւ Աստուծոյ Խօսքին մէջ տրուած բազմաթիւ այլ խոստումները. այլեւս հոգ չընենք՝ չտանջենք մեր միտքը եւ գիտնանք, որ հոգ ընել՝ Աստուծոյ ամենակարողութեան մասին կասկածիլ կը նշանակէ, եւ չգործենք այդ մեղքը. մեր հաւատքը ըլլայ հաստատ, կատարեալ եւ աներկբա՛յ։

Եթէ ամենակարող Աստուած չկարողանայ մեզ հոգերէն ազատել, ո՞վ պիտի կարողանայ։

Եւ ինչպէս Պետրոս առաքեալ իր առաաջին Ընդհանրական նամակին մէջ կը գրէ. «Ուրեմն Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէ՛ք, որպէսզի ձեզ ժամանակին բարձրացնէ։ Ձեր ամէն հոգը Անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասնզի Անիկա ձեզի համար կը հոգայ». (Ա ՊԵՏՐ. Ե 6-7)։ Եւ առաքեալին այս խօսքերը կը բաւէ, որ թողունք հոգ ընել, քանի որ մեզի համար հոգ ընող մը կա՛յ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 22, 2025, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Փետրուար 24, 2025