ՍԷՐ՝ ՈՐ ԿՈՅՐ ԱՉՔՈՎ ԿԸ ՏԵՍՆԷ՛
Եթէ երբեւէ լսած էք «սէրը կոյր է» արտայայտութիւնը, ապա անհրաժեշտ է գիտնալ, որ ան ունի աւելի քան 600 տարուան հնութիւն. մարդկութիւնը այս արտայայտութեան առաջին անգամ հանդիպած է անգլիացի գրող եւ բանաստեղծ Ճոֆըրի Չոսերի «Քենթըրպըրիի պատմութիւններ» աշխատութեան «Առեւտրականի հեքիաթը» բաժնին մէջ, որ գրուած է մօտաւորապէս 1387-1400 թուականներուն: Բանաստեղծը իր այդ աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Որովհետեւ սէրը մի՛շտ կոյր է եւ չի՛ կրնար տեսնել»:
Սակայն կ՚արժէ մտածել. 14-րդ դարու վերջաւորութենէն մեզի հասնած այս արտայայտութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ՝ ուր գիտութիւնը կը վերլուծէ զգացումները, հոգեբանութիւնը կը մեկնէ մարդկային վարքը եւ փիլիսոփայութիւնը կը շարունակէ հարցնել իր «ինչո՞ւ»ները, կրցա՞ծ է պահել իր գոյութիւնը. թող ընթերցողը վերջաւորութեան ի՛նք եզրակացնէ:
Սիրոյ «կուրութիւն»ը սակայն միշտ ալ եղած է հարցական. շատ մը մտաւորականներ ընդունած են անոր «կորութիւն»ը, սակայն ուրիշներ մերժած. օրինակ՝ սիրոյ «աստուած» կը նկատուի Շէյքսփիր, որ «Վենետիկի առեւտրականը» աշխատութեան մէջ կ՚ընդունի սիրոյ «կոյր» ըլլալը. «Սէրը կոյր է եւ սիրահարները չեն կրնար տեսնել իրենց ըրած գեղեցիկ յիմարութիւնները», իսկ անդին գերմանացի յայտնի փիլիսոփայ Ֆրիտրիխ Նիցչէ կը մերժէ այդ խօսքը՝ իր «Այսպէս խօսեցաւ զրադաշտը» աշխատութեան մէջ ըսելով. «Սէրը կոյր չէ. ան պարզապէս հնարաւորութիւն չի տար տեսնել այն՝ ինչ ուրիշները կը տեսնեն»: Երկու պարագաներն ալ տեսողութեան հետ աղերս ունին: Սիրոյ կուրութեան հանդէպ մարդոց ունեցած ըմբռնումը աւելի պարզ դարձնելու համար տանք հետեւեալ օրինակը. հին փիլիսոփայութեան մէջ յոյներու սիրոյ աստուածը՝ Էրոս ունէր կապոյտ աչքեր, սակայն աւանդութեան համաձայն՝ անոր տեսողութիւնը կը խափանուէր եւ չէր տեսներ մարդոց թերութիւնները, ինչ որ կը փոխանցէ համոզումը այդ ժամանակաշրջանի մարդոց: Սակայն հասնինք մեր օրեր. ինչո՞ւ համար սէրը «կոյր» պիտի ըլլայ:
Զոյգերու մէջ գոյութիւն կ՚ունենայ «կուրութիւն» մը, սակայն այդ կուրութիւնը պէտք չէ թարգմանել որպէս «անգիտութիւն» կամ «հասունութեան պակաս», որովհետեւ սիրոյ մէջ մարդ կը նախընտրէ տեսնել միայն ու միայն այն իրականութիւնները, որոնխ համահունչ են իր ներաշխարհին. ճշմարիտ սիրահար մը ո՛չ թէ չի տեսներ. շատ անգամ կամաւո՛ր ձեւով կ՚ուզէ չտեսնել եւ կ՚ընտրէ կուրութիւնը, որովհետեւ անոր մէջ կ՚ուզէ տեսնել կատարելութեան արտացոլումը: Իւրաքանչիւր սիրահար իր ներաշխարհին մէջ ունի կերպար մը. կերպար՝ որ շատ անգամ հեռու է իրականութենէն, սակայն հաւատարիմ մնալով այդ կերպարին՝ անոնք կ՚ուզեն կողակիցին մէջ տեսնել նոյնութիւն մը, որպէսզի կարենան այդ երեւակայածին տիպարը փոխարինել իրականով։ Հետեւաբար այս մէկը կը կոչենք կամաւոր կուրութիւն. շատեր այս մէկը կրնան ինքնախաբէութիւն նկատել, որովհետեւ ուրիշներուն եւ սիրահարին տարբերութիւնը հետեւեալն է. ուրիշներ շատ անգամ կը դատեն արտաքինը, կը դատեն մարդու շարժուձեւը, մինչ ճշմարիտ սիրահարը արտաքինէն աւելի կ՚ուսումնասիրէ հոգին եւ որոշ արժէքներ կ՚ուզէ գտնել այդտեղ՝ ինչ որ ուրիշներու համար անհասկնալի է: Պարզ է, որ որպէս մարդ արարածներ բոլորս ալ մեր մէջ ունինք մեր լաւ ու վատ կողմերը, սակայն այդ մէկը ընտրութեան հարց է. կրնայ մէկը հազար լաւը մոռնալով իր կեդրոնացումը տալ վատին, իսկ ուրիշ մը հազար լաւի դիմաց զոհել այդ վատը, առաջնահերթութիւններ դնելով անոնց միջեւ: Այդ իսկ պատճառով կամաւոր կուրութիւնը որպէս տկարութիւն տեսնելու փոխարէն, կ՚առաջարկենք տեսնել որպէս կամքի ուժ, ուր մարդ համեմատականի մէջ կը դնէ իրականն ու անիրականը՝ ստեղծելու եւ գտնելու համար այն իրականը՝ որ մօտ է իր անիրական կերպարին:
Երազը, յոյսն ու նպատակը մարդ արարածը կ՚առաջնորդեն դէպի ապագայ եւ սիրոյ մէջ եւս անոնց գոյութիւնը անխուսափելի է. սիրողը կ՚ունենայ յոյս, որուն վրայ հիմնուելով կ՚ուզէ տեսնել իր ապագայ երջանկութեան իրականացումը. այս յոյսը՝ որ շատերու համար կրնայ թարգմանուիլ որպէս կուրութիւն, ունի իր դրական կողմերը։ Երբ սէրը մաքուր ու անկեղծ է, զոյգերու համար իւրաքանչիւր դժուարութիւն կը մերկանայ իր իսկութենէն եւ կը սկսի աւելի «դիւրին» թուիլ, որովհետեւ սիրոյ մէջ առկայ է պայքարը, որ երեւոյթներու դիմաց յուսահատելու փոխարէն պատրաստ կ՚ըլլայ պայքարիլ: Պէտք է նկատի ունենալ, որ սէրը կեանքի ընթացք է եւ սիրահարութեան ընթացքին զոյգեր ո՛չ միայն միմեանց դրական ու բացասական կողմերը կը յայտնաբերեն, այլ մինչեւ իսկ ինքնաճանաչումի ընթացք մը կ՚ապրին, որպէսզի նախ յաջողին իրենք իրենց անձերը լաւապէս ճանչնալ, իրենց ակնկալութիւնն ու նպատակները ճշդել եւ անոր հիման վրայ կատարել դատաստան մը՝ տեսանելի եւ անտեսանելի բոլոր դրական ու բացասական կողմերը կշռելու եւ հաշուեյարդար մը կատարելու համար:
Այդ կուրութեան դրական կողմը այն է, որ մարդ բացասականներու վրայ կեդրոնանալու փոխարէն իր ուշադրութիւնը կը սեւեռէ լաւերուն, որովհետեւ հակառակ անոր, որ ամէ՛ն մարդ ունի թերութիւն, սակայն միշտ չէ, որ այդ թերութիւնը կը գերակշռէ քան դրականը եւ այդ կուրութիւնը, որ այս պարագային կարելի է անուանել նաեւ որպէս համբերութիւն, որ կը խթանէ յարաբերութիւնները: Եթէ գոյութիւն չունենայ այս կուրութիւնը՝ մանաւանդ կամաւորը, մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ անպակաս կ՚ըլլայ քննադատութիւնը եւ իրարու հանդէպ զոյգերու ունեցած համբերութիւնն ու նուիրուածութիւնն է, որ կը ստեղծէ այդ կուրութիւնը:
Այս տեսակ կուրութիւնը դրական կը դատենք, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդ անհատ ունի տարբեր դաստիարակութիւն, տարբեր համոզումներ, տարբեր նկարագիր եւ տարբեր միտքի հասունութիւն եւ երկու զոյգերուն մէջ եղող տարբերութիւնը համատեղողն է այս կուրութիւնը, որովհետեւ բռնութիւն կը դառնայ, եթէ տղան իր երեւակայածին կերպարը ուզէ կերտել աղջկան, իսկ աղջիկը տղուն մէջ. զանոնք միացնողը կ՚ըլլայ այդ կամաւոր կուրութիւնը, որ բնականաբար իր դրականներուն կողքին ունի նաեւ իր բացասական կողմերը եւս:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Սիրոյ մէջ ինչքա՞ն պէտք է համբերել:
Պատասխան. Սիրոյ մէջ համբերել կը նշանակէ հաւասարակշռութիւն գտնել ինքնայարգանքի եւ դիմացի անձին հանդէպ: Կարեւոր է աջակցիլ զուգընկերոջ մարտահրաւէրներու ժամանակ, սակայն նոյնպէս պէտք է գիտնալ, որ չափէն աւելի համբերելով կրնաք վնասել ձեր սեփական երջանկութիւնն ու բարեկեցութիւնը: Սէրը փոխադարձ աճի ընթացք մըն է եւ ո՛չ անվերջ բեռ: Սէրը պէտք է գիտնայ, թէ ե՛րբ պէտք է պայքարիլ եւ երբ հեռանալ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան