ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի արժէքաւոր խմբավար Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանը, որուն կ՚ընկերանար տնօրէն խորհուրդէն Ժիրայր Ագմերճան։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին մաէսթրոն տեղեկացուց, որ Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբը մօտաւոր ապագային համերգով մը հանդէս պիտի գայ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։ Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ նախատեսուած է ձեռնարկը, որու ընդառաջ մաէսթրոն կոչ ուղղեց, որպէսզի երաժշտասէրները անմասն չմնան այս երեկոյթէն։
Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբին ղեկը միջոցէ մը ի վեր ստանձնուած է Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի կողմէ, որ իր փորձառութեամբ կարեւոր ձեռքբերումներ ապահոված է, որպէսզի այս երգչախումբէն ներս տեղի ունենայ առողջ սերնդափոխութիւն մը եւ հերթը ստանձնեն այնպիսի ուժեր, որոնք հետամուտ են մեր եկեղեցական երաժշտութեան աւանդութիւններու յարատեւման։
Յաջողութիւն կը մաղթենք մաէսթրոյին եւ սաներուն՝ մօտալուտ համերգին առթիւ։