ԱՅՍ ԵՐԵԿՈՅ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր երեկոյեան Գումգաբուի մէջ կը սարքէ մամլոյ ասուլիս մը։ Անցեալ շաբաթավերջին, Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրները պաշտօնապէս տեղեկացուցած էին այս նախաձեռնութեան մասին եւ վերջին օրերուն արդէն սա կը բնորոշէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը։ Համայնքային շրջակները ուշադրութեամբ կը սպասեն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր յայտարարութիւններուն, որոնք կրնան կարեւոր նշանակութիւն ունենալ այժմու հրատապ օրակարգին տեսակէտէ։ Արդարեւ համայնքային կեանքէն ներս կուտակուած են շարք մը խնդիրներ, որոնց պարագային քննադատութիւններ կը հասցէագրուին նաեւ Պատրիարքական Աթոռին։ Այսօր երեկոյեան նախատեսուած մամլոյ ասուլիսը ուղիղ եթերով պիտի հեռարձակուի Պատրիարքարանի ընկերային ցանցերու հաշիւներուն վրայ։

Ծրագրուած է, որ մամլոյ ասուլիսի սկիզբին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդհանուր խորհրդածութիւններով հանդէս գայ՝ համայնքային այժմու հրատապ օրակարգի խնդիրներուն շուրջ։ Աւելի վերջ պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչները հնարաւորութիւն պիտի ունենան Նորին Ամենապատուութեան հարցումներ ուղղելու թէ՛ իր տուեալ պահու խորհրդածութիւններուն եւ թէ ընդհանուր օրակարգի խնդիրներուն շուրջ։ Պատրիարքարանի աղբիւրները տեղեկացուցած են, որ առնուազն երկու ժամ նախատեսուած է մամլոյ ասուլիսին համար։ Հարկ է նշել, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անունով այս մամլոյ ասուլիսին պիտի մասնակցի թերթիս գլխաւոր խմբագիրը՝ Արա Գօչունեան։

Երեքշաբթի, Փետրուար 25, 2025