ԵՍ ԵՄ ԱՅՍ ՏՈՒՆԻՆ ՏՂԱՄԱՐԴԸ…

Վեց պահ դաս տալէ ետք յոգնած տուն կը բարձրանամ, պատառ մը ուտեմ, կը մտածեմ եւ գոնէ կէս ժամ քնանամ մինչեւ երկրորդ գործիս երթալս… Բայց, անշուշտ, մինչեւ տուն հասնիլս քանի մը կայան ունիմ այցելելիք, ուր մեծ սիրով եւ անհամբերութեամբ ամէն օր կը սպասեն անցնելուս։

Օհ, այդ օրերը… Հիմա չկան անոնք, որոնց ապրելու իմաստն էի կարծես…

Սէրը կը խեղդէ երբեմն, բայց, այսօր այդ խեղդող սէրը կը փնտռեմ, երբ իւրաքանչիւր քայլափոխիս մեր տունէն վանքին դուռ բոլորին բացատրութիւն պիտի տայի, թէ ո՞ւր կ՚երթամ, ե՞րբ կը դառնամ, որո՞ւ հետ կ՚երթամ եւ անշուշտ. «Իսկ տղադ ո՞ւր է», «Ինչո՞ւ տղադ հետդ չես առած»…

Այո՛, այդ օրերուն կը խեղդուէի մանրադիտակին ու հեռադիտակին տակ զիս սիրողներուն, որոնք իրենց անկեղծ ու անհուն սիրով օգնեցին մէկ-հատիկս մեծցնելու, բայց իւրաքանչիւր քայլիս պատասխանը տալու, որովհետեւ երկրորդ անգամ սխալիլ կամ ձախողութեան մը հանդիպիլ՝ իրենց համար ներելի չէր, չէին դիմանար… Տղաս ու ես իրենց սէրն էինք։

Դեռ տուն չեմ հասած՝ դրացուհի մը հեռուէն կը պոռայ.

-Ինչ օրօրալէն-շորորալէն կը քալես, աճապարէ՛, նշանածդ քեզի կը սպասէ…

Աստուած իմ, նորէն նշանուեր եմ՝ լուր չունիմ։

Ֆիֆին՝ մեր սպասուհին, որ եղբօրս ու իմ մանկութենէս մինչեւ տղուս դպրոցը աւարտելը եւ իր մահը մեր տան անդամն էր, մեր տան դրան առաջ ձեռքերը իրար քսելով իրար անցած կը սպասէր.

-Ո՞ւր ես, մէկը քեզի կը սպասէ, անուշիկ երիտասարդ մըն է… Աստուած իմ, Աստուած իմ, բարին ըլլայ… Կարեւորը Արփիակը շատ սիրէ։

«Աստուած իմ»ը ես պիտի ըսեմ, ինչ երիտասարդ, ինչ նշանած, ինչ Արփիակը շատ սիրէ… Այս ինչ ապուր է, որ կ՚եփուի եւ ես անտեղեակ եմ։

Տուն կը մտնեմ եւ իսկապէս վայելուչ երիտասարդ մը թեւերը կը բանայ ու կը փաթթուի.

-Անո՜ւշ, մէկ սանթիմ չես փոխուած, նոյն Անուշն ես, ինչ որ էիր տարիներ առաջ դպրոցին մէջ…

-Այս ինչ անակնկալ, ե՞րբ եկեր ես…

Անակնկալը կրկնակի էր, որովհետեւ դպրոցէն քէն բաժնուած էինք, որուն պատճառը մինչեւ այդ հանդիպումը չէի գիտեր, սակայն, յետոյ դարձաւ գեղեցիկ բանաստեղծութեան մը նիւթը՝ «Խոստովանանք»։

-Ամբողջ վանքը լուր ունի Անուշ, դուն չունի՞ս…

-Իսկապէս չեմ լսած…

-Դպրոց գացի արդէն ելեր էիր, մամադ ըսաւ նամակատուն կ՚երթաս եւ յետոյ տուն, ուղղակի ձեզի եկայ։

-Այդպէս է, նստէ, տասնեւհինգ տարիէն աւելի է, որ գացած ես չէ՞, որքա՜ն երկար չենք տեսնուած, ինչո՞վ կը զբաղիս, ո՞ւր ես, ինչ լաւ ըրեր ու եկեր ես, այսինքն կը հասկնամ, ընտանիքիդ մէկ մասը հոս է…

-Շիտակը այդ այդպէս է, բայց նաեւ քեզի համար…

Տան դուռը բացուեցաւ, հօրաքոյրս եւ ամուսինը մտան։

Հօրաքրոջս ամուսինը առաջինը մօտեցաւ Յակոբին.

-Տղաս, իմացած եմ, թէ ինչո՞ւ եկած ես, շատ ճիշդ ըրած ես, քու մասիդ լաւ բաներ լսեր ենք միայն, եթէ բախտ է՝ կ՚ըլլայ։

-Բախտը ո՞րն է- կը շարունակէ հօրաքոյրս- Անուշէս լաւ մէ՞կը պիտի առնէ… Ինչ ընենք, որ առաջինէն չխնդաց։ Բայց, մեզի խօսք պիտի տաս, որ երջանիկ պիտի ընես զինք, առաջինին չձգեց խառնուինք, հիմա… Հապա Արփիակս, որ տեսնես՝ խենթ պիտի ըլլաս, Անուշէն աւելի պիտի սիրես։

Երա՞զ կը տեսնեմ, շարժապատկե՞ր կը նայիմ, գի՞րք կը կարդամ, չեմ գիտեր… Բայց այս չի կրնար իրականութիւն ըլլալ ։ Դեռ շուարած մէկ ընկերոջս, մէկ հօրաքրոջս, մէկ ամուսինին կը նայիմ եւ ահա ներս կը մտնէ թանթիկ Աննիկնիս, վանեցի մեծ հօրս որբանոցի ընկերուհիներէն, որ դարձեալ մեր տան անդամն է կրնամ ըսել.

-Այնքան ուրախ եմ պրն. Յակոբ, Անուշին առնողը բախտաւոր կ՚ըլլայ, երջանիկ կ՚ըլլայ, տղան քիչ մը չարուկ է, բայց երիտասարդ ես՝ լեզու կը գտնես հետը, կը մեծնայ…

Թանթիկ Աննիկը չէր ամուսնացած, պզտիկի համբերութիւն չունէր, ամբողջ կեանքը գլխաւոր բուժքոյր եղած էր եւ հիւանդանոցներուն մէջ հրահանգներ տալով ապրած։

Իսկ այս բոլոր ժամանակը Ֆիֆին հիւրանոցի մուտքին սիրտը փրթած ինքզինք կ՚ուտէր, Արփիակին անունը քանի մը անգամ կրկնուած էր, չըլլայ յանկարծ համաձայնիմ ամուսնանալ եւ Արփիակը առնեմ ու երթամ Ամերիկա։ Արփիակս Ֆիֆիին կեանքն էր, աշխարհը, սէրը, վերջապէս տղուս հանդէպ այդ սէրը զինք համարձակութիւն տուաւ մօտենալու.

-Նայէ ինծի պարոն, Անուշը պզտիկ չէ, ինք թող մտածէ իր մասին, բայց եթէ լսեմ, որ Արփիակին լաւ չես նայած, ուզածը չես ըրած, կամ կաթիլ մը արցունք իջեր է աչքերէն՝ գործդ հետս է… Յետոյ խօսք տուր, որ ամէն տարի արձակուրդի պիտի ղրկես։

Մէկ աջ կը նայիմ, մէկ ձախ, բոլորը գոհ են իրենց պատուէրներէն… Գետինը բացուէր՝ մէջը մտնէի, ո՞ր պատին զարնէի գլուխս, ի՜նչ ամուսնութիւն, ի՜նչ Ամերիկա, ո՛վ որո՞ւ կ՚ուզէ, խնդրոյ առարկան ես եմ՝ բայց ես լուր չունիմ անցուդարձէն, այս նորութիւնը ուրկէ՞ ելաւ, ո՞վ հանեց։ Դպրոցական ընկերոջս աչքերուն չեմ կրնար նայիլ… Երեսս քանի մը գոյն առաւ-տուաւ, եւ…

Տղուս գնդակը յայտնուեցաւ հիւրանոցին մէջտեղը, այսինքն բուն հերոսը ժամանած է։

Շուրջը նայեցաւ, բոլորը ծանօթ էին, ուրեմն վազեց միակ անծանօթին.

-Ամմօ, դո՞ւն ես, որ Ամերիկայէն եկեր ես եւ մամայիս հետ պիտի ամուսնանաս եղեր…

-Այո՛, well, նայինք ինչ կ՚ըլլայ, you know…

-Մամայիս առջեւ եթէ անգլերէն խօսիս, չ՚ամուսնանար քեզի հետ, մենք հայ ենք կ՚ըսէ, պէտք է հայերէն խօսինք…

-Օ՜հ, գիտես, երկար ատենէ ի վեր ես Ամերիկա կ՚ապրիմ…

-Գիտեմ, բայց ճի՞շդ է, որ մամայիս հատ ամուսնանալու եկեր ես…

-Ես մամադ շատ կը սիրեմ, երբ դեռ դպրոցն էինք… Գիտե՞ս, մենք նոյն դասարանն էինք…

-Բայց, եթէ պիտի ամուսնանաս մամայիս հետ՝ մեր տունը օրէնքներ ունի։ Թիւ մէկ՝ մամաս ինծի քեզմէ աւելի պիտի սիրէ: Թիւ երկու՝ իմ բոլոր ուզածներս պիտի ընէ՝ դուն չես կրնար խառնուիլ: Թիւ երեք՝ գիշերը իմ սենեակս կը պառկի, ոչ թէ քու։ Թիւ չորս՝ մամաս եւ ես մեր գաղտնիքները ունինք, ուզածնիս կ՚ընենք եւ ամենակարեւորը՝ ԵՍ ԵՄ ԱՅՍ ՏՈՒՆԻՆ ՏՂԱՄԱՐԴԸ…

Արդէն չկամ, կը զգամ, որ գոյութիւն չունիմ… Բայց տան դուռը կը բացուի եւ օգնութեան կը հասնի «Ազգային փրկարար» մայրս, տեսնելով շուարած վիճակս անմիջապէս կ՚ըմբռնէ կացութիւնը.

-Բարի եկած ես տղաս։ Ի՞նչ է, դեռ սեղանը չէ՞ք դրած, միասին ճաշենք։

Պատառները ծամեցի, թէ կլլեցի, յուսամ բերանիս տեղ ականջս չեմ տարած, չեմ գիտեր, օդին մէջն էի…

Իւրաքանչիւրը իր կարծիքը յայտնեց, թէ ո՞ւր պէտք է ըլլայ պսակը՝ Երուսաղէ՞մ, թէ Ամերիկա, Երուսաղէմը աւելի յարմար գտնուեցաւ… Դարձեալ ճերմակ կարելի՞ է հագնիլ, թէ ոչ… Ընտանեկա՞ն պսակ , թէ բարեկամներով…

Չեմ յիշեր, որ այդքան երկար բերանս գոց նստած եմ։ Վայրկեանները կը հաշուէի, որպէսզի Յակոբը ոտքի ելլէ եւ երթայ…

Երբ ճամբու կը դնէի.

-Անուշ իրականութիւն մը կայ, չնայած միայն Արամին ըսած էի, որ քեզի համար կու գամ, չգիտցայ, որ ամէն տեղ պիտի տարածէ։ Ինծի կ՚ըսէ միայն վանքին դուռը եւ ակումբը ըսի, որ Յակոբը պիտի գայ Անուշին համար… Ամէն Երուսաղէմը լսեր է, ով դէմս կ՚ելլէ՝ կը շնորհաւորէ։ Մայրս կ՚ըսէ. «Արամէ՞ն պիտի լսէինք»։ Եթէ յարմար է այս իրիկուն ընթրիքի ելլենք առանձին եւ խօսինք։

-Ելլենք Յակոբ… Ինչո՞ւ չէ , ելլենք, ասանկ-անանկ նշաներ են մեզի, բայց օժիտս տեսար չէ՞, եթէ համաձայն ես օժիտիս…

Յակոբը կը ճամբեմ՝ տունին հեռաձայնը կը հնչէ, թանթիկ Մարին է.

-Անուշի՜կ, լսեցի, շուկայէն բաներ մը ապսպրեր էի Սալէհը բերաւ եւ ըսաւ, որ Անուշը պիտի նշանուի (Սալէհը վանքը աշխատող արաբ գործաւոր մըն է), լա՛ւ մտածէ Անուշի՜կ, միշտ կ՚աղօթեմ քեզի համար, ճիշդ քայլ առ հոգիդ սիրեմ, մինակ չմնա՜ս, տղադ վաղը իր կեանքը պիտի ունենայ, ես առանձին մնացի՝ դուն չմնաս… Շատ կ՚ուզեմ ուրախ ըլլաս… Յետոյ հանդիպէ, կը սպասեմ։

-Անպայման թանթիկ Մարի, անպայման կը հանդիպիմ։

Մէկ տան մէջ երկու տղամարդ չի կրնար ըլլալ… Յաղթականը՝ տղաս էր։

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

22 փետրուար, 2025, Երուսաղէմ

Երեքշաբթի, Փետրուար 25, 2025