ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ

Ծառայել՝ մեծութեան նշան է. մեծ չէ՛ այն՝ որ ծառայութիւն կ՚ընդունի, այլ մե՛ծ է այն՝ որ կը ծառայէ մաքուր շարժառիթով եւ անշահախնդիր ոգիով։ Արդարեւ, Շէլըր կ՚ըսէ, թէ՝ ամէն մարդ իր արժանիքը իր իսկ ձեռքովը կը դրոշմէ իր նկարագրին վրայ։ Իսկ Կէօթէ կ՚ըսէ, թէ՝ արժանիքը մարդուն հետ կը ծնի. երջանիկ է այն մարդը, որ անով ալ կը մեռնի։ Եւ ասիկա ի զօրու է նաեւ հոգեւոր ծառայութեան պարագային։

Եւ ահաւասիկ չորս յատկութիւններ՝ որոնք կը վսեմացնեն հոգեւոր ծառայութիւնը՝ քահանայութիւնը.

«Ընչատեացք էին իբրեւ զանկարօտս.
«Սրբասէր էին իբրեւ զանմարմինս.
«Անաչառք էին իբրեւ զարդարադատս.
«Աներկիւղ էին իբրեւ զանմահս»։

Եւ այսպէս կը նկարագրէ Եղիշէ Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաները։

Արդարեւ, այս կը վերաբերի ամէն հոգեւոր ծառայողի, ամէն քահանայի՝ ամէն ժամանակաշրջանի եւ ամէնուրեք։

«Ղեւոնդեանց» անուան տակ կը ճանչցուին՝ Յովսէփ Կաթողիկոս, Սահակ եւ Թաթիկ եպիսկոպոսներ, Ղեւոնդ, Մուշէ, Արշէն, Սամուէլ, Աբրահամ, Խորէն քահանաներ, Քաջաջ եւ Աբրահամ սարկաւագներ՝ այն հոգեւորականները՝ որոնք պարսից Յազկերտ Բ. թագաւորը Ատրորմիզդ Մարզպանի դրդումով, Վարդանանց պատերազմէն ետքը, Հայաստանի մէջ ապստամբական նոր խլրտումներ անկարելի դարձնելու համար, կարգ մը կասկածելի նախարարներու հետ՝ նախ Վրկան աշխարհի մէջ արգելական պահել տուաւ եւ յետոյ՝ 454 թուականին, երբ Քուշանաց դէմ պատերազմի գնաց, ամէնքը միասին տանելով բանտարկել տուաւ Ապար աշխարհի Նիւշապուհ բերդին մէջ։

Յազկերտ, երբ այս պատերազմէն պարտուած դարձաւ, գրգռուած մոգերու այն յայտարարութենէն, թէ զինուորական այս ձախողութիւնը հետեւանքն էր քրիստոնեայ հոգեւորականներուն անպատիժ մնալուն, հրամայեց, որ անոնք մի առ մի սպաննուին չարաչար մահով։ Առաջին անգամ նահատակուեցաւ Սամուէլ քահանայ եւ Աբրահամ սարկաւագ, երկուքն ալ Արարատի Արած գիւղէն, որոնք Արտաշատի մէջ սրբազան կրակը սպաննած ըլլալու ծանր ամբաստանութեամբ դատապարտուած էին եւ բանակին մէջ էին բանտարկուած։

Միեւնոյն ամբաստանութեան տակ ինկած ըլլալով նաեւ Թաթիկ, որ Բասենի եպիսկոպոսն էր եւ Արտաշատի ժողովին մասնակցողներէն, միաժամանակ տրուեցաւ նաեւ իր մահավճիռը, որ եւ գործադրուեցաւ Խուժաստանի մէջ, ուր բանտարկուած էր անիկա վաղուց։

Իսկ Նիւշապուհի մէջ բանտարկուած վեցը, բանտէն հանուելով, Դենշապուհ Ամբարապետի կարգադրութեամբ, որ կանխաւ ալ Հայաստան ղրկուած էր կրօնափոխութեան հրամանը գործադրելու համար, կը տարուին քաղաքէն բաւական հեռու Ռիվան կոչուած գիւղին մօտ անապատ եւ քարքարուտ տեղ մը եւ չարաչար տանջանքներէ վերջ կը նահատակուին հոն։ Ասոնք են. Յովսէփ Կաթողիկոս, Հողոցմանց գաւառի Վայոց ձոր գիւղէն, Սահակ-Մեսրոպեան առաջին դասու աշակերտներէն, որ ի սկզբան հաւանաբար լոկ երէց էր եւ թէեւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի մահէն վերջ անցաւ պաշտօնի, բայց Սուրբ Սահակ Պարթեւի եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի նման՝ ժամանակ մը՝ կաթողիկոսական պաշտօնի հոգեւորական մասը միայն կատարեց եւ Սուրմակի բոլորովին ձեռնթափ ըլլալէն ետքը միայն ստանձնեց կաթողիկոսական պաշտօնը ամբողջովին։

Սահակ Եպիսկոպոս Իշտունեաց, որ խումբին մէջ ամենէն քաջ պարսկագէտը ըլլալով, վերջին հարցաքննութիւններու միջոցին քանիցս ինքը կատարած էր թարգմանի դեր։

Ղեւոնդ երէց, Վանանդի Իջաւանք գիւղէն. խումբին ամենէն տարեցը եւ վատառողջը, որ սակայն հոգւոյ արիութեամբ ամենէն խիզախը եղած էր եւ թէ՛ իր ընկերներուն եւ թէ բանակին վրայ մեծ ազդեցութիւն թողած իր խօսքովը եւ օրինակովը։

Մուշէ քահանայ, Աղբակեցի, դրան երէց Ներշապուհ Արծրունիի եւ ըստ այնմ տաներէց Արծրունեաց նախարարութեան, որ Մամիկոնեաններէն վերջ ամենէն կարեւոր դերը կատարած էին Վարդանանց ապստամբութեան մէջ։

Արշէն երէց, Բագրեւանդի Եղեգիկ գիւղէն, անուս եւ անգրագէտ հոգեւորական մը, որ շինական մարդոց մէջ էր ապրած, բայց իր հզօր հաւատքին վրայ ամէնքէն առ հասարակ կը յարգուէր։

Քաջաջ սարկաւագ, Ռշտունի էր գաւառով եւ փոքրաւորն էր Սահակ եպիսկոպոսի, բայց իր այդ խոնարհ դիրքին վրայ ալ կ՚երեւի, թէ ուշագրաւ եղած էր իր ընթացքովը եւ միւսներուն հետ հաւասար դատապարտութեան արժանի նկատուած։

Վեցն ալ նահատակուեցան չարաչար տանջանքներով։ Նախ, ամէնքն ալ հրաւիրուեցան ուրացութեան, մերթ ողոքիչ յորդորներով եւ մերթ սպառնալից կշտամբանքներով, երբ անդրդուելի տեսան, սկսան չարչարանքի ամենէն խուժդուժ՝ վայրագ եղանակները կիրարկել իրենց վրայ. առ հասարակ ամէնքը քաշկռտեցին ապառաժներու վրայ, ոմանք կապկպուելով պրկուած մնացին երկար ժամեր. Սահակի նախ ձախ ուսը կտրեցին եւ յետոյ ամէնքը գլխատուելէն ետքը զինքն ալ նոյն կերպով մեռցուցին։ Քաղաքէն արտաքոյ եւ հեռաւոր վայր մը առանձնացնելով սպաննելնուն պատճառն էր անոնց մարմիններուն տեղը անծանօթ թողուլը. բայց այդ հնարամտութիւնը ապարդիւն կը մնայ, վասնզի, պարսիկ վաճառական մը, որ Խուժաստան գաւառէն էր եւ այդ պատճառաւ պարզապէս «Խուժիկ» կը կոչուի պատմիչներէն եւ որ քրիստոնեայ ծնողաց զաւակ էր եւ Հայաստան շատ երթուդարձած ըլլալով քաջավարժ էր հայերէնի եւ ծանօթ իսկ՝ դատապարտուած հոգեւորականներու հետ, անոնց Ռեվան տարուած ատեն իբրեւ թունդ կրակապաշտ ներկայանալով Դենչապուհի, ինքն ալ նոյն ուղղութեամբ ճամբայ ելաւ գրաստներով, իբր թէ առեւտրական նպատակաւ, բայց յետոյ անոնց դահիճներէն նոյնիսկ հրաւիրուելով ներկայ գտնուիլ կատարուելիքներուն, մնաց հոն եւ յետոյ, քրիստոնեաներու աջակցութեամբ հաւաքեց սուրբերուն մարմինները, իբր թէ աւելի հեռաւոր տեղ մը տանելով անյայտացնելու համար, միսերը քանցելով՝ քաշել փրցնելով, բզկտելով ոսկորներէն, պատուով ընդհողեց՝ իսկ ոսկորները գաղտնի միջոցներով տարաւ Նիւշապուհ քաղաքը, անոնցմէ մասունքներ տուաւ հոն դիպահոջ՝ բանտ, արգելարան մնացած նախարարներուն, ամէնուն եւ մասնաւորապէս Արշաւիր Կամսարականի պատմելով անոնց նահատակութեան մանրամասնութիւնները։

Այս պատմուածքները, իբրեւ օրական մաղթանք Սաղմոսին գուբղաներուն կը կրկնէին ամէնքը, մանաւանդ Արշաւիր Կամսարական, որ Վարդանի փեսան եւ Արշարունեաց տէրն էր. մինչեւ իր կեանքին վերջը յեղյեղեց զանոնք։

Ղեւոնդեանց հետ կային, իբրեւ իրենց սպասաւորներ, երկու ուրիշ երէցներ եւս, Աբրահամ եւ Խորէն, որոնք թէեւ կը փափաքէին անոնց հետ նահատակուիլ, բայց դահիճները բաւական համարեցին անոնց ականջները միայն կտրել եւ ազատ թողուցին իրենց աշխատութեամբ։ Խորէն մեռաւ քիչ յետոյ, Ասորեստանի տօթակէզ կլիմային չհանդուրժելով, իսկ Աբրահամ, թէեւ ժամանակ մը ետքը արտօնուեցաւ նոյնիսկ դառնալ հայրենիք, բայց անիկա նախադաս համարեց մնալ օտարութեան մէջ, աքսորեալ նախարարներէն ալ չբաժնուելով եւ անոնց ապրուստին իսկ չափով մը օգնելով իր աշխատութեան արդիւնքներէն։

Յետոյ, նոյնիսկ նախարարներուն սերտ ստիպմանը վրայ, դարձաւ հայրենիք, թէ՛ ի ճանապարհին ամէն ազգաց քրիստոնեաներէն եւ թէ բուն իսկ հայրենեաց մէջ ամենամեծ ոգեւորութեամբ ընդունուելով ամէնքէն։ Ապա, ի պատիւ իր կենդանի նահատակի այդ հանգամնքին, եպիսկոպոս կարգուեցաւ Բզնունեաց եւ կը կարծուի, թէ ինքն է թարգմանիչը «Վկայք արեւելից» ասորերէն գրուածքին, որուն հայացումը մեր Ոսկեդարեան գրականութեան ընտիր կտորներէն մին է։

Ղեւոնդեանք Հայ եկեղեցականութեան պարծանք սուրբերն են. իրենց վրայ կ՚անձնաւորուի հայրենիքի եւ հաւատքի նուիրումին գաղափարը։

Վարդանանց ընկեր եւ քաջալերող, ժողովուրդին կեանքին մէջ բարձր պահեցին կրօնքի սրբութիւնը եւ ամենէն ականաւոր գործիչները եղան անոնք Հայ Եկեղեցիով Հայ ազգութիւնը ապրեցնելու եւ պահպանելու սկզբունքին։

Իրենց այդ ուղղութեան մէջ պէտք է տեսնել իրենց դաստիարակութիւնը՝ որ գաղտնիքն է այդ իրականութեան։ Գրեթէ ամէնքն ալ, բացի մէկէն՝ որ սակայն ամէնուն սիրոյն առարկայ մնաց միշտ, աշակերտներն էին Սահակ-Մեսրոպի հաստատած դպրոցին, որ գիտցած էր անոնց մէջ զօրացնել որչափ ուսման եւ զարգացումի՝ նոյնքան սրտի եւ նուիրումի մարդեր։ (Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան. 1874-1939, «Սուրբ եւ տօնք» Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ, Երուսաղէմ, 1939)։

Հայ Եկեղեցւոյ կապը իր ժողովուրդին հետ սրտառուչ իրականութիւն մըն է, որ իր պատմական, ցեղային եւ հոգեկան խորունկ պատճառները ունի եւ մեզ Հայ պահելու կենսական պայմաններէն մին է, գէթ իրերու այս վիճակին մէջ։ Պէտք է յարգել եւ զօրացնել զայն եւ նուիրուիլ մանաւանդ անոր վերակենցաղման եւ պայծառութեան։ Արդարեւ, Հայ Եկեղեցին կրօնական հաստատութիւն մը ըլլալով հանդերձ, իր մէջ միշտ տիրական եղած է «ազգային»ը։ Արդարեւ, կրօնքը նոյնացած է մեր ազգային կեանքին հետ եւ դարձած միեւնո՛յն։ Այս իրողութեան մէջ է Հայ Եկեղեցւոյ թէ՛ ուժը եւ թէ տկարութիւնը։ Հայ Եկեղեցին կը նշանակէ Հայ գիրը, Հայ գրականութիւնը, ճարտարապետութիւնը, երաժշտութիւնը, ծէսը, գումարը մեր հոգեկան եւ մտաւոր իրագործումներուն։

Հայ Եկեղեցին Հայ մարդուն ջերմ միջավա՛յրն է։

Այս առթիւ, շնորհաւոր ըլլայ Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնը բոլոր քահանաներուն եւ ամէն անոնց՝ որոնք Ղեւոնդեանց ոգին կը զգան իրենց սրտերուն խորը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 22, 2025, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Փետրուար 25, 2025