ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԱՍՈՒԼԻՍ
Պատրիարքարանի երդիքին տակ արդէն ընթացքի մէջ է՝ համայնքային շրջանակներուն կողմէ սպասուած մամլոյ ասուլիսը։ Գումգաբուի մէջ օրակարգի վրայ են թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի հրատապ հարցերը, որոնց կապակցութեամբ խորհրդածութիւններով հանդէս կու գայ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչները հրաւիրուած են այս ասուլիսին, որու ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը կը պատասխանէ անոնց հարցումներուն։ Մամլոյ ասուլիսը ուղիղ եթերով կը հեռարձակուի Պատրիարքարանի առցանց հարթակներուն վրայ։
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ են նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պըչաքճեան, լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, ինչպէս նաեւ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Լուսանկարին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կ՛երեւի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ, որ հրաւիրուած է այս մամլոյ ասուլիսին։