ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՅԻՇԱՏԱԿՄԱՆ ՏՕՆԸ՝ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ աւանդական տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առթիւ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց արարողութիւններուն, որոնց մասնակցեցան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու գրեթէ բոլոր անդամները։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։ Օրուան քարոզը խօսեցաւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արարողութեան ընթացքին Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանին եւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեանին աւագութեան պատիւ շնորհեց՝ ձեռնադրութեան 20-ամեակի առթիւ։ Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին վերյիշուեցան հանգուցեալ բոլոր եկեղեցական սպասաւորները։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու անդամները համախմբուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ։