ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՈՒՆԵՆԱԼ ԱՍՏՈՒԱԾԸ…
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ տօնախմբեց Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաներու յիշատակը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցան տօնակատարութիւնները։ Միածնաէջ Մայր Տաճարի երդիքին տակ պատարագիչն էր Տ. Նշան Քհնյ. Պանֆիորով։
Ս. Պատարագէն վերջ տեղի ունեցաւ աւանդական քահանայից հաւաքը։ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկի բացման ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան, որ կը գլխաւորէ այս հաւաքներու կարգադիր յանձնախումբը։ Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ տեղի ունեցաւ պարգեւաբաշխութիւն, որմէ վերջ ան իր պատգամը տուաւ հոգեւորականաց դասուն։ «Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնը առանձնայատուկ ցուցիչ մըն է հայ եկեղեցականի օրինակելի կերպարի ընկալման եւ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս անոր առաքելութեան ու անձնազոհ սպասաւորութեան վերարժեւորման տեսակէտէ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ աւելցուց, որ Ս. Ղեւոնդեանց եւ Ս. Վարդանանց տօները պատեհ առիթներ են խորհելու ազգային ինքնութեան եւ արժէքներու մասին՝ որպէս հայոց ազգի լինելութեան եւ յարատեւութեան երաշխիքներ։
«Երբ ժողովուրդի մը հայրենիքն ու հաւատքը վտանգի ենթարկուած է, ամբողջ ազգը պայքարի դրօշ պէտք է պարզէ, ամբողջ ազգը պէտք է զինուորագրուի՝ առաջնորդ ունենալով Աստուածը», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։