Հաստատումներ (1)

Պատրիարքարանի մամլոյ ասուլիսը առիթ ընձեռեց կարգ մը հաստատումներու։ Անոնցմէ առաջինն է՝ թէեւ ծանօթ ու վաղեմի հարց մը, սակայն, Աթոռի պաշտօնական կարգավիճակէ զուրկ ըլլալու հանգամանքին ազդեցութիւնը ժամանակներու մէջ կը բազմապատկուի։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ բոլոր մարտահրաւէրներուն պատճառն է համայնքի անգլուխ մնացած ըլլալը։ Սկզբունքօրէն, թէեւ բոլորը ընդհանրական իշխանութիւն մը կը վերագրեն Պատրիարքարանին, սակայն, գործնականին մէջ պարագան այնպէս չէ։

 Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքը ասուլիսի ընթացքին հպանցիկ ակնարկ մը սեւեռեց Հանրապետական շրջանի պատմութեան վրայ։ Այդ ժամանակահատուածը երկու գլխաւոր առանցքի շուրջ է՝ մինչեւ 1960 եւ 1960-էն վերջ։ Առաջին ժամանակահատուածին, Հանրապետական շրջանի առաջին պատրիարքին՝ Նարոյեան արքեպիսկոպոսի գահակալութեան եզրափակիչ փուլին Սահմանադրութեան կարգերը ամբողջովին ջնջուած էին։ Աւելի վերջ, տեղապահ Արսլանեան արքեպիսկոպոսը մեծ պայքար մը յանձն առնելով ապահովեց, որ յաջորդ պատրիարքին՝ Խաչատուրեան արքեպիսկոպոսի ընտրութիւնը առիթ դառնայ նաեւ Սահմանադրութեան վերահաստատման։ Իսկ Խաչատուրեան պատրիարքի գահակալութեան տարիներուն զուգադիպեցաւ եզակի իրադարձութիւն մը։ Պատրիարքին նախագահութեամբ, այսինքն առանց պատրիարք մը ընտրելու անհրաժեշտութեան կամ ստիպողութեան, Ազգային պատգամաւորական ժողով գումարուեցաւ՝ Ազգային կեդրոնական վարչութեան կազմը թարմացնելու նպատակով։ Այդ ժամանակուայ իշխանութիւններն ու այսօրուանները կը համարուին նոյն քաղաքական աւանդոյթներու եւ դպրոցի հետեւորդները։

Սահմանադրական կարգերու վերջնական խարխլումով, այսինքն կեդրոնական վարչութեան լուծարումով, երկու վիճակ յառաջացաւ։ Նա՛խ, Պատրիարքարանի եւ պատրիարքներու գործունէութիւնը վերահսկողութենէ դուրս եկաւ։ Յետո՛յ, համայնքի բոլոր վարչական միաւորները դարձան ինքնագլուխ, հեռու ներքին հակակշիռէ։ Եթէ կացութիւնը այսպէս չըլլար, այսօր վստահաբար համայնքի օրակարգին վրայ շատ աւելի տարբեր կը քննարկուէին İtimat Bürosu-ի, Պէյօղլուի, Օրթագիւղի եւ նման կէտերու իրադարձութիւնները։ Աւելի՛ն, Աթոռը կարծես ինքնագլուխ վարչական միաւորներու կողմէ մեղսակից կը դարձուի հանրութեան խղճին առջեւ արդարանալու համար, երբ կալուածական գայթակղութիւններու փուլերուն կ՚ըսուի, որ Պատրիարքարանը տեղեակ էր։

2019 թուականին, Թուրքիոյ արդարադատութեան գերագոյն կառոյցը՝ Սահմանադրական ատեանը արձակած է վճիռ մը, որու հիմնաւորման մէջ յղում կատարուած է 1863 թուականի Ազգային սահմանադրութեան։ Վերջին տասնամեակներու փորձառութիւնը որքան որ ալ թերահաւատութիւն ներշնչէ՝ յամառօրէն պէտք է աշխատիլ այս ուղղութեամբ։ Պատրիարքարանի այս խոցելի կէտը պէտք չէ յիշել միայն միջանկեալ շրջաններուն՝ այսինքն պատրիարքական ընտրութիւններէն առաջ, երբ միշտ կ՚ըսուի, թէ նոր գահակալը պէտք է զբաղի այս հարցով։

Նախօրէի մամլոյ ասուլիսին Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքը պատրաստակամութիւն յայտնեց, թէ ինք կրնայ ըլլալ՝ այդ սպասուած «նոր գահակալը»։

Եթէ յաջողութիւն արձանագրուի, ապա նշանակութիւնը կ՚ըլլայ պատմական, այլապէս, բոլորը սովոր է՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը կը պայմանաւորուի հոսանքի դէմ թիավարութեամբ, յոյսով ու մաշեցուցիչ համբերութեամբ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2025