ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ. ԲԱՐԻ ԳՈՐԾԻ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՈՒՐՔԻ ՕՐ

Հինգերորդ դարէն ի վեր հայոց մէջ կը նշուի Վարդանանցը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու օրացոյցին մէջ այժմ ամրագրուած է որպէս «Սուրբ Վարդանանց տօն՝ բարի գործի եւ ազգային տուրքի օր» անուանումով։ Բարի գործերու պակաս կարծես չկայ Հայաստանի մէջ, բայց «ազգային տուրք»ի գաղափարը խորթ է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, չկան սահմանումներ, աւանդութիւններ, օրինակներ եւ նախադէպեր, որոնք ցոյց կու տան ազգային տուրքը, բացի անկէ, երբ ազգանպաստ գործի մը համար համազգային կամ համապետական դրամահաւաք կը կազմակերպուի։ Սակայն, ազգային տուրքի իմաստը այդ չէ եւ սփիւռքի մէջ բոլորովին այլ նշանակութեամբ կը հասկցուի զայն։ Սփիւռքի մէջ շատ լաւ ծանօթ է Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը, որու «Յօդուած 90»ին մէջ կ՚ըսուի․

«Ամէն ազգային անհատ որ չափահաս է եւ վաստակ ունի եւ շահու տէր, պարտական է մասնակից ըլլալ ազգային ծախուց։ Այս տուրքը տարեկան է եւ բաշխման հիմը բռնուի իւրաքանչիւր անհատի կարողութիւնը»։

1860 թուականին Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի կողմէ ընդունուած Ազգային Սահմանադրութիւնը պատահական նախաձեռնութիւն մը չէր եւ հակառակ, որ դադրած է գործելէ, այնուամենայնիւ, զգալի հետք ձգած է սփիւռքահայ իրականութեան մէջ։ Ազգային Սահմանադրութեան գործադրման ամենաբեղուն շրջանը եղած է 1870-90-ական թուականները, մասնաւորապէս՝ Մկրտիչ Խրիմեանի պատրիարքութեան տարիները (1869-1873թթ.)։

Հայոց Ազգային Սահմանադրութեան հիմնական սկզբունքները այսօր դրուած են ժամանակակից սփիւռքի բազմաթիւ համայնքներու (ԱՄՆ, Պուլկարիա, Եգիպտոս, Լիբանան, Յունաստան, Ռումանիա, Սուրիա եւ այլն) կանոնադրութիւններու հիմքին մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ 1992 թուականին ընդունած կանոնադրութեան մէջ ուղղակիօրէն նշուած է, որ վերջինիս հիմքը Ազգային Սահմանադրութիւնն է՝ «իր ոգով եւ էական սկզբունքներով»։

Սփիւռքի մէջ կարեւորելով ազգային տուրքը՝ համայնքի կրօնական եւ աշխարհիկ ղեկավարները կը յիշեցնեն, որ անիկա ամենեւին ալ տնտեսական բեռ մը չէ, որ կը դրուի հայու ուսին, այլ կը կարեւորուի ազգային, հաւաքական կեանքին մէջ մասնակցութիւն ունենալը։ Աւանդաբար սահմանուած է, որ իւրաքանչիւր հայ անհատ որոշակի պարտականութիւններ ունի ազգին հանդէպ, ինչպէս եւ ազգը` ամէն մէկ անհատի։ Հայոց մէջ հասկցուած է, որ ազգն ու անհատը կապուած են «փոխադարձ պարտեօք»։ Առաջնորդարանները այսօր սահմանած են դիւրին պայմաններ, որպէսզի ազգային տուրքը մատչելի դառնայ զայն վճարողներուն համար։ 

Հայաստանի մէջ զանազան ժամանակներու խօսակցութիւններ եւ քննարկումներ եղած են, որ այստեղ նոյնպէս սահմանուի ազգային տուրք եւ հայաստանցի չափահաս տղամարդիկ նոյնպէս վճարեն զայն։ Սակայն այդ քննարկումները ընթացք չեն առած եւ ազգային տուրքի գաղափարը չէ ամրագրուած հայոց պետութեան մէջ։ Հակառակ ասոր՝ յատկանշական է, որ Հայաստանը ունի բարի գործերու եւ ազգային տուրքի օր, իբրեւ պետական տօնացոյցին մէջ նշուած տօն, որ կը նշուի Զատիկէն ութ շաբաթ առաջ՝ հինգշաբթի օր։ Առհասարակ, Վարդանանցը, ժողովրդական իմաստով, հայոց համար միշտ եղած է բարի գործի եւ նուիրատուութեան օր, նուիրատուութիւններ կատարած են եկեղեցւոյ, աղքատախնամ կազմակերպութիւններուն, որբերուն եւ մանաւանդ՝ պատերազմի վիրաւորներուն:

Այսօր ալ, Հայաստանի մէջ օրուայ խորհուրդին առթիւ դպրոցներու, կրթական հաստատութիւններու, բազմաթիւ կազմակերպութիւններու մէջ ձեռնարկներ տեղի կ՚ունենան, կ՚ոգեկոչեն հայոց հին ու նոր բարերարները, կը կարեւորուի բարի գործերուն դերը հայութեան կեանքին մէջ, հասարակութեան անդամները կը ներշնչուին բարութիւն ընելու, տարածելու, բարի յիշատակներով առաջնորդուելու գաղափարներով։ Բարութիւն կը ներշնչուի նաեւ առ կենդանիները, անտուն շուներն ու կատուները, ցուրտէն սառող թռչունները։ Մայր բնութիւնը, մեզ շրջապատող աշխարհը բարութեան, խնամքի, հոգատարութեան շնորհիւ միայն կրնայ յարատեւել։ 

Նոյն օրը Հայ Եկեղեցին առանձնակի հանդիսաւորութեամբ եւ հինէն եկած կարեւոր խորհուրդով կը տօնէ Սրբոց Վարդանանց զօրավարներու եւ 1036 վկաներու յիշատակութեան օրը։ Հայ Եկեղեցւոյ հայրերը անգամ մը եւս կը տարածեն հայրենասիրութեան, հոգիի արիութեան եւ մեր հաւատքին նուիրուածութեան առաքինութիւնները, որոնք կը մարմնաւորէին Մեծն Վարդան զօրավարն ու անոր զինակիցները։ Այսօր ալ տակաւին աւարտած չէ Աւարայրի ճակատամարտը՝ այն իմաստով, որ նոյն վտանգները տակաւին առկայ են, նաեւ նոյն տագնապները կրկին կ՚ապրի հայը։ Այսօր նաեւ Վարդանանց ուխտը նորոգելու օրն է։ 

Եկեղեցական կարգով նշումէն եւ կրօնական դրսեւորումէն զատ, Վարդանանց տօնը ունեցած է նաեւ իր ժողովրդական արտայայտութիւնները, որոնցմէ շատ քիչեր, ցաւօք, պահպանուած են այսօր: Ժամանակին, մեր նախնիները, Վարդանանցը տօնելու ընթացքին նաեւ «Բերդախաղ» եւ «Թլխաղիր» անունով արարողութիւններ կը կատարէին: «Բերդախաղ»ը մանուկներուն խաղն էր. անոնք ձիւնէ երկու բարձր բերդեր կը շինէին, խորշեր կ՚ընէին եւ զանոնք կը լեցնէին ձիւնագնդիկներով, այնուհետեւ պատերազմ բեմադրելով, իրարու վրայ կը նետէին ձիւնագնդիկները: Յաղթող կողմը բերդին կէսը կը քանդէր կամ պարզապէս կը գրաւէր զայն: Յետոյ երկու կողմերը միասնաբար կը վերականգնէին բերդերը եւ այդպէս կը ձգէին:

Եթէ եղանակը ցրտաշունչ էր, ապա բերդերը կը մնային մինչեւ Մեծ պահք, Ս. Լուսաւորիչի, նոյնիսկ՝ Ծաղկազարդի տօներ: Այս գնդիկախաղը նաեւ զուարճանքի կը վերածուէր. պզտիկները խաղին մէջ կը ներքաշէին մեծերը:

Մարաշի մէջ Վարդանանցի օրուան յաջորդող Բարեկենդանին առթիւ, մինչեւ 1860-ական թուականները, տարածուած է «Թլխաղիր» կոչուող խաղը: Կիները բահ կը վերցնէին եւ անոր կու տային «Թլխաղիր» անունը, ապա, իբրեւ հարս, բահին շրջազգեստ կը հագցնէին, գլուխը հարսնաքօղով կը ծածկէին, կը զարդարէին եւ տունէ տուն կը տանէին, մասնայատուկ խաղեր եւ կատակերգութիւններ կը բեմադրէին: Աւարտին բահը կը տնկէին բակին մէջ եւ մինչեւ գիշեր կը պարէին անոր շուրջը:

Այս մէկը ազգագրութեան մէջ բնութագրուած է նաեւ իբրեւ հողագործական աշխատանքներու վերսկսման առընչուող արարողութիւն, երբ մարդիկ տուրք տուած են իրենց օգնականին՝ բահին: Արարողութիւնները սովորաբար Բարեկենդանին կը համընկնէին եւ մարդիկ քանի մը օր զուարճանքներու ազդեցութեան տակ էին:

Թլփաղիրն ալ մնացած է իբրեւ Բարեկենդանի աւանդական տիկնիկ: Իսկ ահաւասիկ, Մուսալեռի մէջ Վարդանանց տօնը կոչած են «Հարբեցողներու օր»: 

Աւանդական հայաշխարհի մէջ իրաւամբ շատ կարեւորութիւն տուած են տօնին: Անուանակոչութեան տօներուն մէջ Վարդանանցը նկատուած է նաեւ գլխաւոր անուանակոչութեան տօն եւ յաճախ գիւղերուն մէջ տօնը նշած են Վարդան անունով գիւղացիներուն տան մէջ, մատաղ ըրած են, իսկ կերուխումէն ետք կամ առաջ բեմադրած են Աւարայրի ճակատամարտին նուիրուած ներկայացում: Այդ մէկը աւելի շատ խաղ-բեմականացում էր, որուն մասնակցած է ողջ համայնքը, նոյնիսկ տանտէրն ու երէցը։

ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ 

Հայաստանի Հանրապետութեան տօնացոյցին մէջ ամրագրուած բարի գործերու եւ ազգային տուրքի օրուայ խորհուրդը՝ բարի գործեր կատարելը, ներկայ է ամէն վայրկեան եւ համազգային ցաւերը, ծանր իրադարձութիւնները, պատերազմը, տեղահանութիւնները մարդիկը ա՛լ աւելի կը դրդեն բարի գործերու։ Այսօր շատ մարդիկ ունին ատոր կարիքը։ Հայոց պատմութիւնը ընդհանապէս լեցուն է բարեսիրութեան օրինակներով, թէեւ միշտ քիչ թուացած է անոր գործադրութիւնը, քանի որ միշտ աւելիի կարիք եղած է։ 

Հինէն ի վեր բարութիւն քարոզուած է նաեւ արուեստի միջոցով։ Հայ մշակոյթը, գրականութիւնը նոյնպէս դիտուած է իբրեւ այդ քարոզի միջոցներէն մէկը։ Բարութիւնը շատ կ՚երեւի հայ գրողներու ստեղծագործութիւններու մէջ։ Համաստեղի գրականութեան մէջ նկատելի բարութեան եւ պարզութեան մասին գրած է Մուշեղ Իշխան՝ 1966 թուականին։

ՊԱՐԶՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՐՈՒԹԻՒՆ

Նախակրթարանի աշակերտ էինք: Հայերէնի մեր ուսուցիչը օր մը շարադրութեան համար մեզի տուաւ հետեւեալ նիւթը. «Գի՞ւղը թէ քաղաքը»: Առանց վայրկեան մը վարանելու ես ընտրեցի գիւղը եւ գրեցի շարադրութիւն մը, որ մասնաւոր գնահատանքի արժանացաւ: 

Մինչեւ այսօր տակաւին կը յիշեմ այն գոյները, գիծերը եւ զգացումի ջերմութիւնը, որոնց շնորհիւ յաջողեցայ նահապետական հայ գիւղի մը պատկերը նկարել եւ հոն ապրելու անփոխարինելի քաղցրութիւնը պատմել: Ուսուցիչս վկայեց, թէ կենդանի էր գիւղի իմ պատկերացումս եւ իրական ապրումէ կը բխէին իմ զգացումներս:

Ես գիւղ չէի ճանչցած սակայն: Գիւղի եւ գիւղացիի կեանքին ծանօթ չէի անձնական փորձով: Ուրկէ՞ կու գար ինծի գիւղին այս խորունկ սէրը: Ի՞նչ հրաշքով հոգիս լեցուած էր նախիրներու բառաչով եւ երդիքներէն բարձրացող թոնիրի ծուխերուն խնկանման կախարդանքով: 

Գիւղի ամբողջական ապրումս կը պարտէի Համաստեղին: 

Համաստեղի քանի մը պատմուածքները բաւական եղած էին, որ ես անդառնալիօրէն սիրահարիմ հայ գիւղերու աղքատիկ, պարզունակ եւ չարքաշ կեանքին, ինչպէս եւ հայ մշակներու բարի, միամիտ եւ տառապած հոգիներուն:

Շարադրութիւնս բանագողութիւն մըն էր անկասկած: Համաստեղի ներշնչած տեսանելի եւ ոգեղէն աշխարհներու հարստութենէն մասնիկ մը թռցուցած էի պատանեկան իմ խանդավառութեանս մէջ եւ զայն հրամցուցած նախակրթարանի իմ ուսուցիչիս: 

Այնուհետեւ Համաստեղի գիւղն ու տիպարները շարունակեցին իմ մէջ ապրիլ միշտ նոյնքան տիրական գոյներով, նոյնքան պայծառ ու կենդանի: Բազմաթիւ առիթներ ներկայացան իր «Գիւղն» ու «Անձրեւը» կրկին ու կրկին կարդալու, դասարանային վերլուծումներու ենթարկելու եւ ամէն անգամ ալ զգացած հաճոյքս աճեցաւ եւ խանդավառութիւնս նորոգուեցաւ: 

Այս չէ՞ միթէ արուեստի ճշմարիտ գործերուն անվիճելի արժէքը: Դիմանալ ժամանակի աւերներուն, շրջանի մը եւ միջավայրի մը բաբախուն սիրտը դառնալ եւ սրտի մը զարկերուն ջերմութիւնը փոխանցել բոլոր սերունդներուն։

Ոմանք կը սիրեն «գաւառի գրականութեան» ներկայացուցիչ կամ «գիւղագիր» կոչել Համաստեղը, հաւատարիմ մնալով գրական հին տարազի մը. ուրիշներ սահմանափակ եւ անճիշդ կը գտնեն այս բնորոշումը: Կարեւորը անուններն ու տարազները չեն անշուշտ, այլ մեր մշակոյթին ժառանգ ձգուած գործը: 

Համաստեղ մեծարժէք գործի մը հեղինակն է, մեծ արուեստագէտ մը, զտարիւն գրագէտ մը: 

Կէս դարէ ի վեր կանգուն է ահա մեր գրականութեան պատնէշին վրայ, վէճերէ հեռու, աղմուկներէ խոյս տալով, ինքն իր մէջ խորասոյզ եւ ունկնդիր լոկ իր ներքին ձայնին, վերստեղծելու համար կեանքն ու աշխարհը արուեստի դիւթական գոյներով, երբեմն իբրեւ պատմուածք, երբեմն իբրեւ լայնաշունչ վէպ եւ երբեմն ալ արձակ կամ չափածոյ բանաստեղծութիւն:

Կարելի է վիճիլ Համաստեղի փորձած գրական բազմաթիւ սեռերու համեմատական յաջողութեան շուրջ, բայց կարելի չէ չխոստովանիլ, թէ ամէնուն մէջ ալ ներկայ է ինք, այսինքն ներկայ է ցորենի արտերուն վրայ փռուած արեւուն բարութեամբ եւ պայծառութեամբ լի հոգի մը, որ մարդուն, կենդանիին, բնութեան եւ իրերուն հանդէպ հաւասարապէս զգայուն է եւ գիտէ թրթռալ համապարփակ յուզումովը անոնց բոլոր վիշտերուն եւ ուրախութեանց: 

Բանաստեղծի այս խոր զգայնութիւնը, հոգիի այս բնական բարութիւնը եւ կեանքին ու մարդոց հանդէպ յորդող այս անսպառ սէրն է, որ կը գունաւորեն եւ կը կենդանացնեն Համաստեղի գծած պատկերները, ըլլան անոնք գիւղէն առնուած թէ քաղաքէն։

Համաստեղի գրականութիւնը միայն ժպիտ ու լոյս չէ:

Տառապանք, վիշտ, արցունք շատ կան իր պատմուածքներուն մէջ, որովհետեւ կեանքը ինքը շաղուած է այդ դառնութիւններով, բայց մենք հոն չենք գտներ կեանքը սեւ անէծքի վերածող թոյն ու ժահը, ամօթ ու գարշանք, մեղք ու ոճիր: Համաստեղի ստեղծած տիպարներուն ցաւն անգամ համակրելի է, համակող ու սրտառուչ, առանց երբեք ընդվզեցուցիչ եւ ըմբոստացնող դառնալու։ Երբ կը կարդանք իր գործերը, կը կապուինք անոնց մէջ գործող անձերուն, բարեկամ ու մտերիմ կը դառնանք անոնց հետ, կ՚ուզենք բաժնեկից ըլլալ ոչ միայն անոնց յոյսերուն ու երազներուն, այլեւ անոնց տառապանքին եւ դժբախտութեան: 

Համաստեղի արուեստին գլխաւոր յատկանիշներէն մէկն է այս հաղորդականութիւնը: 

Ճշմարիտ արուեստը կը յաջողի մեզ փոխադրել իր սեւեռած աշխարհին մէջ, հոգեպէս քաղաքացի դարձնել անոր դրօշին եւ սիրոյ ու կարօտի հազար թելերով մեզ կապել հոն նկարագրուած վայրերուն, անձերուն ու անցքերուն հետ: Արդ, ով որ կարդացած է Համաստեղը, հեռաւոր Ամերիկայի թէ Մերձաւոր Արեւելքի երկինքներուն տակ, կարօտով պիտի փնտռէ հայրենի գիւղին արտերն ու այգիները, կալն ու կուտը, վարն ու ցանքը եւ գունագեղ շինականները: Շնորհիւ Համաստեղի գրչին՝ արեւմտահայ գիւղերու կեանքը տարտամ յիշողութիւն մը չէ այլեւս կամ անցեալի էջերը զարդարող ծանօթագրութիւն, այլ կենդանի ապրում եւ անթառամ տեսիլք: 

Իր Տափան Մարգարները, Փիլիկ աղբարներն ու Կար Ամուները իրենց ներքին ապրումներով ու տառապանքով մարդ են նախ, մարդկայինը կը մարմնաւորեն եւ ընդհանրական արժէք ունին, սակայն անոնք իրենց զգալու, գործելու եւ արտայայտուելու կերպով հայ շինականի տիպարները կը ներկայացնեն: Առանց քարոզչութեան տրուած այս հայկականութիւնը, որ տոհմային դրոշմ մը ունի միշտ եւ հարազատի մտերմութիւն, Համաստեղի տիպարները կ՚օժտէ ինքնուրոյն դիմագիծով: Մենք կը սիրենք զանոնք, որովհետեւ անմիջապէս կը զգանք, թէ մեր արիւնէն են, մեր լեզուն կը խօսին, մեր սրտէն կը խօսին:

Դասական բոլոր մեծ գրողներուն նման Համաստեղ պարզութիւնը հասցուցած է այնպիսի հիւթեղ եւ կենսալից լիութեան մը, որ ընթերցողը բնութեան եւ բնականութեան առջեւ կը գտնէ ինքզինք տեւաբար: Գրական ոչ մէկ շողշողուն զարդարանք, ոճային ոչ մէկ անսովոր դարձուածք: Գեղջկական աղբիւրներու պէս յստակ լեզու մը, որ գիտէ բառերը գործածել տնտեսութեամբ, խտացնելով, պատկերաւորելով: Այն հեղինակներէն է, որոնց համար բառերը միջոց են եւ ոչ թէ նպատակ, խորութիւնը պարզութեան մէջ է եւ ոչ թէ մթասքօղ արտայայտութեանց մշուշին ներքեւ: Համաստեղ ժամանակ չունի «գրականութիւն ընելու», որովհետեւ կեանքի նկարիչն է, լեցուած մշտավառ անցեալի հոծ ապրումներով եւ տառապահար ներկայի մակընթաց յոյզերով: 

Իր շունչով կենդանացած մարդիկն ու միջավայրը այնքան իրական են, տեսանելի, գրեթէ շօշափելի, որ բառերու ներկայութիւնը չենք զգար իսկ, ինչպէս կնոջ մը գրաւիչ աչքերուն առջեւ կը մոռնանք զարդն ու հանդերձանքը:

Արուեստի մարզին մէջ գուցէ ամենէն դժուար բանն է նուաճել կեանքը այս բնականութեամբ եւ հասնիլ ձեւի կատարելութեան՝ այս պարզութեամբ: 

Ճիշդ է, որ Համաստեղ մեր գրականութեան մէջ յեղաշրջող նորութիւններ չբերաւ, արուեստի յեղափոխութիւն մը չառաջացուց, նոր հորիզոններ չբացաւ, բայց ան մեր գրականութեան բերաւ տոկուն եւ ինքնայատուկ խառնուածք մը: Պատմութեան էջերէն վայրագ բռնահարուածով խլուած ու փոշիի վերածուած մեր բնաշխարհը վերապրեցուց, կարելի է ըսել՝ վերաշինեց քար առ քար, գերան առ գերան, ոսկեղէն մուրճի մը ստեղծագործ հարուածներով: 

Որքան ալ կարօտաբաղձութեան խորունկ թախիծով դողդղան իր «Գիւղ»ին ծառերն ու հասկերը, որքան ալ արցունքի վիշտով տեղան իր «Անձրեւին» ջերմ կաթիլները, Համաստեղ կը մնայ միշտ այն լաւատես հեղինակը, որ կը հաւատայ կեանքին, կը հաւատայ անցեալի յարութեան, կը հաւատայ ազնիւ ու գեղեցիկ արժէքներու յաղթանակին եւ արարչական լայն ժպիտով գիտէ ընդգրկել բովանդակ կեանքն ու մարդիկը: 

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2025