ԱԿՆԱՐԿ - 106 - ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ

Մեր գրութիւններուն մէջ յաճախ անդրադարձած ենք Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւններուն մասին, որոնք հսկայ անդունդ գոյացուցած են այս երկու իրականութիւններուն միջեւ, գրեթէ բոլոր ոլորտներուն եւ բոլոր մակարդակներուն վրայ, հաստատութենական, մշակութային, թէ արժեհամակարգային գետիններու վրայ:

Այդ տարբերութիւններէն մէկն է ընտանիքի հասկացողութիւնը: 

Հայաստանի եւ սփիւռքի ընկալումն ու հասկացողութիւնը ընտանիքի մէջ նոյնը չեն եւ բաւական հսկայ տարբերութիւններ կան: Թերեւս ոմանց համար հիմա տարօրինակ կամ ծայրայեղութիւն թուին արձանագրածներս, բայց ատոնք արդիւնքն են անցնող աւելի քան տասն տարիներու ընթացքին ականատես դարձած երեւոյթներուն: Միաժամանակ, այնպէս չէ որ արձանագրածներս ընդհանուրին կը վերաբերին, այլ՝ ճնշող մեծամասնութեան: Այս ալ նշեմ, որ թուարկածս երեւոյթները չեն սահմանափակուիր միայն սփիւռքով կամ Հայաստանով, այլ շատ յաճախ նոյն երեւոյթները գոյութիւն ունին երկու իրականութիւններուն մէջ, սակայն տոկոսային տարբեր յարաբերակցութեամբ:

Օրինակ, Հայաստանի մէջ ընտանիքի հասկացողութիւնը շատ յաճախ կազմուած չոր ու ցամաք, աւանդութեամբ փոխանցուած ըմբռնումներով, ուր ո՛չ կեանք կայ եւ ո՛չ ալ ջերմութիւն: Տօնական օրերու սովորութիւն դարձած հաւաքներ, ծննդեան առիթներու առ ի պարտականութիւն կատարուած այցելութիւններ, 8 մարտէն 8 մարտ յիշել, որ կիներու տօն կայ եւ պէտք է կիներու մասին մտածել, 1 յունիսէն 1 յունիս յիշել մանուկներու մասին, եւ նման բամզաթիւ երեւոյթներ կարելի է յիշատակել:

Նոյն այս երեւոյթները գոյութիւն ունին նաեւ սփիւռքի մէջ, սակայն նուրբ տարբերութեամբ մը: Մինչ Հայաստանի մէջ այդ բոլորը արդէն սովորութենական ուժ ստացած են եւ կեանք եւ ջերմութիւն չկայ այդ բոլորին մէջ, սփիւռքի մէջ, տակաւին (տակաւին կ՚ըսեմ, որովհետեւ սփիւռքն ալ կամաց-կամաց սկսած է մեքենայականալ այս բոլորին մէջ) այդ բոլորին նկատմամբ տարբեր ըմբռնողութիւն եւ մօտեցում կայ: Աւելին, սփիւռքի մէջ մարդիկ չեն սպասեր վերոյիշեալ առիթներուն յիշելու համար իրենց ընտանիքի անդամները, այլ՝ տարուան մէջ որեւէ մէկ օր առիթի վերածելով, ընտանեկան ջերմ մթնոլորտ կը ստեղծեն, ջերմացնելով իրենց պայմաններու եւ պարագաներու բերումով միապաղաղ դարձած առօրեան:

Ուրիշ երեւոյթ մը, որ բաւական մտահոգեցուցիչ է, ամուսիններու պարագան է: Հայաստանի մէջ դժուար չէ նկատել այլեւս, որ ամուսինները թուղթող եւ պսակով ամուսիններ ըլլալու կողքին, ունենալով նաեւ զաւակներ, միւս կողմէ սակայն երկու կողմերն ալ սիրեկաններ կը պահեն, շատ յաճախ իրարմէ տեղեակ ըլլալով, եւ այս բոլորը արդէն «բնական» սկսած է ընկալուիլ: Չեմ խօսիր տակաւին պարզապէս քաղաքացիական ամուսնութեամբ պայմանագրային ամուսնութիւններու մասին, որ մի քանի ամիս կամ առաւելագոյն մէկ երկու տարի կը տեւեն:

Պահ մը պատկերացուցէք նման մթնոլորտի մը մէջ, ինչպէ՜ս կարելի է խօսիլ ընտանիք հասկացողութեան մասին: Պահ մը պատկերացուցէք այդ ընտանիքներէն ներս հասակ առնող զաւակներուն մասին, ի՞նչ պիտի ըլլան ապագային, ի՞նչ ձեւի ընտանիքներ պիտի կազմեն՝ անշուշտ եթէ ուզեն կազմել…: Այնպէս չէ որ սփիւռքի մէջ չկայ այս երեւոյթը, կա՛յ, սակայն շա՜տ քիչ յարաբերակցութեամբ, աւելին, սփիւռքի մէջ ի միջի այլոց չե՛ն նայիր նման դէպքերու, ինչպէս Հայաստանի մէջ կը նային:

Այսպիսով, Հայաստանի մէջ ներկայիս ընտանիքը կորսնցուցած է իր էաբանական իմաստը եւ դերը: Այս վիճակին որպէս արդիւնք բնականաբար ընտանիքի հայրն ու մայրն ալ կորսնցուցած են իրենց դերը եւ անգիտակից են այլեւս իրենց առաքելութեան: Ընկերաբանական, հոգեւոր եւ բարոյական հսկայ աշխատանք պէտք է տարուի, վերարժեւորելու եւ բարձրացնելու համար ընտանիքի հասկացողութիւնը եւ արժէքը, այլապէս շատ մօտիկ ապագային ստիպուած պիտի ըլլանք ընտանիքի փոխարէն ուրիշ անուն մը գտնել այդ սրբազան օճախին:

Աւարտելէ առաջ երկու մէջբերումներ կատարեմ ընտանիքի, հայ ընտանիքի, հայ տան մասին: Մէկը երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն, միւսը երգիչ եւ երաժշտահան Վահան Արծրունիէն, ուր վեր հանուած է ընտանիքի հասկացողութիւնը, սրբութիւնը եւ զայն ամուր պահելու հիմանական դրոյթներու մասին ակնարկութիւն կատարուած է: Ընթերցողին կը ձգեմ խորհրդածել այս մէջբերումներու մասին…: 

Գարեգին Կաթողիկոսը կը գրէ.

* Հայ տունը նուիրական օճախ մըն է: Սոսկ բնակաայր մը չէ, այլ կեանքի, կրթութեան եւ հոգեւոր վայելքի, նիւթական ապահովութեան միջավայրը, ուր առաջին հերթին կը կազմաւորուի հայ մարդը: Հայ տունը հայրենիքն է հայուն. մայրենիքն է իր լեզուին, դարբնոցն է իր հաւատքին, կազմաւորիչ բնակավայրը իր նկարագիրին: «Ընտանեկան սրբութիւն» բացատրութիւնը այնքա՛ն հարազատ է հայու հոգեխառնութեան եւ այնքա՛ն քաղցրահունչ հայու ականջին...: Հայ ընտանիքը մանրանկարն է իրարմէ անբաժան Հայ Եկեղեցիին եւ Հայ ազգին: Ինչպէս Գարեգին Կաթողիկոս Յովսէփեանց այնքան յատկանշական ձեւով դիտել տուած է. «Ընտանեկան յարկը մի փոքրի եկեղեցի է, եւ ծնողները, յատկապէս մայրը՝ այդ եկեղեցու պաշտօնեան» (Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս):

Իսկ Վահան Արծրունին, հարցազրոյցի մը ընթացքին հետեւեալ մտածումները կիսուած է, թէ ինչպէս պէտք է ընտանիք մը ամուր ըլլայ: 

* Ընտանիքին մէջ, եթէ սէրը հարազատութեան զգացողութեան չի՛ վերաճիր, այդ ընտանքիը չի կայանար: Միջմարդկային յարաբերութիւններու աւելի բարձր աստիճան է: Սիրոյ հանգրուանը անշուշտ, բացառիկ հանգրուան է, սակայն պէտք է հարազատութեան զգացողութեան փոխուի: Տարբեր մարդիկ, նոյնիսկ տարբեր դաւանանք ունեցողները կրնան զիրար սիրել, բայց ընտանիք կազմելու համար, եթէ այդ հարազատութիւնը չկայացաւ, աշխարհահայեացքները ինչ-որ շրջանի անպայման կը բախուին եւ ինչ-որ բան կը քանդուի:   

Սէրը պէտք է հիմքը ըլլայ. մէկը միւսով պայմանաւորուած է: Իրենք իրենցմով պայմանաւորուած են, բայց հիմքը՝ սէրն է: Այն ընտանիքները, որոնք այդ հարազատութիւնը կը հասունցնեն, անսասան են, չեն քանդուիր եւ իրենք կը ստեղծեն այն հիմքը, որ ազգին առողջ սերունդ կու տայ: Արեւմտա-եւրոպական ամբողջ քաղաքակարթութիւնը այդ ուղղութեամբ կը շարժուի: Իրենց երջանիկ հասարակութեան թեզի հիմքը ո՛չ միայն անձի ազատութիւնն է, անոր ունակութիւններուն կիրառումի եւ զարգացումի հնարաւորութիւնը, այլ նաեւ՝ ընտանիքին մէջ երջանիկ զգալու հանգամանքը, ինչ բանի ենթարկուած է նաեւ նոյնիսկ սեռական բաղադրիչը: Այդ բաղադրիչն ալ երկրորդական, երրորդական պայմանականութիւն կը դառնայ: Արեւելեան այն կարծրատիպերը, որոնք մեր գիտակցութեան մէջ արմատացած են, կը խանգարեն ե՛ւ լայնախոհութեան, ե՛ւ աշխարհին հետ յարաբերելուն եւ հաղորդակցելուն: Այն հայերը, որոնք երկրէն դուրս կու գան եւ իրենց տեղը կը գտնեն՝ որպէս պահանջուած մասնագէտ եւ իրենց սիրած գործով կը զբաղին, հիմնականին մէջ երջանիկ ընտանիքներէն են: Այդ հասարակութիւններուն մէջ զարգացման գաղափարին հիմքը մարդկային պարզ, տարրական երջանկութիւնն է: Երկիրներ կան, ուր նոյնիսկ սահմանադրութեամբ նկարագրուած է, թէ ի՛նչ է երջանկութիւնը, ի՛նչ չափորոշիչներ ունի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

24 փետրուար 2025, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2025