ՆԱԽԱՆՁԸ՝ ԴՐԱԿԱՆ ՈՒ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԿՈՂՄԵՐՈՎ

Նախանձը մարդկային հոգեբանութեան ամենէն հին զգացումներէն մէկն է եւ անոր գոյութիւնը կրնանք տեսնել մինչեւ իսկ մարդկութեան պատմութեան առաջին էջերուն մէջ՝ Կայէնի կերպարով, որ կը հանդիսանայ մարդկութեան նախանձի խորհրդանիշը: Նախամարդուն մօտ կային որոշ արժէքներ, որոնք կ՚ապահովէին իր գոյութիւնը եւ անոնցմէ մէկը՝ որպէս բնազդ նախանձն էր, որ մարդուն հոգեբանութեան եւ վարքագիծին մէկ մասը կը կազմէ: Նախամարդը չունէր մտային կարողութիւն եւ հետեւաբար աւելի կ՚ապրէր ու կը գործէր բնազդով՝ քան բանականութեամբ, սակայն, հակառակ անոր, որ մարդկային միտքը զարգացաւ՝ նախանձը շարունակեց տիրական ներկայութիւն ունենալ մարդուն կեանքին մէջ: 

Նախանձի մասին կարելի է տարբեր կարծիքներ ու արտայայտութիւններ լսել. մին կրնայ նախանձը ներկայացնել որպէս բացասական երեւոյթ՝ որ վնաս կը պատճառէ ընկերութեան, իսկ ուրիշ մը որպէս դրական՝ որ կը զարգացնէ մարդը եւ զինք նոր բարձունքներու կ՚առաջնորդէ. մենք մեր դիրքորոշումը կը դնենք այս երկուքին միջեւ, որովհետեւ ինչպէս ամէն երեւոյթ, նախանձը եւս կրնայ ունենալ ինչպէս բացասական, այնպէս ալ իր դրական կողմերը: Հոգեբանութիւնը յաճախ նախանձը որպէս դրական երեւոյթ կ՚ընդունի, այն համոզումով, որ կրնայ անհատը դրդել աշխատելու, կարողութիւններ զարգացնելու եւ նոր յաջողութիւններու հասնելու, որովհետեւ նախանձը դիմացի անձին հետ խնդիր ունենալէ աւելի ներքին անձի հետ պայքար ունենալու ընթացք մըն է։ Եթէ կը խօսինք անձի հանդէպ նախանձի մասին, դարձեալ պարագան նոյնն է. եթէ անձի մը որոշ կարողութիւնը քեզ նախանձ կը պատճառէ, ապա այդ նախանձին թիրախը ո՛չ թէ դիմացինն է՝ այլ իր իսկ անձն է, որ կը բորբոքի այդ կարողութենէն զուրկ ըլլալու հանգամանքին համար: Այս բոլորը նկատի ունենալով պիտի խօսինք դրական, ինչպէս նաեւ բացասական նախանձի մասին: 

Ա.- ԴՐԱԿԱՆ ՆԱԽԱՆՁ.- Նախանձի դրական կողմերէն մէկը այն է, որ կ՚օգնէ մարդուն մշակել իր կեանքի նպատակները. յաճախ մարդ արարած ի՛նք եւս չի գիտնար, թէ ի՛նչ կ՚ուզէ իր կեանքին մէջ եւ ուրիշի մը յաջողութիւնը, ուրիշի մը օրինակը դրական ազդեցութիւն գործելով կրնայ անոր կեանքի ընթացքը մշակել. յաճախ նախանձով եւ նմանակելու փափաքով մարդիկ կը ստեղծեն նպատակներ, որոնք կրնան հայելին ըլլալ մարդուն թաքուն երազներուն: Այս միտքին հետ համամիտ են նաեւ շատ մը փիլիսոփաներ. օրինակի համար՝ Արիստոտէլ կը յայտնէ հետեւեալ միտքը. «Նախանձը չի վերաբերիր միայն ուրիշին ունեցուածքին. ան երբեմն շարժիչ ուժ է, որ մարդը կը մղէ դէպի կատարելագործում». այլ խօսքով՝ Արիստոտէլ նախանձը կը տեսնէ որպէս յառաջընթաց, որ խթանիչ ուժ կը հանդիսանայ վերադասաւորելու նպատակներն ու ձգտումները: 

Եթէ ընդունինք այստեղ յիշուածները, ապա կրնանք ըսել, որ կեանքի մէջ մարդ անհատի կողմէ որպէս իտէալ ընտրուած մարդու ընտրութեան մէջ եւս կարելի է որոշ նախանձ մը տեսնել. մարդ կը փորձէ նմանիլ իրեն համար «հերոս» նկատուող որոշ անձերու եւ այդ նմանութիւնը ինքնին նախանձ մըն է անոնց ունեցած նկարագրին, յաջողութիւններուն եւ խառնուածքին հանդէպ: Նախանձը կը դառնայ դրական, երբ անոր հետեւանքը կ՚ըլլայ արդիւնաւէտ աշխատանքը եւ կը հանդիսանայ որպէս առաջնորդող դրական ուժ: 

Աշխարհահռչակ յայտնի մանկավարժ Ժան Ժաք Ռուսօ եւս իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը խօսի դրական նախանձի մը մասին՝ ըսելով. «Նախանձը մարդուն բնազդներէն մէկն է, որ մարդուն կը ստիպէ զգալ իր բացթողումները եւ կը մղէ փոփոխութիւններու»: 

Յաճախ նախանձէն յարգանք կը ծնի, որովհետեւ երբ նախանձով կը նայինք անձի մը յաջողութեան, կը յարգենք անոր անձն ու կարողութիւնները եւ այդ նախանձը ատելութեան փոխարէն յատուկ սիրոյ կրնայ վերածուիլ. Օրինակ՝ այսօր շատեր կ՚ուզեն իրենց շրջապատին մէջ ունենալ յաջողակ մարդիկ. վստահաբար այդ յաջողակ անձերուն հանդէպ գոյութիւն ունի նախանձ մը, որ ատելութենէ աւելի սքանչացում է. այդ իսկ պատճառով նախանձը ինքնին պէտք չէ ընդունիլ որպէս վատ երեւոյթ, որովհետեւ նախանձը չէ՛, որ վատ է, այլ անոր ունեցած արձագանգն է, որ կարելի է որակել որպէս լաւ ու վատ: 

Եթէ նախանձը որպէս վատ անուանում պիտի որակենք, յիշենք, որ Աստուածաշունչին մէջ Աստուած ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս «նախանձ». Ելիցի 34:14 գլխուն մէջ կը կարդանք. «Վասն զի ուրիշ Աստուծոյ երկրպագութիւն պէտք չէ ընես, քանզի Եհովան Նախանձոտ կը կոչուի եւ նախանձոտ Աստուած է». տարօրինակ չէ՞ սակայն, որ Աստուած ինքզինք անուանէ «նախանձ», սակայն Աստուածաշունչի տարբեր էջերուն մէջ կը կարդանք «նախանձը ոսկորները կը փշէ» (հմմտ. Առակաց 14:30): Հայերէնի պարագային երկու տեղերը կը գործածուին «նախանձ» բառը, սակայն բնօրինակը՝ եբրայերէնի եւ յունարէնի մէջ «Նախանձ Աստուծոյ» եւ «ոսկորները փշրող նախանձ»ին միջեւ յստակ տարբերութիւն մը գոյութիւն ունի, ինչ որ լուրջ ուսումնասիրութեան առարկայ ըլլալով դուրս կը մնայ մեր նիւթի սահմաններէն: 

Սակայն, կայ նաեւ նախանձին բացասական կողմը, որ կրնայ շատ աւելի մեծ վնասներ ու հետեւանքներ ունենալ՝ քան դրականները, որուն մասին պիտի խօսինք վաղուան մեր գրութեան մէջ:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Եթէ Կայէն Աբէլը չսպաննէր, ի՞նչ կ՚ըլլար։

Պատասխան. Եթէ Կայէն Աբէլը չսպաննէր, պատմութիւնը ամբողջութեամբ տարբեր կ՚ըլլար եւ կը փոխուէր առաջին մարդկային սպանութեան պատմութիւնն ու ազդեցութիւնը: Կայէնը, որ նախատինքի եւ նախանձի խորհրդանիշ է, ո՛չ միայն չէր կորսնցներ իր եղբայրը, այլ կրնար Աստուծոյ ներողամտութեան արժանանալ. այդ պարագային մարդկութեան պատմութիւնը կրնար դառնալ աւելի խաղաղ ու հաւասարակշռուած եւ նախանձն ու ատելութիւնը չէին ըլլար մարդկային առաջին հակասութեան հիմքերը: Բայց քանի այդ սպանութիւնը տեղի ունեցաւ, մարդկութեան պատմութիւնը լեցուեցաւ ցաւով ու կորուստներով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2025