Շաբաթ 1, Մարտ 2025
ՖԷՐԻԳԻՒՂՑԻՆԵՐՈՒՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները Բարեկենդանի ընդառաջ կազմակերպուած խրախճանքով ապրեցան մեծ խանդավառութիւն։ Թաղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ կեանքի կոչուեցաւ ծրագիրը, որու ընթացքին առաջին փուլին սաներուն բացատրութիւններ տրուեցան Բարեկենդանի եւ գրեթէ նոյն օրերուն զուգադիպած տօներուն շուրջ։ Ապա անոնք խանդավառ ու զուարթ մթնոլորտը վայելեցին՝ երգերով, պարերով ու զանազան խաղերով։
Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2025