«Ի՞ՆՉ Է ՄԱՐԴԸ» ՀԱՐՑՄԱՆ ՄԱՍԻՆ…
Ներկայիս աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի շուրջ ութ միլիառ մարդ, անոնք կ՚ապրին աշխարհի եօթ մայրցամաքի վրայ եւ կը խօսին աւելի քան եօթ հազար լեզուներով։ Ի հարկէ, դժուար է ճանչնալ այդքան մարդիկ ու հասկնալ, թէ ի՛նչ կը խորհին։ Եթէ այս տարբերութիւններուն աւելցնենք զանազան համոզումներ, ապա, կը կարծեմ, կ՚արտացոլենք օտարուածութիւն: Այս առումով օտարումը կարելի է անուանել նաեւ անհամաձայնութիւն եւ սա կրնայ նշանակել տարբեր մշակոյթներու, լեզուներու եւ հաւատալիքներու կողմէ կնքուած լուռ պայմանագիր՝ իրարու սահմանները չհատելու մասին։ Լաւ, մէկը իսկապէս հասկնալու համար պէտք է հասկնա՞լ անոր լեզուն, աւանդութիւններն ու հաւատքը:
Հազարաւոր տարիներ առաջ սկսած մարդկութեան ճամբորդութիւնը գրաւած է շատերու ուշադրութիւնը եւ այսօր ալ բազում մարդիկ այս մասին կը կարդան եւ կը կատարեն ուսումնասիրութիւններ, կը յանգին զանազան եզրակացութիւններու:
Յայտնի աստղագէտ Քարլ Սական (1934-1996թթ.) Մեծ պայթիւնը նկարագրած է որպէս տիեզերական պայթիւնի մը հետեւանքը, որ սկզիզբին ցրեց, այնուհետեւ միաւորեց եւ յառաջ բերաւ անսահման թիւով մոլորակներ՝ այն անսահման դատարկութեան մէջ, որ կ՚անուանենք տիեզերք։ Իր գիրքին մէջ ան արդեօք կը փորձէ՞ր նկարագրել մարդու հիմքը, երբ ըսաւ. «Մենք բոլորս իրականութեան մէջ աստղային փոշի ենք», թէ ան նկատի ունէր կախարդական գիշերային «լապտերները», որոնք լոյս կը սփռեն մեր վրայ, կը լուսաւորեն մեր ճանապարհը իրենց շքեղութեամբ ու պայծառութեամբ, երբ գիշերուայ ամենամութ ժամերուն երկինք կը նայինք:
Ինչպէս կային աստղագէտներ, որոնք կը հասկնային մարդ կոչուող կենդանի էակի արժէքը՝ ուսումնասիրելով երկինքը, կային նաեւ փիլիսոփաներ, կենսաբաններ, հոգեբաններ եւ աստուածաբաններ, որոնք փորձեցին պարզել երկիրը եւ անոր բովանդակութիւնը: Օրինակ՝ Էփիքթեթոս (55-135), որ ծնած է որպէս ստրուկ եւ յետագային ազատուած է իր տիրոջ կողմէ, փորձած է ազատ կամքով եւ գիտելիքով բացատրել մարդու արժէքը՝ ըսելով. «Ազատ են միայն կրթուածները» եւ փորձած է հասկնալ մարդը՝ ստոյական տեսանկիւնէն նայելով, որ երջանկութիւնը ներսէն կու գայ՝ անկախ անկէ, թէ ինչ միջավայրի մէջ կը գտնուի մարդը, քանի որ պայմանները չեն կրնար փճացնել իր երջանկութիւնը:
Ընկերային դասակարգերը, որոնցմէ կրնանք բազմաթիւ օրինակներու հանդիպիլ պատմութեան ընթացքին, նպատակ ունին բարձրացնել սեփական արժէքը՝ ըստ իր ընկերային դիրքի, ստեղծելով տարբեր ենթախումբեր: Տարբեր ցեղերէ, տոհմերէ մարդոց արժէքը կը նախատեսուէր որոշել ըստ անոնց ցեղային կամ ընկերային միջավայրի եւ երկար տարիներ մարդու արժէքը կը նոյնացուէր անարժէքութեան հետ: Այնուամենայնիւ, այսօր Մարդու իրաւանց համընդհանուր հռչակագրին մէջ կ՚ըսուի, որ «Մարդու իրաւունքները հիմնարար իրաւունքներն ու ազատութիւններն են, որոնք ունին բոլոր մարդիկ: Մարդու իրաւունքներէն կրնան օգտուիլ բոլոր մարդիկ՝ անկախ ցեղէն, ազգութենէն, էթնիք պատկանելիութենէն, կրօնէն, լեզուէն եւ սեռէն»:
Մենք հազարաւոր տարիներ անցուցած ենք՝ բացայայտելով մենք մեզ աստղերու տակ, որոնց մասին երգեր եւ բանաստեղծութիւններ կը գրենք։ Կը կարծեմ՝ աստղերը հասկնալը աւելի դիւրին է, քան մարդկութիւնը: Արդեօք ա՞յս պատճառով է, որ գոյութիւն ունին հազարաւոր լեզուներ եւ հարիւրաւոր հաւատքներ, որոնք մեզ այսքան տարբեր դարձուցած են:
Թէեւ այսօրուայ մարդիկ օրէ օր կ՚օտարուին իրարմէ՝ առանց հասկնալով զիրար։ Ան, որ չի հասկնար դիմացինը, չի կրնար ինքն իրեն հասկնալ։ Որովհետեւ մէկը կը դիրքաւորուի միւսի նկատմամբ իր մօտեցմամբ ու վերաբերմունքով։ Թէեւ մարդիկ կը խօսին տարբեր լեզուներով, ծնած են տարբեր մշակոյթներու մէջ եւ նոյնիսկ կ՚ապրին տարբեր կլիմայական պայմաններու մէջ, բայց կ՚ապրին նոյն մոլորակին վրայ:
Ինչպէս Ղազալին ըսած է. «Իմաստունը ան է, որ կը տեսնէ տարբեր բաներու նմանութիւնները եւ նման բաներու միջեւ տարբերութիւնները»:
Միթէ մարդ ըլլալը ա՛յս է։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ