ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԿԱՊԵՐԸ ԿԸ ԿԱՐԵՒՈՐԷ՝ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՒԵԼ ԱՐԴԻՒՆԱՒՈՐՄԱՆ ԱՌՈՒՄՈՎ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր ընդունեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած հերթական վերապատրաստման դասընթացքներուն մասնակից հոգեւորականները՝ որոնք մայրավանք մեկնած էին Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան թեմերէն։ Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր օրհնութիւնը եկեղեցականներուն, կարեւորեց վերապատրաստման դասընթացքները, որոնց ընթացքին հոգեւորականները կը հարստացնեն իրենց աստուածաբանական գիտելիքները, կը վերանորոգեն իրենց ուխտը, կը զօրանան Սուրբ Էջմիածնի խորհուրդով եւ կը փոխանակեն փորձառութիւններ։ Իր խօսքով՝ այսպէսով կ՚ամրապնդուին նաեւ զանազան համայնքներու միջեւ կապերը, ինչ որ կը նպաստէ հոգեւորականներու առաքելութեան առաւել արդիւնաւորման։
Անդրադառնալով հայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն՝ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց պատասխանատուութեան մեծ զգացումով, արիաբար եւ անսակարկ նուիրումով լծուիլ առկայ հիմնախնդիրներու յաղթահարման։ Ան կարեւորեց ուղղորդել ազգի զաւակները հաւատի եւ ճշմարիտ արժէքներու ճանապարհով՝ ի զօրացումն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի բարօրութիւն հայ ժողովուրդի։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեան ներքեւ, հոգեւորականաց վերապատրաստման այս դաընթացքները կը կազմակերպուին «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնին կողմէ, որու պատասխանատուն է Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան, որ երկար ժամանակէ ի վեր մեծ ջանք ու եռանդ կը գործադրէ սոյն ծրագիրը յառաջ մղելու նպատակով: