ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՆՀԱՏԸ ԻՐԵՆՑ ԳՈՅԱԲԱՆԱԿԱՆ ՈՒ ԱՌՕՐԷԱԿԱՆ ԵՐԵՍԱԿՆԵՐՈՎ
Գալով մարդկային տառապանքին եւ անոր ազնիւ յատկութեան կեանքի ինքնութեան ընդմէջէն, ինչ որ պուտտայական հասկացողութիւն մըն է։ Քրիստոնէական փիլիսոփայութիւնը կեանքը կը համարէ աւելի զուարճալի եւ փրկութիւնը ապահովուած կը սեպէ Քրիստոսի տառապանքով: Իսլամականը զուտ շահադիտական է (դրախտի վայելքներու տեսաբանութեամբ միջնորդաւորուած), առանց տառապանքի, այլ առաւելագոյնը սրբազան պատերազմի՝ ճիհատի ու «նահատակութեան» տեսքով։ Հոս պուտտայականութիւնը կը յաղթէ այն հարթակին, ինչ որ մարդկութիւնը պատասխանատուութեան կը կանչէ, մարդ առ մարդ եւ չի բարդեր փրկուածութիւնը Աստուծոյ վրայ․ մարդու տառապանքը համարելով հիմք, ճամբայ ու գոյենշան, որոնք կը տանին փրկութեան: Եւ ճիշդ հոս եթէ մենք պարզ կեանքի ընթացքին պարզ սահմանումով վերծանենք գերագոյն համամարդկայնութեան սկզբունքն ու անոր գործադրումը՝ կը տեսնենք, որ կարեկցանքի, խանդավառութեան, խղճմտանքի-խղճահարութեան ու սիրոյ դրսեւորումներուն մէջ կը կայանայ այդ մէկը (նոյն անհատ մարդու ու հաւաքականութեան հանդէպ), իսկ այդ համամարդկայնութեան այսպէս ըսած՝ զարկերակը կը բաբախէ տառապանքի՝ ականատես ըլլալով իբրեւ երկրորդ դէմք: Երբ տեսնես թշուառութիւնն ու տառապանքը՝ կ՚ուզես յաղթահարել զանոնք եւ օգնել (չըսելու համար փրկել) տառապեալին, ինչ որ մարդկային ամենամեծ առաքելութիւններէն է, եթէ չըսենք ամենամեծը, քանի մարդ արարածը թշուառ է իր ամէն նուաճումներով ու սլացքներով, իսկ թշուառութեան արմատը նոյնինքն գոյաբանութիւնն է:
Ինչքան ալ յաւերժական փորձ կայ զուարճացման, թօթափման ու փարատման, մարդուն ինքնածին լինելութիւնը տառապակրութիւնն ու թշուառութիւնն են (ո՛չ միայն նիւթական, այլ առաւել ոգեղէն ու հոգեկան իմաստով):
Ինչո՞ւ համար աւելի ազնիւ կը համարենք պուտտայականութեան տառապելու նկատմամբ տուած մարտահրաւէրը միւսներէն, որովհետեւ ան չի շաղակրատեր ու մարդը սնափառութեամբ չի թմրեցներ, այլ ուղղակի տառապանքի աչքերուն մէջ նայելով կ՚ըսէ.
-Տառապէ, որպէսզի ազնուանաս ու համամարդկայնութիւնը բարձրացնես ամենագեղեցիկ աստիճանի:
Ինչքա՜ն փրկիչներ ունենանք ու փնտռենք, ինչո՞ւ սէրը փրկիչ կը համարենք, քանի այն մեր մարդկայնութիւնը կը պսակէ ուրիշ հրաշագործութեամբ մը եւ հոս 90-ականներու Տալայ Լամայի գրութիւններուն մէջ կարեկցանքի ամենավեհութեան դասակարգումը կը միանայ հաճելիօրէն քրոստոնէական սիրոյ հասկացողութեան հետ, երբ Յովհաննէս առաքեալը կ՚ըսէ. «Աստուած սէր է»: Զգացողութիւնն ու զգացմունքայնութիւնը մեր հոգիի բանալիներն են, որոնցմէ կը խուսափինք յաճախ վախնալով, որ դադարինք ֆիզիքապէս ապրելէ ու կտրուելէ ֆիզիքական կեանքի հաճոյքներէն։ Թէեւ գիտենք, որ անոնք բոլորիս ապաւէնն են, բայց ընչաքաղցութեան մեր հիմքը թոյլ չի տար, որ յանձնուինք անոնց՝ կարծելով, որ երջանկանալու մեր առաքելութիւնը անպայման կ՚անցի ինչքերէն ու անոնց ձեռքբերումէն: Այս երջանկանալու ու երջանկացնելու երկուութիւնը կը բախի թշուառութեան եւ ինչպէ՞ս աստիճանաբար յաւերժօրէն թօթափել զայն, որովհետեւ մարդս ձեւաւորուած է միանգամայն արարչագործութեան ու վերջնագործման հոգեվիճակով, իսկ ամէն արարք ու քայլ կ՚առնենք վերջնականացումի, վերջնական լուծման ու խտացման սիրոյն, հակառակ յաւերժի հանդէպ անմաշ ու յուսահատ սիրոյն: Իսկ հանգրուանացումը ինքնին կեանքի ըմբոշխնումն ու համն է:
Եթէ առաւօտ մը արթննանք ու մարդկային թշուառութիւնը վերջնականապէս յաղթահարուած տեսնենք, պիտի կորսնցնենք հիմնական պայքարը անոր հասնելու համար, ինչ որ մեր կեանքին ու նպատակներուն նպատակն է, ինչքան ալ նիւթական նպատակները տատանին հարստութեան, դիրքի ու իշխանութեան մէջ:
Եւ այս կէտին երեւան կ՚ելլեն՝ կեանքի անուշութեան հասկացողութիւնը, հաւաքական բարօրութեան հասնիլը, տնտեսական, ընկերային առաքելութիւնները: Մարդս աւելի առաքինի՞ է անհատապէս կամ հաւաքական-ընկերային մակարդակով:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
•շարունակելի…
Երեւան