ԹԵՐԹԱՏԵԼՈՎ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ը
«Կիներու տեսակէտը» վերանգիրը կրող գրութեան մէջ, խօսելով կիներուն ունենալիք կարեւոր դերակատարութեան մասին ընկերութեան եւ երկրի կեանքէն ներս, Զապէլ Եսայեան այսպէս կը գրէ.
* …Այսօր, եղածը եղած է, նոր կեանքի պայմաններ, նոր պարտաւորութիւններ եւ նոր ծրագիրներ կը դնեն մեր առջեւ. անոնցմէ առաջինը, ամենատարրականը ինքնապաշտպանութեան կարող դառնալն է. անհաւասար պայքարի մը ջլատիչ հաւանականութիւնը չէ որ պիտի ներկայանայ այլ եւս. համերաշխութեան եւ եղբայրակցութեան կապերով կապուած նոյն շահերը նոյն ազատութիւնը պիտի ունենանք պաշտպանելիք մեր երկրին լաւագոյն զաւակներուն հետ քով քովի. առաջին ցեղը ըլլալով ապստամբութեան ձայնը բարձրացնող բռնակալութեան դէմ, առաջիններէն պէտք է ըլլանք նաեւ վտանգի պահուն ձեռք ձգուած ազատութիւնը պաշտպանելու համար. մեր թուրք եղբայրները մեզի տեսնելու են ոչ թէ ողորմելի փախստականներու երեւոյթին տակ, այլ անվեհեր եւ խրոխտ զինակիցներու: Անոնք մեր ֆէտաիները ճանչցած են ցարդ ըմբոստացումի եւ պայքարի դժնդակ օրերու մէջ ու անոնց ներշնչած յարգանքը ու համարումն է որ ապահոված է այսօրուան դաշնակցութիւնը. լաւ է որ մեր ցեղին միւս երեսը չտեսնեն բնաւ. երկչոտներն են որ կրնան վտանգել ամէն բան. անխորհուրդ շարժուձեւերով ու ամբողջ ազգային արժանապատուութիւնը վիրաւորող դիրքի մէջ երեւալով:
***
Ես հաւատք ունիմ սակայն, խորունկ հաւատք մեր ապագայի համար, ու այդ հաւատքս հիմնուած է ճիշդ այն թանկագին ընդունակութիւններուն վրայ, որոնք ցոյց տուին մեր յեղ. եղբայրները եւ ազատ երկրի մէջ դաստիարակուած երիտասարդները: Մենք, պոլսեցիներս, ոչ մէկ պատճառ ունինք այլ եւս ետ մնալու տարբեր երկինքներու տակ ապրող հայրենակիցներէն, այս ցանկալի վիճակը երեւան բերելու պիտի օժանդակեն կիները: Ես հաւատք ունիմ, մանաւանդ Հայ օրիորդներու վրայ. շատ բան կրնան ընել անոնք այդ ուղղութեամբ, ամէն երկրի մէջ երիտասարդները կը փափաքին դառնալ այն ինչ որ կը ցանկան որ ըլլան: Կիներուն նախասիրութիւնները կ՚ուրուագծեն մարդու մը իտէալը. օրիորդները իրենց ձեռքը պիտի մերժեն ապիկարներուն, վատերուն, երկչոտներուն՝ որքան ալ հարուստ եւ ազդեցիկ ըլլան անոնք: Յառաջ գալիք սերունդին մտահոգութիւնը կնոջական բնազդին ամենաուժեղն է ու մեր զաւակներուն արիւնը այլ եւս պէտք է հարուստ ըլլայ եռանդով, աշխոյժով, խրոխտ քաջութիւնով: Անոնք որ ամչցան իրենց հայրերէն, իրենց եղբայրներէն, իրենց ամուսիններէն՝ զաւակներնուն մէջ փառաւորուելու ծարաւը պիտի ունենան, իրենց կաթովը դիւցազններ սնուցանելու երազը պիտի ունենան, արիական զգացումներ պիտի ներշնչեն անոնց ու պիտի օրօրեն զանոնք ազատութեան եւ հերոսներու երգերով: Կորիւններ պիտի տեսնեն անոնց մէջ ոչ թէ անմեղ գառնուկները զոհուելու նախասահմանուած, պիտի մոռցնեն իրենց որ ստրուկի թոռներ են, պիտի ընեն այնպէս որ անոնց արիւնը մաքրուած ըլլայ բոլոր աւանդական ժահրերէն, որոնք երէկ առաքինութիւններ էին:
Այսպէսով է որ կիները իրենց մայրական սրբազան պարտաւորութիւններուն մէջ ամրացած պիտի հասցնեն այն արի, քաջ եւ պարկեշտ քաղաքացիները, որոնց թեւերուն՝ հպարտութեամբ պիտի կռթնին մեր աղջիկները («Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 10, 25-7 հոկտեմբեր 1908, էջ 1):
Երկրորդ էջին վրայ երեւոյթի մը մասին կը կարդանք, որ այսօր եւս մեր հայակական իրականութենէն ներս՝ երբեմն-երբեմն ականատես կը դառնանք.
* ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ Թաղային խորհուրդը առանց բանաւոր պատճառի հրաժարեցուցեր է 26 տարիէ ի վեր վարժարանին մէջ ուսուցչուհիի պաշտօն վարող Տիկին Արուսեակ Պոյաճեանը: Թաղային խորհուրդը նկատի չէ առեր թէ տարւոյն ընթացքին մէջ ուսուցիչ հրաժարեցնելու համար Պատրիարքարանի հաւանութիւնն ստանալ պէտք է: Թաղեցիները բողոքեր են Թաղային խորհրդոյ այս արարքին դէմ («Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 10, 25-7 հոկտեմբեր 1908, էջ 2):
Նոյն էջին վրայ կը կարդանք.
* ՓԱՐՈՍ ԲԻՒԹԱՆԱԿԱՆ անուն շաբաթաթերթ մը պիտի սկսի հրատարակուիլ Պարտիզակի մէջ մօտ օրէն, խմբագրութեամբ Հ. Մկրտիչ Վ. Պօտուրեանի եւ աշխատակցութեամբ ծանօթ Հայ գրողներու («Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 10, 25-7 հոկտեմբեր 1908, էջ 2):
** Այս շաբաթաթերթը չենք գիտեր եթէ լոյս տեսած է: Մեր պրպտումները արդիւնք մը չունեցան: Եթէ գտնուին ոմանք, որոնք հանդիպած ըլլան նման շաբաթաթերթի մը, խնդրանքս է, որ աղբիւրները կամ տուեալները փոխանցեն Խմբագրութեանս, կանխայայտ շնորհակալութեամբ:
Նոյն թիւին մէջ հետաքրքրական կոչի մը կը հանդիպինք Գառնիկ Գազանճեան անուն պատանիէ մը, որ կարենալ ուսանելու համար երաշխաւոր կը փնտռէ: Կը կարդանք.
* Յարգոյ Հասարակութիւն,
Ես բնիկ Երիզացի, Կարնոյ Պետ. (Իտատիէ Միւլքիէի եօթներորդ դասարանէն) «Ալի իւլ ալա»ի վկայականով մը շրջանաւարտ եղած եմ: Աւելի բարձր դպրոց մը շարունակելու յոյսով հոս Պոլիս եկայ եւ բարեբախտաբար մի քանի ցերեկեայ դպրոցներ յաջողեցայ ընդունուիլ: Բայց նիւթականի անկարողութեանս պատճառաւ չէի կրնար ցերեկեայ վարժարան յաճախել, ուստի մէկ քանի օրուան պատրաստութենէն ետք Քաղ. Անասնաբուժական վարժարանին, որ գիշերօթիկ է, մրցման քննութեանց եւս մասնակցելով յաջողեցայ 4-րդ աստիճանը շահիլ: Բայց դպրոցի ծրագրին համաձայն երբ ինձմէ երաշխաւորագիր մը ուզուեցաւ, ես հոս իբր պանդուխտ, չունենալով ոեւէ ծանօթ մը, շուարեցայ մնացի:
Ուրեմն, ազնիւ Հայ հասարակութիւն, չունենալով ուրիշ որեւէ ապաւէն մը, կու գամ դիմել ձեր գթասրտութեան՝ խնդրելով, որ ոեւէ մէկը ինձ երաշխաւոր հանդիսանայ, որով սատարած պիտի ըլլայ ապագային բարւոքման, եւ որուն համար կանխաւ կու գամ յայտնել իմ խորին շնորհակալութիւններս:
Կը մնամ Ձերդ՝
ԳԱՌՆԻԿ Ն. ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
(«Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 10, 25-7 հոկտեմբեր 1908, էջ 2-3):
Գառնիկին երաշխաւոր մը գտնուած է, յանձինս վաճառական Բենիամին էֆ. Մշիկեանի: Այդ մասին թերթիս յաջորդ թիւին մէջ կը կարդանք. «Շաբաթ օրուան թիւով հրատարակած էինք սրտառուչ մէկ նամակը գաւառացի երիտասարդի մը, որ դպրոց ընդունուելու համար երաշխաւորի մը կը կարօտէր եւ Պոլսոյ մէջ չունէր ո՛եւէ մէկը, որ այս բարիքը ընէր իրեն: Ուրախութեամբ կը ծանուցանենք, թէ մեր այս կոչը ընդունուած է Քամանսօ խան 53 թիւ հաստատուած վաճառական Բենիամին էֆ. Մաշիկեանի կողմէ, որ սիրայօժար պատրաստակամութիւն կը յայտնէ երաշխաւորելու: Խնդրարկուն պէտք է դիմէ յիշեալ հասցէին» («Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 11, 27-9 հոկտեմբեր 1908, էջ 2): Գառնիկը, ինչպէս ինք կը գրէ, բնիկ Երիզացի եղած է, ծնած է 1886-ին: 1912-ին, այսինքն՝ վերոյիշեալ նամակի գրութենէն չորս տարիներ ետք, աւարտած է Կ. Պոլսոյ Անասնաբուժական վարժարանը: Յաջորդ տարին Քաղաքապետարանէն ներս աշխատանքի անցած է, որպէս քաղաքապետարանի անասնաբոյժ: Գառնիկը, սակայն, 1914-ին, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ մէկ տարի յետոյ՝ զինուորական ծառայութեան մէջ ըլլալով, սպաննուած է մի քանի այլ հայ զինուորներու հետ՝ 29 տարեկան հասակին:
Հոկտեմբեր 1907-ին, կը վախճանէր Ամենայն Հայոց Հայրապետ՝ Խրիմեան Հայրիկը: 1908-ին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընտրութիւնը բաւականին խնդրայարոյց կ՚ըլլայ, նկատի ունենալով ռուսական միջամտութիւնը: Այս մասին, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիրներէն մէկը Մատթէոս Իզմիրլեան Պատրիարքին հետ ունեցած է զրոյց մը եւ անկէ լսած է իր կարծիքը այս հարցին շուրջ: Այստեղ նշեմ, որ ընտրութիւնը երբ կը կայանայ, Մատթէոս Պատրիարք կ՚ընտրուի՝ որպէս Ամենայն հայոց կաթողիկոս: Այժմ կարդանք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիրին եւ Մատթէոս Պատրիարիքն ունեցած զորոյցին մասին:
* ԲՈՂՈՔԵ՛ՆՔ
Ժամանակի խմբագիրներէն մին, երէկ առտու Ամեն. Իզմիրլեան Սրբազան Պատրիարք Հօր հեղինակաւոր կարծիքը խնդրեց մեր մասնաւոր թղթակցին [Արամ Անտոնեան] հաղորդած եւ Ժամանակի երէկուան թիւով հրատարակուած այն տեղեկութեան վրայ, թէ թրքահայ պատգամաւորները պիտի ունենան 40, իսկ ռուսահայերը 46 ձայն, որով հաւանական է, թէ իրականանայ ռուս կառավարութեան բաղձանքը, ռուսահայ եպիսկոպոս մը տեսնելու Հայրապետական Աթոռին վրայ: Խմբագիրը հարցուց նաեւ, թէ թրքահայ պատգամաւորներուն ձեռնպահ մնալը կրնա՞յ բողոք մը նկատուի ռուս կառավարութեան վերջին անօրինութիւններուն դէմ եւ այս բողոքը Հայ Եկեղեցւոյ շահուց տեսակէտով օգտակա՞ր է թէ ոչ: Նորին Ամենապատուութիւնը, որ խորունկ կերպով ուսումնասիրած է Ռուսիոյ բոլոր դիտումները Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր բարձրագոյն իշխանութեան մասին, տխրօրէն յայտարարեց, որ թրքահայ պատգամաւորներուն ձեռնպահ մնալը բնաւ օգուտ չունի, ընդհակառակն նպաստաւոր է ռուս կառավարութեան, որուն միակ իղձն է հերձուած մը եւ պառակտում մը առաջ բերել Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներուն միջեւ: Ձարին կառավարութիւնը բնաւ երբեք չ՚ուզեր, որ պոլսահայ եպիսկոպոս մը բազմի հայրապետական աթոռին վրայ, որովհետեւ փորձով գիտէ, թէ պոլսահայ եպիսկոպոսները աւելի՛ սահմանադրասէր ոգի ունին: Կաթողիկոսական ընտրութեան այս կնճռոտ երեւոյթը պարզելու եւ Հայ Եկեղեցւոյ շահերուն ծառայելու միակ միջոցն է համաձայնիլ ռուսահայ պատգամաւորներուն հետ եւ ազգովին, ասինքն համասիրտ ու համախորհուրդ չձեռնարկել ընտրութեան, մինչեւ որ ռուս կառավարութիւնը պարտաւորուի յարգել ընկալեալ սովորութիւնները: Իսկ եթէ միայն Պոլսոյ պատգամաւորները չմասնակցին եւ թոյլ տան, որ ռուսահայ պատգամաւորները առանձինն կատարեն ընտրութիւնը, անիկա Հայ Եկեղեցւոյ շահուն համաձայն չէ բնաւ, որովհետեւ այդպիսի իրողութեան մը բնական հետեւանքը պիտի ըլլայ համարիւն եղբայրներու բաժանումն ու պառակտումը: Այս պարագային մէջ թրքահայ պատգամաւորները ազգասիրական ու կրօնասիրական պարտականութիւն մը կատարած պիտի ըլլան մասնակցիլ ընտրութեան, բայց բողոքելո՛վ մասնակցիլ, որով ընդունած չեն ըլլար ռուս կառավարութեան ոտնձգութիւնները եւ պատմութեան առջեւ ալ պատասխանատու չեն մնար: Պատասխանելով խմբագրին սա ենթադրութեան, թէ ազգավնաս եպիսկոպոսի մը համար տեսակ մը պատուոյ վերահաստատութիւն կամ մաքրացում կրնա՞յ նկատուիլ իր անունին գոնէ քառանուն ցանկին մէջ անցնիլը, Ամեն. Իզմիրլեան Սրբազան ժխտական կերպով պատասխանեց եւ ըսաւ, թէ անգիտակից կամ յանձնարարեալ քուէները բնաւ երբեք չեն կրնար մաքրել ո՛եւէ եպիսկոպոսի արարքը: Խմբագիրը յիշած ըլլալով ռուսահայ քանի մը վարձկան թերթերուն այն պոռչտուքը, թէ Հայոց Կաթողիկոսը պէտք է համալսարանական կրթութեամբ օժտուած ըլլայ, Սրբազան Պատրիարք Հայրը իսկոյն յիշեց Դուրեան Սրբազանին անունը եւ ըսաւ, թէ անիկա համալսարանի մէջ բարձրագոյն կրթութիւն ստացած ո՛եւէ անձէ շատ աւելի գերազանց կարողութիւն ունի եւ մտքի դաստիարակութենէն զատ ունի նաեւ սրտի ու խղճի դաստիարակութիւնը, որ հայ կղերին միակ մեծագոյն զարդը պէտք է ըլլայ:
Այս շահեկան տեսակցութենէն ետք խօսք եղաւ նաեւ տեղական թերթերու վրայ: Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, թէ սիրով կը լսէ ամէն քննադատութիւն, բայց կը փափաքի, որ խմբագիրները ո՛եւէ ազգային կամ հանրային խնդիր լաւ մը ուսումնասիրելէ ետք միայն քննադատեն, որպէսզի իրենց քննադատութիւնը օգտակար եւ արդիւնաւոր ըլլայ: Իզմիրլեան Սրբազան խոստացաւ իր պատրիարքական պաշտօնավարութեան միջոցին սիրայօժար պատասխանել խմբագիրներուն, պայմանաւ որ իրմէ տեղեկութիւն չուզուի այնպիսի խնդիրներու վրայ, որոնք տակաւին խորհրդակցութեան առարկայ են վարչական շրջանակներու մէջ: Խմբագիրը յիշեց Նայէ Թուրքայի սա գնահատումը, թէ Իզմիրլեան Սրբազան մեծ հեղինակութիւն ունի թէ՛ հայ ժողովրդեան եւ թէ հայ յեղափոխական կուսակցութիւններու վրայ: Նորին Ամենապատուութիւնը այս առթիւ յայտարարեց, որ հայոց պատրիարքը պէտք է որ ամէն կուսակցութիւններէ մեկուսի գտնուի: Քաղաքական կուսակցութիւններ կան, որոնք ազգին ու երկրին օգտին համար կ՚աշխատին: Պատրիարքը կը գնահատէ ինչ բան որ ազգին շահուց օգտակար է, հակառակ պարագային ազգին կողմէ իրենց ընծայուած հեղինակութիւնը ի գործ կը դնէ յորդորներով («Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 13, հոկտ. 29-11 իոյեմ. 1908, էջ 2):
Համայքային կեանքի իրադարձութիւններու մասին, կը կարդանք.
* ՍՏԵՓԱՆ ԷՖ. ԴԱՒԻԹԵԱՆ Օսմանեան Խորհրդարանի անդամ ընտրուեցաւ Իզմիրէն: Այսպէս, Համբարձում էֆ. Պոյաճեանէն ետք, երկրորդ հայ անդամն է, որ կ՚ունենանք Երեսփոխանական ժողովին մէջ («Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 13, հոկտ. 29-11 նոյեմ. 1908, էջ 2):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ