ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Գալֆաեան տան մէջ վերջին շաբաթները բնորոշուեցան խտացեալ աշխատանքով եւ զանազան ձեռնարկներով։ Այս ամբողջին մէջ առանձնացան Ս. Վարդանանց տօնն ու Բարեկենդանը՝ մինչ Մեծ պահքի սկիզբին առթիւ դպրոցին մէջ աւանդական «մռմռաս»ն ալ գտաւ իր տեղը։ Բարեկենդանի խրախճանքը բացառիկ ոգեւորութեան թատերաբեմը հանդիսացաւ, Գալֆաեանի ընտանիքը համակուեցաւ բարձր տրամադրութեամբ։

Երեքշաբթի, Մարտ 4, 2025