«ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ՀՆՀՆՈՒՔՆԵՐ». ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ ԵՒ ՀԱՅՆ ՈՒ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ

Վերջերս լոյս տեսաւ անուանի հայագէտ, պատմաբան Յակոբ Չոլաքեանի արձակ էջերու վերջին գիրքը՝ «Լեզուական հնհնուքներ»։ Ժողովածոն կը մէկտեղէ ակնարկներու փունջ մը, ուր հեղինակը, իբրեւ ուսուցիչ, կը պատմէ ու կը մտորէ արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման խնդիրներուն եւ սփիւռքահայ դպրոցի մասին։ Հեղինակը կը նշէ, որ գիրքին մէջ տեղ գտած դէմքերը, դէպքերը եւ վայրերը իրական են, մտահոգութիւնները՝ համազգային:

Գիրքը կը բաղկանայ քառասունհինգ գլուխներէ։ Անոնցմէ թիւ վեցը Բարեկենդանի տօնին մասին է, որ շաբաթավերջին տօնուեցաւ դպրոցներու եւ մանկապարտէզներու մէջ։ Սակայն, դժբախտաբար, բոլոր տօնակատարութիւնները հայկական շունչով չէին։ Կը ներկայացնենք այդ եւ հայերէնին ու հայկականութեան վերաբերող ուրիշ գրութիւններ՝ Յակոբ Չոլաքեանի «Լեզուական հնհնուքներ» գիրքէն։

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ

Դպրոցական ունեցող ամէն ծնողք կը նկատէ անշուշտ, որ ամէն կէսօր, դպրոցէն վերադառնալուն, զաւակը նորութիւն մը կը բերէ՝ արտայայտութիւն մը, վարմունք մը, ճաշակ մը, համոզում մը, տիպար մը: Ու իմ խլէզս, որ նոր-նոր մանկապարտէզ կ՚երթայ, կէսօր մը ինծի ի՛նչ բերէ հաւնիք:

-Գիտե՞ս,- կ՚ըսէ,- Սուփըրմանը Հայկ Նահապետին կը յաղթէ:

Ա՛յս էր պակաս: 

-Չէ՛, տղա՛ս,- կ՚ըսեմ,- Հայկ Նահապետը անպարտելի է, դուն գիտես, Տորք Անգեղը, Արամ Նահապետը, Առիւծ Մհերը, Սասունցի Դաւիթը...

-Չէ՜,- կը պատասխանէ,- Սուփըրմանը, Սփայտրմանը, Պաթմանը եւ Նինճաները կը յարձակին անոնց վրայ եւ կը յաղթեն, հա՜, կը յաղթեն... Դուն չես գիտեր:

-Իսկ ո՞վ ըսաւ, որ կը յաղթեն,- կը հարցնեմ:

-Ճորճիկը, Նժդեհը, Սահակը...

-Բայց չէ՞ որ դուն Տորք Անգեղը տեսած ես,- կ՚ըսեմ,- եւ գիտես, թէ որքա՛ն քաջ է ան:

Այդպէս կ՚ըսեմ, որովհետեւ կը պնդէր, թէ ինք տեսեր է Տորք Անգեղը հսկայ ժայռի մը վրայ առիւծ մը քանդակելու պահուն: Ինծի այդ ժայռն ալ ցոյց տուած է գիւղին մէջ, մեր տան մօտիկ տեղ մը: 

Մանկական երեւակայութիւնը հրաշագործ է:

-Այո՛, այո՛,- կ՚ըսէ,- բայց Սփայտըրմանը քաջ է, հա՜...

Այս զրոյցի պահուն, տէ՛, հայր ես, ամբողջ էութիւնդ տակնուվրայ կ՚ըլլայ: Կարծես կը խանդես կամ կը նուաստանաս, որովհետեւ ինչ որ տուեր ես՝ ան կը մերժէ ահա եւ ինք իրը կը գտնէ քեզմէ անկախ, ամէն օր քիչ մը աւելի նուազ քուկդ կ՚ըլլայ կարծես, ամէն ճկոյթ մը մեծնալուն փարսախներով կը հեռանայ քեզմէ, կը դառնայ աշխարհի՛ն զաւակը:

Միւս կողմէ բնական օրէնք կը համարես, որ կեանքը փոխուի, ու փոխուի՝ շուկայական թելադրութիւններով. հիմա կ՚ըսենք՝ համաշխարհայնացումի ամենակուլ ախորժակներով: Այդպէս է, որ կը փոխուի տարազը, կը փոխուի խոհանոցը, կը փոխուին ըմբռնումներն ու հաւատալիքները, լեզո՛ւն կը փոխուի:

Սակայն կը մխիթարես ինքզինքդ, որ տղուս այդ նոր հերոսները պիտի մեռնին, որովհետեւ շուկան նոր հերոսներու պատկերով ապրանք պիտի տեղայ վաղը: 

Բարեկենդանը կը մօտենայ: Մանկապարտէզներուն մէջ Բարեկենդան պիտի գայ: Ծնողներէն կը խնդրուի, որ այսինչ օրը մանուկները ծպտուած բերեն դպրոց: Երեկոյ մը տղուն հետ կ՚իջնենք շուկայ, մտմտալով թէ ի՛նչ ծպտում յարմար պիտի ըլլայ անոր համար: Կը փորձենք մտնել մանկական իրեր ու խաղալիքներ վաճառող բոլոր խանութները: Հայ մայրեր, հայրեր, մեծ քոյրեր բերնէ բերան կը վխտան խանութներուն մէջ: Մանուկներ անշուշտ: Եւ խանութներուն մէջ դէզերով պահանջուած ապրանք: Խնդրե՛մ, էստի՜ համեցէք, Սուփըրման, Սփայտըրման, Պաթման, Նինճաներ...

Կը մտածեմ, որ քաղաքիս այս կողմերու վաճառականները Յովհաննէս Թումանեանի պատմած Բարեկենդանէն ի՜նչ պակաս են, որ այսպէս մեր հոգը տանելով՝ մեր Բարեկենդանն ալ կը տանին: Օ՜, սա ամենակարող նորաձեւութիւնը: Միթէ նոյնը չէ այն՝ որ մեր Սուրբ Սարգիսէն մինչեւ Տառընտազ (Տեառնընդառաջ) Վալանթայն կը բուրէ ներկայիս: 

Ու կը մտածեմ, որ մենք, համօրէն, ճիգ չենք խնայեր մեր մանուկները՝ Ճորճիկը, Նժդեհը, Սահակը, հրապուրելու մեր գրականութեան, բանահիւսութեան եւ պատմութեան հերոսներով, բայց շուկայի համը աւելի թովիչ կը դառնայ: Իսկ մեր օգնութեան տիկնանցները միթէ՞ չեն տեսներ այս շուկայական Բարեկենդանը, որ այդ հերոսները տարազաւորելով հրամցնեն մանկապարտէզներուն եւ անոր շահոյթով նպաստ մըն ալ տնտեսեն իրենց ծրագիրներուն:

Ու դեռ բան մը աւելի։

Եւ այդ «աւելին»՝ բովանդակութիւնն է, որուն մենք կու տանք «հայեցի դաստիարակութիւն» անունը:

... Ու պզտիկը խանութէ խանութ կը քաշքշենք, իբր աւելի լաւ բան մը առնելու համար, երբ տղան ոտքը կը զարնէ գետին ու կ՚ըսէ.

-Ես Սփայտըրմա՛նը կ՚ուզեմ:

Վե՛րջ․․․

ԿԸ ՄԵՂԱԴՐՈՒԻՆ ՀԱՅՐԵՐԸ

Գանատայէն բարեկամներ այցելեր էին Երեւան՝ հայր ու որդի։ Ու նստած՝ կը խօսէինք, թէ ի՛նչն է պատճառը, որ օտար ափերուն վրայ ահա քանի սերունդ դեգերող մարդիկ, ոմանք հայախօս, ոմանք օտարախօս, ուրիշներ՝ միս-մինակ, հեռացած եւ ուրացած, բայց յանկարծ արթնութեան ալիքով մը իրենց կորսնցուցած ազգային արժէքներուն ետեւէն կը վազեն․․․ Իրենց զաւակներուն համար հայկական դպրոց կը փնտռեն, հայերէն ուսուցող կայքեր կը փնտռեն, կը փորձեն աւելի մօտ ըլլալ հայրենակիցներու, ոմանք ջերմեռանդութեամբ հայրենիք կ՚այցելեն․․․

Ու բոլորովին երիտասարդներ․․․ հայրենիք գալով այնտեղ մշտապէս մնալու ճամբաներ կ՚որոնեն․․․

Այո՛, հայրենիք մնալու ջանք կը թափեն․․․

Թերեւս համաամերիկեան երեւոյթ է համաշխարհայնացումի այս դարուն արմատները փնտռելը, թերեւս․․․ թերեւս․․․ Բայց ճշմարտութիւն մը կայ, որ ճնշող մեծամասնութեան մէջ ազգային գիտակցութիւն մը արթուն է, արժէքներու կորուստին ափսոսանք կայ, ու ցանկութի՛ւնը կայ վերատիրանալու ամբողջական ինքնութեան․․․ 

Եւ ասիկա փաստ է շատերու համար։

Որդին իր կարգին արդէն զաւակներու տէր մարդ էր․ անգլերէն կը խօսէր, թէեւ կրնայի ենթադրել, թէ մեր խօսածն ալ կը հասկնար․․․

-Կ՚ափսոսամ, որ զաւակներս հետս չբերի,- ըսաւ որդին։

-Դեռ փոքր են, քանի մը տարի ետք արդէն չափահաս ըլլալով հայրենիքին ծանօթանան՝ աւելի լաւ կ՚ըլլայ,- վրայ բերաւ հայրը։

-Տա՛տ,- պատասխանեց տղան,- մեծ հայրիկը կ՚ըսէր «տղան կրթէ իր մանուկ եղած ատենը, յետոյ ուշ կ՚ըլլայ», ինչպէս որ եղաւ մեր պարագային․․․

Բաց ձգել չուզեցի շարունակութիւնը։

-Ինչպէ՞ս, ի՞նչ եղաւ որ,- հարցուցի։

-Հայրս ու մայրս երբեք մեզի հետ հայերէն չխօսեցան տան մէջ, խօսեցան միայն անգլերէն, ինչո՞ւ․․․ որ իբր թէ շուտ ընտելանանք այդ լեզուին ու միջավայրին, կարծես ամերիկեան դպրոցը պիտի չբաւէր ատիկա ընելու համար․․․

Ապա դառնալով հօրը՝ ըսաւ․

-Այդպէս ըրիք մեր ապագային համար, տա՛տ, շատ լաւ կը հասկնամ ձեզ, բայց մէջտեղ կայ ինչ որ կայ, մե՛նք եղանք կորսնցնողը։

-Ի՞նչ կորսնցուցիք,- պիտի ըլլար հարցումս, բայց արդէն ի՛նք կը խօսէր․

-Դուք զրկեցիք մեզ հայերէնէն, ու հիմա ես անզօր եմ ձեր զրոյցին հայերէնով մասնակցելու, մեր պետութեան սահմաններէն, փողոցներէն, զիս հետաքրքրող գործերէն շատ բան հասկնալու ու մանաւանդ զայն փոխանցելու իմ զաւակներուս․․․ Չէ, չեմ ամչնար, բայց ասիկա կորուստ կը նկատեմ, իմ էութենէս օտարուած թանկագին բան մը․․․

Ծանր էր, ու խեղճ հայրը հին օրերու պարագաներուն վրայ ամէն ինչ բարդելէ բացի, 60-ականներէն յամեցող մտայնութիւնը վկայակոչելէ բացի՝ ուրիշ ըսելիք չունէր․․․

-Գոնէ, տա՛տ, թոռներուդ հետ հայերէն խօսէ․ ես այդ մէկը ընելու անկարող եմ․․․ Բայց դուք անգլերէն կը խօսիք նաեւ անոնց հետ, անգլերէն կը սիրէք զանոնք, ի՞նչ է, անգլերէնով աւելի՞ սիրած պիտի ըլլաք ձեր թոռները․․․

Ահա թէ ինչ կ՚ըսեն այսօր Ամերիկաները ծնած ու այնտեղ հայրացած մեր զաւակները իրենց հայրերուն աչքերուն նայելով։

- Հայերէնո՛վ սիրեցէք ձեր թոռները․․․։

ՀՆՀՆՈՒՔՆԵՐ ՀԻՆԻ ԵՒ ՆՈՐԻ ՄԻՋԵՒ 

Կ՚ըսուի, որ սուրիահայերը Հայաստանի խոհանոցային մշակոյթը հարստացուցին համերով եւ …բառերով: Առաջինը հասկցանք, հապա ինչպէս համաձայնինք, որ արեւմտահայ գրական լեզուին մէջ տապակին կ՚ըսեն թավա, սրճեփին՝ ճազվա, անուխին կամ անանուխին՝ նաանա, ծոթրինին՝ զահթէր, աղտորին՝ սումախ…

Արեւմտահայերէնի մէջ յեղափոխութիւնը յաջողած է. «Թրքերէն խօսողին հայերէն պատասխանէ»:

Յեղափոխութիւն մըն ալ պէտք է մեր խոհանոցին մէջ: Վա՜յ Հայաստանի հեռատիսիլի կայաններէն երեւցող անզուգական խոհագէտներուն, որոնք այնքան ճարտարօրէն կը բարբառեն մեր ազգային իչլի քէօֆթէին, եաղլի քէօֆթէէն, չի քէօֆթէին եւ այլ հրաշահամ, բայց հրէշանուն ուտեստներուն մասին, համեմունքմերուն մասին: Յանցաւորը մեր մշակոյթի նախարարութեան եւ լեզուի տեսչութեան բարեհաճութիւնը եղած է: Ի՛նչ ազգային խոհանոցի մասին կը խօսինք, երբ այդ բառերը ժառանգեր ենք թրքախօս հայերէն եւ ատրպէյճանցի աղբարիկներէն, մինչ նոյն այդ ուտեստները այնքան գեղեցիկ հայերէն հոմանիշներ ունին Ուրֆայի, Տիգրանակերտի, Քեսապի, Բալուի հայերէններուն մէջ, ո՞ր մէկը ըսեմ… գլոր, լոխլոխուն, կոլոլակ, սուտ գլորակ, պահոց գլոր… Ինչ է, հա՞մը փախաւ..

Ո՞ւր են, եթէ կան, մեր ազգագրագէտ խոհագէտները: Չէ, ո՛չ թէ լեզուաբանութիւն, այլ յեղափոխութիւն պէտք է ՀԱՅԵՐԷՆԻՆ մէջ, որ այդ աղբը տաճարէն դուրս աւլենք կորովով … «դուխով»:

***

1996-ին Պոսթըն էի կարճատեւ այցելութեան մը բերումով: Ուզեցի տեսնել Համաստեղի գերեզմանը: Ոչ ոք կրցաւ օգտակար ըլլալ: Ոմանք գիտէին այսինչ կամ այնինչ յեղափոխական ու կուսակցական գործիչին գերեզմանը, բայց հայ գրողինը՝ ոչ: Սկսայ կասկածիլ ենթադրութեանս վրայ: Երկու գերեզմանատուն ծայրէ ծայր շրջեցայ: Ճարահատ՝ ծաղիկները դրի գերեզմանատան մատրան մէջ ու իջայ քաղաք: Մտայ Ազգային վարժարանի շրջափակէն ներս, եւ ո՜վ զարմանք, դիմացի շէնքի ճակատին գրուած էր՝ Համաստեղի անուան գրադարան: 

Մտայ, տեսայ, դուրս ելայ ու գրեցի այսպիսի աւարտ ունեցող գրութիւն մը.

-Անբացատրելի հրճուանքով մը ցատկեցի աստիճաններէն ու ներս մտայ: Ասիկա անսպասելի հանդիպում մըն էր, որ կրնար նաեւ զիս տանիլ Համաստեղի գերեզմանին: Խումբ մը աշակերտներ խռնուեր էին սեղանի մը առջեւ, որուն ետին կեցող միջին տարիքի մարդը անպայման գրադարանավարն էր: Բարեւեցի հայերէն ու յայտնեցի, թէ Ամերիկայի մէջ Համաստեղի անուան գրադարան մը, դպրոցակա՛ն գրադարան, այցելելէ աւելի մեծ հրճուանք չէի կրնար ունենալ: Ըսի, բայց շուտով անդրադարձայ, որ մարդը հայերէն չէր հասկնար: Խանդավառութիւնս սառեցաւ, բայց պէտք է զրոյցը շարունակելու կերպը գիտնայի: Ու աշակերտներուն դիմելով հարցուցի, թէ գրադարան եկած են արդեօք հայերէ՞ն գիրք առնելու: Ո՛չ, հայերէն գիրք չէին ուզեր: Գրադարանավարը այդքանը հասկցաւ կ՚երեւի, որ ձեռքով ցոյց տալով հայերէն ընդարձակ բաժինը, յայտնեց թէ հայերէն գիրք պահանջող չկայ: Ըսի՝ լաւ, աշակերտները արդեօք գիտե՞ն, թէ ո՞վ է Համաստեղը, կարդացա՞ծ են անոր «Չալոն»… «Նապաստակի մը օրագիրը»… «Միջոն»… Ո՛չ, չէին ճանչնար, չէին կարդացած…: 

Ինքը՝ գրադարանավարն ալ, յայտնեց, որ բնաւ չէ լսած այդ մարդուն անունը:

Հայ գրողի մը ճակատագրին համար ես երբեք այդքան չէի ցաւած՝ որքան այդ օրը:

Հայ գրականութեան համար ալ:

Բայց մա՛նաւանդ հայկական վարժարանին համար:

Աստիճաններէն վար իջնելու պահուն ակնարկս անգամ մըն ալ դարձուցի Համաստեղի անուան գրադարանի ցուցանակին, որ ինծի համար Համաստեղի տապանաքարը եղաւ: Անոր ետին, դարակներու մէջ, կը հանգչէին այդ մարդուն ու շատ ու շատ գրիչներու աճիւնները, որոնք արդէն մեզի պէտք չէին:

Ես Համաստեղի գերեզմանը գտայ:

***

1967-ին Սուրիոյ 57 հայկական վարժարանները ունէին 924 ուսուցիչ, որմէ 356-ը՝ ոչ հայ: Շատ բնական: Սփիւռքի մեր դպրոցներուն մէջ տուեալ երկրի ոչ հայ քաղաքացիները մեր կրթական աշխատանքին մասնակից են: Ատիկա կենսական անհրաժեշտութիւն մըն է:

Բայց… զգո՛յշ: Ահա, փակ դասարաններու պարագային հայ դաստիարակ գտնելու դժուարութիւն կ՚ունենայ տնօրէնը, եւ ստիպուած՝ այդ պաշտօնը կը վստահի ոչ հայ ուսուցիչի՝ անդրադառնալով հանդերձ, որ ատիկա բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ դպրոցի հիմնական առաքելութեան վրայ, որովհետեւ դաստիարակը ունի հայերէնախօսութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան լրջագոյն առաքելութիւն:

Շատ անգամ մենք որոշ դասանիւթերու ուսուցիչները կամ վարչական բաժնի աշխատակիցները նշանակելու ատեն արագ կը վարուինք: Այդպիսին են մարզանքի, երաժշտութեան ու ձեռային արուեստներու կամ գծագրութեան դասանիւթերը, որոնք կրթական ծրագիրին մաս կազմելով հանդերձ, ազատ հնարաւորութիւններ կ՚ընձեռեն ուսուցիչին՝ կենդանի հայերէնախօսութեան ու հայեցի դաստիարակութեան համար: Մարզանքի պահերը հրաշալի առիթներ են ընդհանուրի կողքին հայկական տոհմիկ խաղեր սորվելու, մարզիկներ ճանչնալու, մարզական բառամթերք հարստացնելու, հայ պարբերականներու (կայքերու) մարզական էջերուն ծանօթանալու, համապատասխան պատի թերթեր պատրաստելու համար, մարդակազմութեան վերաբերեալ հիմնական բառամթերք իւրացնելու: Օրինակ՝ եթէ մեր դպրոցներու միջդասարանային ֆութպոլի (ոտնագնդակը դաշտէն դուրս շպրտեցինք) մրցումներուն պիտի չարտասանուին խաղադաշտ, բերդ, միջնապահ, յետսապահ, յարձակող, տուգանային հարուած, անկիւնային հարուած, իրաւարար բառերը, ապա անոնք ո՞ւր պիտի սորվի աշակերտը: Պատկերացուցէք, որ նկարչութեան ուսուցիչը օտար է կամ հայերէն չի գիտեր: Աշակերտներուն կը ներկայացնէ մզկիթի մը պատկերը եւ կը թելադրէ կրկնօրինակել. շատ լաւ. բայց աշակերտը ե՞րբ պիտի ճանչնայ հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեան բառամթերքը՝ գմբէթը, գաւիթը, դասը, խորանը, աւանդատունը, զանգակատունը, բայց մեր աշակերտները ո՞ւր պիտի սորվին դիմանկար, ինքնանկար, բնանկար, կիսանդրի, իւղաներկ, ջրաներկ, երանգապանակ, մատիտանկար, ճեխանկար եւ բազում ուրիշ բառեր: Նոյնիսկ դպրոցի քարտուղարը, որ հայերէնով կը դիմէ աշակերտներուն, բայց իր մարզի բոլոր անունները կու տայ արաբերէն, սպաներէն, անգլերէն. ըսէք խնդրեմ, մեր աշակերտը ո՞ւր պիտի իւրացնէ անձնագիր, անցագիր, պատճէն, մկրտութեան վկայագիր, ծննդեան հաստատագիր, ընտանեկան տետրակ, աշակերտի թղթապանակ եւ նման բառերը: 

Ինքնութեան գիտակցութիւնը ինքնըստինքեան չի գար: Այս նիւթերու ուսուցիչներու կամ տուեալ պաշտօնեայի ընտրութեան մէջ երբեք բծախնդիր չենք, չենք եղած բնաւ: Ինք՝ ուսուցիչը ոչինչ գիտէ իր մարզի հայկական իրականութեան մասին կամ ինք հայ չէ: Այդ պարագային այդ բառացանկերը մեռած բառացանկեր են ու անգործածելի: 

Այդպիսին է նաեւ համակարգիչի դասապահը, շաբաթը մէկ կամ երկու պահով: Տեսական այդ չնչին ծրագրին արդէն ծանօթ են մեր աշակերտները ինքնաբեր կերպով: Ի՞նչ կը մնայ ընել: Այդ դասապահերուն ամենէն կարեւոր աշխատանքներէն մէկը պէտք է ըլլայ հայերէնով մտածել տալ համակարգիչը, հայերէնով նամակ գրել ու մտնել համացանցին մէջ, հայերէնով հաղորդակցիլ, հայկական կայքերու ընդմէջէն մեր իրականութիւնը ճանչնալու վարժութիւն ձեռք բերել: 

Հայ դպրոցը միայն հայերէնի ուսուցիչը չէ, մենք ենք՝ մեր հայ ինքնութիւնը մեր աշակերտներուն մէջ տեսնելով ուրախացող իւրաքանչիւր ուսուցիչ կամ պաշտօնեայ, որ գիտէ, թէ ինք հայկական վարժարան մտնելով բոլորովին ուրիշ տիպար մըն է ու աւելի գեղեցիկ ու վեհ պարտականութիւն ունի: Ինք մասնակից է այս ձագերուն շրթունքին վրայ հայոց լեզուի վերընձիւղման հրաշագործութեան: 

Այլապէս՝ մեր դպրոցը իմաստազուրկ կը դառնայ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Մարտ 4, 2025