ՄԻՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Միութիւնը եւ միաբանութիւնը ընկերային կեանքի գոյապահպանման եւ բարւոք գոյատեւման համար անհրաժեշտ պայմաններն են։ Արդարեւ, հոն՝ ուր կը բացակայի միութիւնը եւ միաբանութիւնը, հոն կը սկսի քայքայում, կազմալուծում եւ փլուզում։
Կրօնական մարզի մէջ հաւատքի պատերազմը՝ ազատ համոզումներու, մտածումի ազատութեան պայքար մըն է։ Արդարեւ, պատմութիւնը միշտ ինքզինք կը կրկնէ։ Եւ այն ատեն պատմութիւնը կը դադրի ինքզինք կրկնելէ եւ կը փոխէ իր ընթացքը, երբ պատմութեան դէպքերէ դաս առնուի…
Այսպիսի հաւատքի պայքարի մը մէջ, անշուշտ, կը գտնուին քաջասիրտներ, հերոսներ, անվեհերներ, համարձակախօսներ, բայց կը գտնուին նաեւ նահանջողներ, ընկրկում ունեցողներ, ետ քաշուողներ եւ նոյնիսկ դաւաճանողներ՝ խաբողներ եւ ի՛ր իսկ կողմնակիցներուն գաղտնի չարիք նիւթողներ՝ դաւաճաններ եւ իրենները որոգայթը ձգողներ։ Այս՝ մարդկային բնութեան մէջ անխուսափելի երեւոյթ է, որքան կայ հաւատարմութիւն, նոյնչափ ալ կա՛յ անհաւատարմութիւն։ Աշխարհ, այս իմաստով, հակադրութիւններու վրայ հաստատուած է. բարին եւ չարը, օգտակարը եւ վնասակարը միշտ համընթաց են։ Ասիկա, ճշմարտութիւնը ճանչնալու, հաւատքի մէջ հաստատակամ ըլլալու հարց է։
Հաւատքը ճանչնալու համար, նա՛խ պէտք է հաւատքը հասկնալ եւ յետոյ, հասկնալով հաւատալ։ Ասոր համար պայման է բաղդատել անցեալը եւ ներկան եւ ըստ այնմ կերտել ապագան։ Այս կէտին կարեւոր է իրատես ըլլալ եւ ո՛չ թէ յոռետես։
Արդարեւ, Սրբոց Վարդանանց պատերազմը քաջութեան եւ նահանջումի, մինչեւ իսկ դաւաճանութեան երկուութեան պատմական տիպար մըն է. թէեւ յաճախ կը խօսուի քաջութեան մասին արդարացիօրէն, բայց հոն կայ նաեւ «Վասակ» մը՝ մատնիչ, դաւաճան մը՝ Սիւնեաց Վասակ իշխանի անունէն, որ կրօնական-հոգեւոր պատերազմի ժամանակ հակառակ դիրք բռնեց Վարդան Մամիկոնեանի եւ ուխտապահներու դէմ։
Վասակ Այունի եւ Վարդան Մամիկոնեան. Ահաւասիկ, երկու հակադիր դիրքորոշումներու մարմնացումը։ Բայց այս հակադրութիւնը բնական պէտք է համարուի, քանի որ մարդ ազատ կամքի տէր է եւ նաեւ պատասխանատո՛ւ իր ազատ կամքով արարքներուն։
Այստեղ ճշմարտութեան ստուգանիշն է՝ հասարակաց բարիքը եւ ընդհանուրին՝ ժողովուրդին օգուտը։ Այլապէս, անձնական բարիքը եւ օգուտը չ՚արդարացներ որեւէ չար արարքը։
Վերոյիշեալ նախընտրութիւնը, ահաւասիկ, ինքնաճանաչման առիթ մըն է. վերացական իմաստով՝ ո՛չ թանձրացեալ հաւատքը ընդունելի չէ, քանի որ հաւատքը գործ կը պահանջէ. հաւատքը ո՛չ գաղափար է եւ ոչ ալ զգացում, այլ ան նոյնինքն կեանքն է, զոր պէտք է ապրի՛լ։
Հաւատքի շուրջ հաւաքուիլ՝ միաբանիլ, համաձայնիլ հոգեւոր կեանքի համար անհրաժեշտ է։ Եւ ասիկա կը պահանջէ՝ ներողամտութիւն, հանդուրժողութիւն, հաշտութիւն եւ այս բոլորին պտուղը՝ խաղաղութի՛ւն։
Ըսինք, որ անցեալին բնական հետեւանքն է ներկան։ Ուրեմն, կ՚արժէ ուշադրութիւն դարձնել Հայ ժողովուրդին ընդհանուր երեւոյթին եւ հաւաքական տեսքին վրայ։ Անշուշտ, յարգելով ազնիւ բացառութիւնները, կ՚երեւի, թէ ընդհանրապէս միութեան եւ միաբանութեան բացակայութիւն մը կայ ներկայիս։ Տեւական չարամիտ քննադատութիւն, անհաւանութիւն, փոխանակ քաջալերելու՝ տեւական ոտնակապիչ եւ արգելիչ ոտնակապանք, նախանձ եւ տհաճութիւն… բոլոր այն չար զգացումներ՝ որոնք ժողովուրդի մը քայքայման, տարրալուծման պատճառ կ՚ըլլան։
Մինչդեռ եղբայրասիրութիւնը ժողովուրդի մը աւիշը, կենսանիւթն է, բարւոք հասարակական կեանքի մը համար անհրաժեշտ է միութիւնը եւ միաբանութիւնը, պայմանով որ անկե՛ղծ ըլլան։
Ամենասուրբ Երրորդութիւնը միութեան եւ միաբանութեան յստակ տիպարն է։ Անոր միութիւնը տիպար մը ըլլալու է, ուղեցոյց մը՝ ամէն անոնց որոնք կը հաւատան Երրորդութեան եւ հաւատարիմ կը մնան Անոր։ Անձերու զանազանութիւնը պէտք չէ խափանէ ամբողջութիւնը, միութիւնը եւ միաբանութիւնը եւ այսպէս կարելի է գոյապահպանել եւ գոյատեւել ինքնութիւնը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 3, 2025, Իսթանպուլ