ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Երէկ յետմիջօրէին, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Անի Ֆուլիանէ Ֆերահեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Իր կորուստը վերջին օրերուն ցաւ յառաջացուցած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։ Ան թոռնուհին էր մեծանուն գիւղագիր Յակոբ Մնձուրիի։ Յամենայնդէպս, ինք եւս վառ անհատականութիւն մըն էր՝ արժանացած յարգանքի եւ համակրանքի։ Երէկուան յուղարկաւորութիւնը համախմբեց հոծ թիւով յուղարկաւորներ, որոնք փութացած էին իրենց վերջին յարգանքը մատուցելու հանգուցեալին նկատմամբ։ Ներկայ էր նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

Լուսաշող տաճարի ճիշդ կեդրոնը, մահաբեմի վրայ զետեղուած էր դագաղը, որու շուրջ բոլորը աղօթեցին հանգուցեալի յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։ Վերջին հրաժեշտի ծանր փուլին յուղարկաւորները խոնարհեցան անոր ազնիւ յիշատակին առջեւ ու ջանացին մխիթարել հարազատները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ փորձեց մխիթարել հանգուցեալի ընտանիքը՝ մասնաւորապէս ցաւակցելով որդւոյն՝ Գարակէօզեան տան խնամակալութենէն Արեգ Ֆերահեանին։

Յուղարկաւորութենէն վերջ նորոգ հանգուցեալ Անի Ֆուլիանէ Ֆերահեանի մարմինը հողին յանձնուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 5, 2025