ԲԱԽՏՆ ՈՒ ԿԱՄՔԸ

Մարդ արարածը իր հազարամեակներու պատմութեան ընթացքին փնտռած է շատ մը հարցերու պատասխաններ, որոնցմէ շատեր այնպէս ալ մնացած են անպատասխան եւ վստահաբար այդ պատասխան չունեցողներուն խումբին մաս կը կազմէ բախտը՝ որուն գոյութիւնն ու անգոյութիւնը անորոշ է ու վիճելի: Շատեր կ՚ընդունին, որ բախտը անտեսանելի ուժ մըն է, որ կը ճշդէ մարդու կեանքի ընթացքը. կը հաւատան, որ գոյութիւն ունի անփոխելի ճակատագիր մը, որուն դէմ պայքարիլը անհնար է, սակայն, այս մտածողներուն հակառակ, ուրիշներ կ՚ընդունին, որ բախտը մարդուն ձեռքերուն մէջ գտնուող ուժ մըն է, որ կարելի է աշխատանքով, հաստատակամութեամբ ու ճիշդ որոշումներով ձեւաւորել:

Բախտի գոյութեան հաւատացողները կը հաւատան ու կը պնդեն, թէ գոյութիւն ունի բախտը՝ որպէս «լաւ» ու «վատ» եւ մարդկային կեանքի մէջ յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները կախեալ են անոնցմէ՝ անկախ ամէն տեսակի ջանքերէն: Շատերու համար այդ բախտը կը բացատրուի որպէս Աստուածային կամք, իսկ ուրիշներու համար ճակատագիր: Այս համոզումն ու մտածումը ունի հազարամեակներու պատմութիւն. օրինակի համար՝ պարսիկ մեծանուն բանաստեղծ Օմար Խայեամ, որ ապրած է մօտաւորապէս հազարամեակ մը առաջ, իր բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Ինչքան ալ փորձես, բախտդ կ՚որոշէ ճակատագիրդ»: Իրականութեան մէջ անուանումները բազմաթիւ են. ոմանց համար պատահականութիւն, ուրիշներու համար զուգադիպութիւն, յաճախ Աստուածային կամք, իսկ ոմանց համար նոյնիսկ տիեզերական ուժ ու կանոն, որովհետեւ քիչ չեն անոնք, որոնք կը հաւատան, թէ մարդկային բախտը կախեալ է տիեզերքէն: 

Այս բոլոր քաոսին պատճառը այն է, որ մարդ ուզած է գտնել իր յաջողութեան գաղտնիքը, ինչպէս նաեւ ապագայ կեանքի մասին որոշ յուշումներ. օրինակի համար՝ շատեր հարստանալը բախտի խնդիր կը նկատեն, իսկ ուրիշներ աշխատանքի մը արդար արդիւնք եւ այս համոզումն է, որ կ՚առաջնորդէ մարդկային կեանքը։ Եթէ իրապէս ճակատագիր մը գոյութիւն ունի, կ՚արժէ՞ այսքան տագնապիլ, զոհուիլ ու չարչարուիլ, եթէ կայ հաստատուած ճակատագիր մը, որ հակառակ մեր ամէն տեսակի ջանքերուն՝ պիտի կատարուի: Եթէ ամէն բան նախախնամուած է, ինչո՞ւ համար մաշեցնել մեր ուժերը. այս սխալ համոզումը այնքան տարածուած է, որ մինչեւ իսկ տեղ գտած է հաւատալիքներուն մէջ. այսօր գրեթէ քրիստոնեաներու մեծամասնութեան կողմէ սխալ ըմբռնուած է «Աստուծոյ կամք» արտայայտութիւնը. շատեր կը հաւատան, որ մեր կեանքին մէջ կը պատահի բան մը՝ որովհետեւ Աստուած կ՚ուզէ: «Աստուծոյ կամքը թող ըլլայ» ըսելով մենք ըսել չենք ուզեր, որ թող ըլլայ այնպէս՝ ինչպէս Աստուած կ՚ուզէ, որովհետեւ եթէ Աստուած ի՛նք պիտի որոշէր մեր կեանքն ու մեր որոշումները, ապա մեղքի ու զղջումի խնդիր պէտք չէ գոյութիւն ունենար կրօնի մէջ. իւրաքանչիւր լաւ կամ վատ արարք ծնունդն է մարդկային ազատ կամքին։ Աստուծոյ կամք արտայայտութիւնը պարզապէս անոր օրէնքներուն մէջ ըլլալու ցանկութեան արտայայտութիւն մըն է. Աստուծոյ ամենագէտ ըլլալը իւրաքանչիւրիս համար նախապէս սահմանուած ուղղութեան մը գոյութիւնը չի՛ խորհրդանշեր. Աստուած իր օրէնքներով, իր խրատներով կրնայ մարդը ուղղել, սակայն, ո՛չ երբեք որոշել անոր կեանքի ուղին, որովհետեւ իւրաքանչիւր արարք ազատ կամքի մը արդիւնքն է: Եթէ այսօր ես լաւ բան կ՚ընեմ կամ վատ՝ իմ ազատ կամքովս է, որ կ՚ընեմ. Աստուած չէ՛, որ իմ միջոցովս լաւը կամ վատը ի գործ կը դնէ. մարդու կեանքը պայքար մըն է, որուն աւարտին կայ խոստացուած հանգիստ մը՝ որ հիմնուած է մեր ազատ կամքին, մեր գործողութիւններուն եւ մեր որոշումներուն վրայ: 

Անշուշտ, ինչպէս ըսինք, կրօնական մօտեցումները մեծ դեր ունին այս համոզումներու գոյացութեան մէջ. օրինակի համար՝ բախտի գոյութեան մասին հարցական ստեղծով տող մը կը գտնենք Առակացի 16:9-ին մէջ. «Մարդուն սիրտը իր ճամբան կը հնարէ, բայց Տէրը կ՚ուղղէ անոր քայլերը»։ Եկեղեցւոյ այս խօսքը կը մեկնաբանեն հետեւեալ ձեւով. մարդ ունի ազատ կամք որոշելու եւ ծրագրելու իր կեանքի ընթացքը, սակայն, հակառակ այս իրողութեան, կը հաւատային, որ Աստուծոյ կամեցողութիւնը կ՚ուղղորդէ մարդուն քայլերը. օրինակի համար՝ բարի գործի մը կը ձեռնարկենք եւ կ՚ըսենք. «Աստուած չ՚ուզեր՝ պիտի չըլլայ»։ Եթէ խօսքը օրհնութեան մասին է՝ ուրիշ հարց, սակայն, պէտք չէ մոռնալ, որ մարդը ի՛նք որոշեց այդ բարի գործը իրականացնել: 

Վերը յիշեցինք Օմար Խայեամի խօսքը, սակայն պարսիկ բանաստեղծը իր գրութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Որպէսզի փոխես ճակատագիրդ, պէտք է նախ հաստատես, թէ քանի անգամ պատրաստ ես փորձել». այստեղ կը տեսնենք, թէ բանաստեղծը կը հաւատայ, որ ճակատագիրը (եթէ գոյութիւն ունի նոյնիսկ) կարելի է կամքի ուժով, փորձով ու աշխատանքով փոխել: Այսօր մարդոց կը պակսի այս ճշմարտութեան գիտութիւնը. այսօր ո՛չ ոք դատապարտուած է մնալ այնտեղ՝ ուր որ է. այդ մէկը պարզապէս կամքի ու ցանկութեան պակաս է. պէտք չէ հաւատալ գոյութիւն չունեցող ճակատագիրի մը եւ զոհուելու գացող նոխազի մը նման համակերպիլ իրավիճակին։ Տէրը ըսաւ, եթէ հաւատք ունենաս, կրնաս լեռը անգամ շարժել... պէտք է պարզապէս հաւատաք ունենալ սեփական ուժերուն, կարողութիւններուն վրայ, որպէսզի յաջողինք մեր կեանքը առաջնորդել այնտեղ՝ ուր կ՚ուզենք տեսնել:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞վ է աշխարհի ամենէն բախտաւորը:

Պատասխան. Աշխարհի բախտաւոր մարդը ան է, որ ներդաշնակութիւն գտած է իր կեանքին եւ երջանկութեան միջեւ՝ անկախ բոլոր հանգամանքներէն: Բախտաւոր է այն մարդը, որ կ՚ապրի սիրով եւ խաղաղութեամբ եւ իր շուրջիններուն մէջ կը կառուցէ վստահութիւն ու դրական զգացումներ: Բախտաւոր է ան՝ որ բացի իր անձէն ուրիշները կրնայ ուրախացնել եւ գիտէ լաւապէս գնահատել ամենէն փոքր դրական առիթները: Բախտը միշտ չէ, որ կախեալ է նիւթական հարստութենէն. բախտաւորութիւնը աւելի ներքին արժէք մըն է:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մարտ 5, 2025