ՊԱՏԻԺՆ ՈՒ ՄԱՐԴԸ
Մարդկութիւնը երկիր մոլորակին վրայ քանի՞ հազարամեակներէ ի վեր կ՚ապրի՝ հարցական է, սակայն, յստակ է, որ մարդկային կեանքին մէջ պատիժի գոյութիւնը հին է այնքան՝ ինչքան մարդկութիւնը: Սկսելով նախամարդէն, գրեթէ բոլոր քաղաքակրթութիւններուն մէջ կը տեսնենք պատիժի գոյութիւնը, որ ծառայած է արդարութեան, ինչպէս նաեւ հասարակական կարգի պահպանման միջոց՝ վերահսկելու եւ իշխանութիւնը պահելու համար:
Պատիժը եղած է միակ միջոցը, հասարակական կեանքի մէջ որոշ արդարութիւն մը ստեղծելու. օրինակ՝ եթէ ուսումնասիրենք Հին կտակարանը, այդտեղ պիտի գտնենք ժամանակաշրջանի մտածողութիւնը ցոյց տուող որոշ օրէնքներ։ Փիլիսոփայութիւնը կու գայ ըսելու, որ այդ օրէնքներէն շատեր, որոնք տեղ գտած են Հին կտակարանին մէջ, շատ աւելի հին քաղաքակրթութեան մը հայելին են. օրինակ՝ այնպէս, ինչպէս Աստուածաշունչի մէջ, Համուրապիի օրէնքներուն գիրքին մէջ եւս կը կարդանք «Աչքի դէմ աչք» սկզբունքը. սկզբունք՝ որ ցոյց կու տար, թէ պատիժը պէտք է ըլլայ համարժէք ու հաւասար:
Պատիժը, սակայն, բացի արդարութենէն ու հասարակութեան վրայ վախ ազդելէ, կը ծառայէր այլ նպատակներու. Ինչպէս՝ իշխանութեան պահպանում. ձեւ՝ որ աւելի քան հազարամեակներ ետք մեր օրերուն եւս որոշ երկիրներու մէջ կը տեսնենք: Հին քաղաքակրթութիւններուն մէջ եւս պատիժը միշտ ծառայած է զօրացնելու իշխանութիւնները. օրինակ՝ եթէ սերտենք Եգիպտոսի հին պատմութիւնը, պիտի տեսնենք, որ հին ժամանակ իշխաններն ու թագաւորները համազօր էին աստուածներու եւ հետեւաբար անոնց դէմ մեղանչելը կրնար մինչեւ իսկ մահուան դատապարտութեան պատճառ դառնալ անձի համար. այս բոլորը լոկ միջոցներ էին պահպանելու համար հեղինակութիւնն ու իշխանութիւնը:
Սակայն, պատմութեան ընթացքին այնպէս, ինչպէս զարգացաւ ամէ՛ն ինչ, զարգացաւ նաեւ պատիժը. եթէ անցեալին այդ պատիժը լոկ մարմնական էր, այսօր ունինք տարբեր ձեւերու պատիժներ. ինչպէս՝ հոգեկան ու բարոյական՝ ի տարբերութիւն մարմնականին:
Փիլիսոփայութիւնը միշտ ալ հակասական կարծիքներ ունեցած է պատիժին եւ այդ պատիժին փոխարէն դրուող օրէնքներուն դիմաց. շատեր պատիժը կը նկատէին անհրաժեշտ, որովհետեւ մարդ արարած հակումը ունի սխալելու եւ կանոնները խախտելու եւ միայն պատիժի մը գոյութիւն կրնայ զանոնք հեռու պահել որոշ քայլերէ. շատեր դրական ձեւով ընդունած են պատիժը, իսկ ուրիշներ հակառակը: Այս հակասութիւնները պարզելու համար կ՚ուզենք օրինակներ տալ գրականութենէն։ Օրինակի համար՝ ֆրանսացի մտածող Մոնթեսքիէօ կ՚ըսէ. «Պատիժը պէտք է ըլլայ, սակայն ո՛չ որպէս վրէժ, այլ կանխարգելիչ միջոց», իսկ ռուս գրող եւ փիլիսոփայ Տոսթոեւսքի կ՚ըսէ. «Պատիժը միայն կը խորացնէ յանցանքը եւ ո՛չ թէ արմատախիլ կ՚ընէ»: Այլ օրինակ մըն է անգլիացի փիլիսոփայ Ճերըմի Պենթամը, որ իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Պատիժը ինքնին չարիք է, որմէ պէտք է հնարաւորին չափով խուսափիլ»:
Կարծիքները հակասական են. մին պատիժը կը տեսնէ որպէս աշխարհի չարութիւնը աւելի խորացնելու միջոց, մինչ ուրիշ մը այդ մէկը անհրաժեշտ կը նկատէ՝ աւելի խաղաղ պայմաններ ունենալու համար: Իրականութեան մէջ պատիժը մենք ալ անհրաժեշտ կը նկատենք, որովհետեւ անոր գոյութիւնը շատ մը չարութիւններու արգելք միջոցն է. մարդու համար մեծագոյն հարստութիւնն ու արժէքը իր ազատութիւնն է:
Լաւապէս կը գիտակցինք, որ պատիժը երբեք ալ վերջնական լուծում պիտի չըլլար անօրէնութեան, որովհետեւ հակառակ այդ պատիժներու գոյութեան՝ պիտի ըլլան օրինազանցներ. վկայ բանտերը՝ որոնք այսօր լեցուն են անթիւ բանտարկեալներով:
Սակայն ինչո՞ւ այս հակասութիւնը. օրինակի համար՝ Հին կտակարանը Առակաց 13:24-ի մէջ կ՚ըսէ. «Գաւազանին խնայողը իր որդին կ՚ատէ, Բայց իր որդին սիրողը կանուխ կը խրատէ». այլ խօսքով՝ Աստուածաշունչը դիտել կու տայ, որ ծեծը որպէս պատժամիջոց կարեւոր է, սակայն, ներկայ մանկավարժութիւնը կու գայ ըսելու, թէ պէտք չէ պատժել երեխան՝ այլ պէտք է բարութեամբ ու հանդարտութեամբ հասկցնել:
Պատիժին հակառակ եղողները հետեւեալ տրամաբանական հարցը յառաջ կը քշեն. եթէ պատիժը պատճառ ու առիթ պիտի չըլլայ, որպէսզի մարդ դէպի դրական փոխուի, ապա ի՞նչ իմաստ ունի այդ պատիժը. անոնք կը հաւատան, որ պատիժի մը իմաստը, օրինակ՝ բանտարկութեան իմաստը, ո՛չ թէ անձը իր ազատութենէն զրկել է, այլ սորվեցնել, թէ ի՛նչն է ճիշդն ու բարին եւ ինչը ոչ. որովհետեւ պէտք է նկատի ունենալ, որ շատեր պատիժը կը գործածեն ո՛չ թէ կրթելու եւ դաստիարակելու համար, այլ ճնշում բանեցնելու:
Այդ իսկ պատճառով աւելիով հասկնալու համար պատիժին ինչութիւնը, մեր յաջորդ գրութեամբ պիտի փորձենք ներկայացնել անոր դրական ու բացասական կողմերը, որովհետեւ ամէն ընտանիք, ամէն հաստատութիւն, ամէն ընկերութիւն ունի իր պատիժի սահմանումը եւ որպէս մարդ արարածներ կարեւոր է ճանչնալ, թէ ինչքանով կարեւոր են անոնց ներկայութիւնը մեր մարդկային կեանքէն ներս:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ո՞րն է ամենէն դաստիարակչական պատիժը:
Պատասխան. Ամենէն դաստիարակչական պատիժը այն է, որ մարդուն հնարաւորութիւն կու տայ հասկնալ իր սխալը եւ պատճառ կ՚ըլլայ, որ սորվի, թէ ո՛րն է ճիշդը: Դաստիարակչական պատիժը պարտի ըլլալ համահունչ եւ համբերատար եւ պէտք է ուղղուած ըլլայ անձի բարելաւումին եւ ո՛չ թէ նեղութեան: Օրինակի համար՝ շատեր կը ստիպեն, որ երեխան պատասխանատուութիւն կրէ իր գործողութիւններուն եւ արարքներուն համար եւ այդ մէկը ապագային իր մէջ կ՚արթնցնէ ինքնաքննադատութիւն եւ ինքնազարգացում՝ քան լոկ սովորական պատիժ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան