ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ՄԱՐԴ
«Արժանիք» եզրը կը նշանակէ ընդհանրապէս «այն հատուցումը՝ զոր հասարակութիւն մը կամ ընկերութիւն մը պարտի կատարել իր անդամներէն մէկուն գործին փոխարէն՝ նկատուած իբր բարիք կամ չարիք, արժանի վարձատրութեան կամ պատիժի»։ Արժանիքը առընչուած է արդարութեան առաքինութեան հետ, ըստ զուգակշռութեան սկզբունքին՝ որ կը կառավարէ զայն։ Այս իմաստով, ահաւասիկ, Աստուծոյ դիմաց՝ իրաւունքի սեղմ առումով, մարդուն կողմէ արժանիք գոյութիւն չունի։ Աստուծոյ եւ մեր միջեւ անհաւասարութիւնը անչափելի է, որովհետեւ մենք ամէն ինչ ստացած ենք Անկէ՝ մեր Արարչէն։
Քրիստոնեայ կեանքին մէջ՝ մարդուն արժանիքը Աստուծոյ մօտ յառաջ կու գայ այն իրողութենէն՝ որ «Աստուած Ինք ազատօրէն կը տրամադրէ մարդը, որ ան մասնակից դառնայ Իր շնորհքին գործին»։
Աստուծոյ հայրական գործը նախընթաց է Իր դրդումով, իսկ մարդուն ազատ գործելը երկրորդն է Իր գործակցութեամբ, այնպէս որ բարի գործերուն արժանիքները պէտք է վերագրուին նախ Աստուծոյ շնորհքին, ապա հաւատացեալին։
Մարդուն արժանիքը ամբողջովին յատկացուելու է Աստուծոյ, քանի որ մարդուն բարի գործերը իրենց ծագումը ունին Քրիստոսի մէջ, Սուրբ Հոգիին հոգածութեամբ եւ օգնութիւններով։ «Որդեգրութիւն»ը, շնորհքին միջոցով՝ մեզ աստուածային բնութեան մասնակից ընելով, կրնայ մեզի փոխանցել, ըստ Աստուծոյ ձրի արդարութեան, «ճշմարիտ արժանիք մը»։ Ասիկա շնորհքէն պարգեւուած իրաւո՛ւնք մըն է, լիիրաւ իրաւունքը սիրոյ, որ մեզ կ՚ընէ «ժառանգակից» Քրիստոսի եւ արժանի ընդունելու յաւիտենական կեանքին խոստացուած ժառանգութիւնը։
Մեր բարի գործերուն արժանիքները պարգեւներն են աստուծային բարութեան։
Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Շնորհքը մեզ կանխեց, իսկ այժմ մենք կը վերադարձնենք ինչ որ պարտական ենք։ Արժանիքները պարգեւներ են Աստուծոյ»։ Շնորհքի մարզին մէջ նախաձեռնութիւնը քանի որ Աստուծոյ կը պատկանի, ոչ ոք կրնայ արժանանալ առաջին շնորհքին, որ սկիզբն է դարձին, ներումին եւ արդարացումին։
Աստուած է որ նախ կը կանչէ մարդը։
Որքան ալ մարդը մոռնայ իր Արարիչը եւ պահուըտի Անոր Երեսէն, որքան ալ մարդը իր կուռքերուն ետեւէն վազէ կամ ամբաստանէ աստուածութիւնը՝ թէ լքած է զինք, սակայն կենդանի եւ ճշմարիտ Աստուածը իւրաքանչիւր անձը անխոնջաբար կը կանչէ աղօթքի խորհրդաւոր հանդիպումին։
Մեր հաւատարիմ Աստուծոյ սիրոյ այս շարժումը՝ աղօթքի մէջ մեզ միշտ կանխող շարժում է, իսկ մարդուն շարժումը միշտ պատասխա՛ն մըն է Անոր։ Մինչ Աստուած հետզհետէ կը յայտնուի եւ մարդն ալ մարդուն կը յայտնէ, աղօթքը կը ներկայանայ իբրեւ փոխադարձ կանչ մը, ուխտի եղերախաղ մը։ Այս եղերախաղը իր խօսակցութիւններուն եւ արարներուն ընդմէջէն, յանձնառու կը դարձնէ սիրտը։ Ան ինքզինք կը քօղազերծէ փրկութեան ամբողջ պատմութեան ընդմէջէն։
Մարդը իրաւո՛ւնք ունի գործելու ըստ խղճմտանքին եւ ազատօրէն, անձնապէս առնելու համար բարոյական որոշումները։ Ուստի, մարդը պէտք չէ՛ հարկադրուի գործելու ընդդէմ իր խղճմտաքին։ Ո՛չ ալ պէտք է անոր արգիլուի գործելու ըստ իր խղճմտանքին՝ մանաւանդ կրօնական մարզին մէջ։ Խղճմտանքին էութիւնը պէտք է ըլլայ լուսաբանուած, իսկ բարոյական դատողութիւնը՝ լուսաւորուած։ Լաւ կազմաւորուած խիղճը ուղիղ է եւ ճշմարի՛տ։
Բարոյական ընտրանքի մը դէմ դիմաց դրուած՝ մարդուն խիղճը կրնայ կազմել կա՛մ ուղիղ դատաստան մը, հաշտ՝ բանականութեան եւ աստուածային օրէնքին հետ, կա՛մ ընդհակառակը կազմել թիւր դատաստան մը՝ որ կը հեռանայ անոնցմէ։ Մարդը երբեմն կը հակադրուի կացութիւններու՝ որոնք բարոյական դատաստանը կը դարձնեն նուազ ապահով եւ որոշումը՝ դժուա՛ր։
Բայց մարդը պէտք է միշտ փնտռէ ի՛նչ որ արդար է եւ բարի, եւ ջոկէ Աստուծոյ կամքը, որ արտայայտուած է աստուածային օրէնքին մէջ։ Առ այս՝ մարդը կը ջանայ մեկնաբանել փորձառութեան տուեալները եւ ժամանակի նշանները՝ շնորհիւ խոհեմութեան առաքինութեան…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 8, 2025, Իսթանպուլ