ԲԱՐԿԱՆԱՅՔ՝ ԵՒ ՄԻ՛ ՄԵՂԱՆՉԷՔ

Կան որոշ մարդկային բնութիւններ, որոնք մեր կամքէն անկախ մեր մարդկային խառնուածքին անբաժանելի մէկ մասն են: Այնպէս, ինչպէս ուրախութիւնը, սարսափը կամ այլ զգացում, զայրոյթը եւս բնազդային արձագանգ մըն է։ Սակայն, ի տարբերութիւն միւս երեւոյթներուն, զայրոյթը շատ աւելի բարդ ու մտահոգեցուցիչ վիճակ մը ունեցած է մարդկային պատմութեան ընթացքին, որովհետեւ բոլորը չեն կրնար զայն կառավարել ու զսպել եւ անոր վտանգաւոր ըլլալը մարդ արարած արդէն իսկ հասկցած էր հազարամեակներ առաջ։ Օրինակ՝ հռոմէացի յայտնի փիլիսոփայ Սենեկա իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէր. «Զայրոյթը կրակի նման է. եթէ չզսպես, կրնայ ոչնչացնել ամէն բան»:

Պարզ է, որ զայրոյթի պահուն մարդիկ յաճախ կը կորսնցնեն տրամաբանութիւնը եւ տրամաբանութենէ զրկուած այդ մէկ վայրկեանին կրնան յանձն առնել ընել այնպիսի սխալներ՝ ինչ որ ամբողջ կեանք մը կրնայ իր ազդեցութիւնը ունենալ. սխալներ՝ որոնց հետեւանքը կրնայ ըլլալ անդարձ: Հին ժամանակ զայրոյթը կը դիտուէր որպէս հոգիի թուլութիւն. կը հաւատային, որ եթէ մէկը չի կրնար իր զայրոյթը զսպել՝ ունի նաեւ մտային տկարութիւն, որովհետեւ հին փիլիսոփայութիւնը կ՚ըսէ՝ մարդիկ իրենց ուղեղին վրայ իշխանութիւն ունին. մարդիկ յաճախ չեն կրնար արտաքին իրադարձութիւններուն վրայ ազդեցութիւն ունենալ, սակայն, այդ բոլորին դիմաց իրենց ուղեղը իրենց իշխանութեան տակ է: Բոլորս ալ գիտենք, որ զայրանալը մարդկային կեանքին անբաժան մէկ մասն է. կարելի չէ գտնել մարդ մը, որ երբեւէ ջղայնութիւն ունեցած չըլլայ. յիշեցէ՛ք, որ նոյնիսկ Յիսուս Քրիստոս մարդկային բնութեամբ ապրելու ջղայնացաւ: 

Յաճախ կը կարծենք, որ մարդկային կեանքին մէջ իմաստութիւնը գիտելիքներով եւ կամ նիւթականի ուժով կը չափուի, սակայն, իսկական իմաստունները կարելի է գտնել զայրոյթի ժամանակ, որովհետեւ ինչպէս Արիստոտէլ պիտի ըսէր. «Իւրաքանչիւր մարդ կրնայ ջղայնանալ, բայց ճիշդ մարդու հետ, ճիշդ չափով, ճիշդ ժամանակին եւ ճիշդ նպատակով զայրանալը դիւրին չէ»: Մարդկային կեանքին մէջ զայրոյթին դերը աւելի լաւ հասկնալու համար բաւարար է աչքէ անցընել համաշխարհային գրականութիւնը. Շէյքսփիրի «Օթելլօ»ն, Հիւկոյի «Թշուառներ»ը, Տոսթոեւսքիի «Ոճիր եւ պատիժ»ը եւ բազմաթիւ ուրիշներ հայելին են զայրոյթին. օրինակի համար Օթելլոն՝ ինչպէս վէպը կը նկարագրէ, ազնիւ ու խոհեմ մարդ էր, սակայն, նախանձը իր մէջ կ՚արթնցնէ զայրոյթ, որու հետեւանքով կը սպաննէ Տեզտեմոնան. այս ստեղծագործութիւնը պարզ հայելի մըն է, թէ ինչպէ՛ս զայրոյթը ազնիւ անձ մը կրնայ մարդասպան դարձնել. վերջաւորութեան Օթելօ ինք եւ ինքզինք կը յանձնէ մահուան:

Զայրոյթի զոհերուն ամենէն պարզ օրինակը այսօր կարելի է գտնել բանտերէն ներս. այսօր բանտերու մէջ կան մարդիկ, որոնք իրենց ազատազրկումով տասնեակ տարիներ կը վճարեն պարտքը այդ մի քանի վարկեանուան զայրոյթին. կարելի՞ է մեղադրել. կը կարծենք ոչ, որովհետեւ յաճախ մարդկային զգացումները՝ ինչպէս ուրախութիւնը, զայրոյթը, նախանձը եւ ուրիշներ կրնան աւելի զօրաւոր ազդեցութիւն ունենալ մարդուն վրայ՝ քան բանականութիւնը. այդ երկուքին անհաւասարակշռութեան մէջ սկիզբ կ՚առնեն մարդկային ողբերգութիւնները: Բանտերուն մէջ պատիժ կրող մարդիկ միայն իրենց զոհը չէ՛, որ կործանած կ՚ըլլան. երիտասարդ մը իր զայրոյթի մէկ պահուն կրնայ ոճիր մը գործել. տեղւոյն վրայ կը քանդէ թէ՛ զոհին եւ թէ իր կեանքը եւ մէկէ աւելի հոգիներ ցաւի ճամբով կը կրեն հետեւանքը այդ զայրոյթին, որ ժամանակ մը ետք անիմաստ ու անտեղի զայրոյթ որպէս կը բնութագրուի: Այս բոլորին գիտակցութիւնը ունենալով ի՜նչ լաւ գրած են հիները. «Ջղայնութիւնը պահ մըն է, բայց զղջումը՝ ամբողջ կեանք մը»: Զայրոյթը ծովու փոթորիկին նման է. կ՚ալեկոծէ, որոշ ժամանակ մը խաղաղութիւնը կը խանգարէ, սակայն, ժամանակ մը ետք կը վերադառնայ բնականին. այդ ժամանակաւոր փոթորիկին համար կ՚արժէ՞ ամբողջ կեանք մը տուժել. կ՚արժէ՞ վարկեանուան մը համար կորսնցնել ամէն ինչ: 

Հին ասացուածքը մարդուն կ՚ըսէր, որ եթէ ջղայնացած ես հաշուէ մինչեւ տասը, եթէ շատ ջղայնացած ես հաշուէ մինչեւ հարիւր. այս մէկը պարզապէս ցոյց կու տայ, որ փոթորիկէն դուրս գալու համար մարդ կարիքը ունի լոկ ժամանակի. այդ իսկ պատճառով աշխարհը մարդուն կու գայ տալու մի քանի խրատներ.

Ա.- Երբ զայրացած եւ մի՛ պատասխաներ. ժամանակ տուր մտածումներուդ եւ հաւասարակշռէ զգացումներդ ու բանականութիւնդ:

Բ.- Մտածէ անոնց հետեւանքներուն մասին. շատ անգամ պարզ խօսք մը նոյնիսկ կրնայ անդառնալի հետեւանքներ ձգել մարդու կեանքին մէջ. հաւանական հետեւանքները ինչքանո՞վ արժանի են զայրոյթին: 

Գ.- Հեռացիր միջավայրէն. զայրոյթը ունի որոշ աստիճանաւորումներ. կրնայ զայրոյթը նուազ ըլլալ, սակայն ընթացքին աւելի բորբոքիլ։ Անշուշտ, կրնայ պատահիլ նաեւ հակառակը, սակայն, ամենէն վատ հետեւանքներէն ազատելու համար որոշ ժամանակ մը հեռացէք, որովհետեւ ժամանակը պիտի օգնէ, որպէսզի արդար դատողութիւն կատարէք եւ զգացումներէն անդին բանականութեամբ մտածէք: 

Այս բոլորէն ետք կ՚ուզենք որպէս մաղթանք յիշել Աստուածաշունչի կարեւոր խօսքերը. «Բարկանայք՝ եւ մի՛ մեղանչէք»:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Պատմութեան մէջ զայրոյթի պատճառով ի՞նչ վատ բաներ եղած են:

Պատասխան. Պատմութեան ընթացքին զայրոյթը յաճախ եղած է կործանարար պատերազմներու եւ ողբերգական իրադարձութիւններու պատճառ: Օրինակի համար՝ 1914 թուականին թագաժառանգ Ֆրանց Ֆերտինանտի սպանութիւնը զայրոյթի ալիք բարձրացուց, որու հետեւանքով սկիզբ առաւ Համաշխարհային առաջին պատերազմը: Նոյնպէս Ֆրանսական յեղափոխութեան ժամանակ ժողովուրդի զայրոյթը պատճառ եղաւ զանգուածային ահաբեկչութիւններու: Կարելի է յիշել բազմաթիւ օրինակներ, ուր զայրոյթի պատճառով մարդիկ տուժեցին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 10, 2025