ՍԱՂՄՈՍՆԵՐ՝ ԱՂՕԹՔ ՍՐՏԱԲՈՒԽ

Դաւիթէն սկսեալ մինչեւ Մեսիային գալուստը, Սուրբ Գիրքը կը բովանդակէ աղօթքի էջեր՝ որոնք կը վկայեն ինքնիր կամ ուրիշին համար կատարուած աղօթքին խորացումին. (ԵԶՐ. Թ 6-15), (ՆԷՄ. Ա 4-11), (ՅՈՎՀ. Բ 3-10), (ՏՈԲ. Գ 11-16), (ՅԴԹ. Թ 2-14)։ Սաղմոսները տակաւ առ տակաւ կը խմբուին հինգ գիրքերու հաւաքածոյի մը մէջ։ Սաղմոսարանը, կամ «գովաբանագիրք»ը, Հին կտակարանի մէջ աղօթքին գլուխ գործոցն է՝ սրտաբուխ արտայայտութիւններ։

Սաղմոսները կը սնուցանեն եւ կ՚արտայայտեն Աստուծոյ իբր համախմբում նկատուած Ժողովուրդին աղօթքը, ըլլա՛յ մեծ տօներուն առիթով Երուսաղէմի մէջ, ըլլա՛յ ամէն շաբաթ՝ ժողովարաններու մէջ։ Այս աղօթքը միանգամայն «առանձնական» եւ «հասարակական» է. ան կը վերաբերի ե՛ւ աղօթող մարդոց ե՛ւ առ հասարակ բոլոր մարդոց. այս աղօթքը երկինք կը բարձրանայ ե՛ւ Սուրբ Երկրէ ե՛ւ սփիւռքի հասարակութիւններու ծոցէն, սակայն կը պարփակէ ամբողջ արարչութիւնը, ան կ՚ոգեկոչէ անցեալի փրկչական դէպքերը եւ կը տարածուի մինչեւ պատմութեան կատարածը. ան կը յիշատակէ Աստուծմէ արդէն իսկ կատարուած խոստումները եւ կը սպասէ Մեսիային, որ զանոնք վերջնականապէ՛ս պիտի իրագործէ։

Քրիստոսով աղօթուած եւ իրականացուած Սաղմոսները կը հանդիսանան էական մասը Եկեղեցւոյ աղօթքին։

Սաղմոսարանը այն գիրքն է, որուն մէջ Աստուծոյ Խօսքը կը դառնայ աղօթք մարդուն։ Հին կտակարանին միւս գիրքերուն մէջ, խօսքերը կը հռչակեն Աստուծոյ մարդոց համար կատարած գործերը եւ կը յայտնաբերեն անոնց մէջ բովանդակուած խորհուրդը։

Սաղմոսարանի մէջ սաղմոսերգուին խօսքերը Աստուծոյ կատարած փրկութեան գործերը կ՚արտայայտեն՝ երգելով զանոնք Աստուծոյ համար։ Միեւնոյն Հոգին կը ներշնչէ Աստուծոյ գործը եւ մարդուն պատասխանը։ Քրիստոս իրարու պիտի միացնէ մին եւ միւսը։ Քրիստոսի մէջ, սաղմոսները չեն դադրիր մեզի աղօթել սորվեցնելէ։

Սաղմոսներուն աղօթքին բազմաձեւ արտայայտութիւնները կը դրսեւորուին թէ՛ Տաճարին ծիսակատարումին եւ թէ՛ մարդուն սրտին մէջ։ Սաղմոսները ըլլան մաղթերգ, անձկութեան կամ գոհաբանութեան աղօթք, անհատական կամ հասարակական պաղատանք, արքայական կամ ուխտագնացութեան երգ, իմաստութեան խորհրդածութիւն, անոնք կը հանդիսանան հայելին Աստուծոյ Իր ժողովուրդին պատմութեան մէջ գործած սքանչելիքներուն, ինչպէս նաեւ սաղմոսերգուէն ապրուած մարդկային անցուդարձերուն։ Սաղմոս մը կրնայ ցոլացնել անցեալին պատկանող մէկ դէպքը, սակայն ան իր արտայայտութեան ձեւին մէջ այնքան սեղմ եւ ամփոփ է, որ ամէն վիճակի եւ ամէն ժամանակի մարդիկ կարող են զայն հարազատօրէն աղօթել։

Մնայուն գիծեր կ՚անցնին Սաղմոսներուն ընդմէջէն, հոն կայ աղօթքին պարզութիւնը եւ ինքնաբուխ արտայայտութիւնը, հոն կայ Աստուծոյ բաղձանքը արարչագործութեան մէջ՝ ամէն բարի բանի հետ եւ ընդմէջէն, հոն կայ անհանգիստ կացութիւնը հաւատացեալին՝ որ Տիրոջ հանդէպ իր նախընտրական սիրոյն մէջ կը բախի բազմատեսակ թշնամիներու եւ փորձութիւններու, իսկ հաւատարիմ Աստուծոյ կատարելիք գործին սպասումին մէջ՝ կայ ստուգութիւն Անոր սիրոյն եւ ապաւինում Անոր կամքին։ Սաղմոսներուն աղօթքը միշտ լիացած է գովաբանութիւններով եւ ասոր համար՝ այս հաւաքածոյին տիտողսը լաւապէս կը պատշաճի անոր բովանդակութեան. «Գովասացութիւններ»։

Համախմբումին պաշտամունքին համար կազմուած, ան կը բարձրացնէ աղօթքի կանչը եւ կ՚երգէ կանչին պատասխանը. «Հալլէլու-Եահ». (Ալէլուիա), «Գովեցէ՛ք Տէրը»։

Սուրբ Ամբրոսիոս՝ վրաց կրօնական եւ գիտնական. 1861-1927, Սաղմոսներու մասին կ՚ըսէ.

«Ի՞նչ կայ լաւագոյն քան սաղմոս մը։ Այս մասին Դաւիթ շատ լաւ ձեւով կ՚ըսէ.- Գովեցէ՛ք Տէրը, որովհետեւ Սաղմոսը բարի բան մըն է. մեր Աստուծոյ մատուցանենք քաղցր եւ գեղեցիկ գովաբանութիւն։ Եւ ասիկա ուղիղ բան է. որովհետեւ Սաղմոսը օրհնաբանութիւն է մատուցուած ժողովուրդէն, գովաբանութիւն է Աստուծոյ՝ համախմբումէն, ծափողջոյն է՝ բոլորին կողմէ, խօսք է՝ արտասանուած համայն տիեզերքին կողմէ, ձայնն է Եկեղեցւոյ, հաւատքի դաշն դաւանութիւն է…»։ 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 10, 2025, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Մարտ 11, 2025