ՄԱՆԿԱՍՊԱՆ ՀԱՅՐԵՐ

Ընթերցողը վերնագիրը կարդալով պիտի զարմանայ: Սակայն, որպէսզի զարմանքը չերկարի՝ յայտնեմ, որ մանկասպան արտայայտութիւնը ո՛չ թէ ֆիզիքական առումով պէտք է հասկնալ, այլ՝ հոգիի: 

Բնականաբար, չկա՛յ հայր մը, որ իր զաւակը կը սպաննէ, աւելին, չկա՛յ հայր մը, որ գիտակցաբար եւ կամաւոր կերպով ուզէ իր զաւակին ցաւ ու տանջանք պատճառել, ո՜ւր մնաց սպաննել: Ասիկա հայր-զաւակ ֆիզիքական կապի առնչութեամբ: Դժբախտութիւնը կը կայանայ հոգեւորին մէջ, որովհետեւ այսօրուան հայրերը եւ, ընդհանրապէս, ծնողները, իրենց զաւակներուն հոգեւոր ու բարոյական կեանքով այնքան չե՛ն զբաղիր, ինչքան կը զբաղին անոնց հագուստ-կապուստով, լաւ սնուելով, բարձրագոյն ուսում ստանալով, հանգիստ կեանք մը ապրելով («մենք չհագուեցանք՝ դուք հագուեցէք գոնէ. մենք լաւ չսնուեցանք՝ դուք սնուեցէք. մենք չկրցանք լաւ ուսում ստանալ՝ դուք ստացէք. մեր կեանքը վազքով ու յոգնութեամբ անցաւ՝ գոնէ ձերը այդպէս չըլլայ…», եւ նման արտայայտութիւնները կարելի է աւելցնել): Բնականաբար, չկա՛յ ոեւէ ծնող, որ չփափաքի, թէ իր զաւակները իրմէ լաւ ըլլան ամէն ինչով: Բայց միթէ՞ այդքանը բաւարար է: Այսքանով բաւարարուիլն ալ մանկասպանութեան տեսակ մըն է, որովհետեւ այդպէս վարուելով անհոգ եւ անտարբեր զաւակներ կը մեծցնեն ծնողները:

Միւս կողմէ, բոլոր այն ծնողները, որոնք իրենց զաւակներուն այս աշխարհի կեանքով եւ անոր պարտադրած պարագաներով կը զբաղին, անտեսելով հոգեւորը, անուշադրութեան մատնելով իրենց զաւակներուն հոգիներու շինութիւնն ու դաստիարակութիւնը, ապա մանկասպաններ կը դառնան, որովհետեւ իրենց զաւակներուն հոգիները կորուստի եւ մահուան կը մատնեն:

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը գրէ. «Այն հայրերը, որոնք հոգ չեն տանիր իրենց զաւակներուն պարկեշտութեան եւ համեստութեան մասին, մանկասպաններ են եւ աւելի դաժան, քան մանկասպանները, որովհետեւ այստեղ խօսքը կը վերաբերի հոգիի կործանման ու մահուան մասին»:

Ոսկեբերան Հայրապետը պարկեշտութեան եւ համեստութեան մասին կը խօսի, որովհետեւ այդ երկուքն են, որ մանուկներու հոգին կը զարդարեն եւ անոնց ապագայի կեանքը, այսինքն՝ իրենց ապագային ինչ տեսակի մարդ ըլլալը ամուր հիմքերու վրայ կը դնեն: Հետեւաբար, հայրերը զգոյշ պէտք է ըլլան, եւ հարստութիւն ու բարօր կեանք մը տալու մասին մտածելէ առաջ իրենց զաւակներուն, մտածեն ազնուութեամբ, պարկեշտութեամբ, անկեղծութեամբ եւ համեստութեամբ զարդարել անոնց հոգիները՝ ամրացնելու համար զիրենք կեանքի փորձութիւններուն դէմ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Մարտ 17, 2025