Չորեքշաբթի 19, Մարտ 2025
ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԳԱՒԱՌԱՊԵՏԻՆ
Էսաեան վարժարանի պատասխանատուները երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Պէյօղլուի գաւառապետ Աթաքան Աթասոյին։ Այս վերջինը նշանակումէն վերջ մօտաւոր անցեալին դպրոց այցելած էր եւ երէկ ալ Էսաեանի պատասխանատուները փոխադարձած եղան այդ քայլին։
Այսպէս, Աթաքան Աթասոյ հիւրընկալեց Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկանը, լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տենչա Չընարը, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէն եւ միջնակարգի փոխ-տնօրէն Ռեճեփ Քարամանը։
Զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան կրթութեան բնագաւառին շուրջ։ Էսաեանի պատասխանատուները անդրադարձան՝ աշակերտներու թէ՛ ուսման եւ թէ ընկերային զարգացման հետամուտ դպրոցի որդեգրած ուղղութեան։
Երեքշաբթի, Մարտ 18, 2025