ԱՆԱՌԱԿԸ ԵՒ ԵՂԲԱՅՐԸ

Մեծ պահքի երրորդ կիրակին «Անառակին» կիրակին է, ուր կը պատմուի անառակ որդիի մը, հօրը եւ անառակին եղբօր յարաբերութիւնները՝ որոնցմէ կարելի է քաղել բազմաթիւ հոգեւոր դասեր։

Անառակ որդին երբ վերադարձաւ հօրենական տունը՝ երէց եղբայրը մերժեց ընդունիլ կրտսեր եղբայրը, այլ զայն անուանեց. «Հա՛յր, այդ քու որդիդ», փոխանակ զայն կոչելու. «Իմ եղբայրս…»։

Ատելութիւն եւ նախանձ. ահաւասիկ, մարդս պաշարող ամենավատ երկու զգացում, որ մարդս կը մերկացնէ մարդկութենէ։ Ուստի, նախանձոտ եւ ատելութեամբ լեցուած մարդը մտովի պաշարուած է նիւթով։ Անոր սրտին մէջ կը ցամքի մարդասիրութիւնը, եղբայրական սէրը, տեղը կը գրաւէ ատելութիւնը, ընչաքաղցութիւնը, նիւթապաշտութիւնը եւ անձնասիրութիւնը։ Եւ այս վատ զգացումները կը կուրացնեն մարդուս հոգիի աչքերը, կը կուրացնեն ամէն բարութիւն եւ ճշմարտութիւն, կը մոռցնեն աստուածայինը։

Արդարեւ, մերձաւորը կամ հարազատը մերժել, ուրանալ՝ զԱստուած մերժել կամ ուրանալ կը նշանակէ, քանի որ մերձաւորը կամ հարազատը Աստուծոյ շնորհներն են մարդուս։

Աւետարանական հատուածին մէջ՝ կրտսերը հեռացած էր հօրենական տունէն, պարագաներու համեմատ թերեւս սխալ արարք մը, զղջաց եւ վերադարձաւ, մինչդեռ երէցը տան մէջ մնացած էր, հաւատարիմ՝ հօրը։ Բայց պէտք չէ՞ր, որ երէցը ներողամիտ ըլլար իր կրտսեր եղբօր նկատմամբ։ Ուստի, տունէն բաժնուողը որքան մեղադրենք իր սխալ արարքին համար, եւ որ ի վերջոյ զղջաց, նո՛յնքան մեղադրելի է երէցը՝ որ ներողամիտ չեղաւ իր հարազատին։

Բայց հոս կ՚ուզենք հարցնել երկու հարցում, որոնց պատասխանը կը թողունք մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն, քանի որ անոնք նաեւ ժամանակակից հարցեր են։

Նախ, սա, թէ անառակը, եթէ նեղ դրութեան չմատնուէր, պիտի զղջա՞ր եւ պիտի վերադառնա՞ր իր հօրենական տունը։ Այսպիսի զղջում մը որքա՞ն արդար զղջում կարելի է համարել, քանի որ ան ստիպողական զղջում մըն է եւ ո՛չ՝ կամաւոր…

Երկրորդ, քանի որ առակին մէջ, հօրենական տան մէջ մօր մը գոյութենէն խօսք չկայ, ապա ուրեմն, եթէ «մայր»ը ըլլար, անառակը արդեօք պիտի հեռանար տունէն։ Արդարեւ, «մայր»ը ապահով սիւնն է ընտանիքին, եւ առանց մօր, ընտանիքը կը քայքայուի։ Ուստի, աւետարանական այս հատուածին կ՚արժէ անգամ մըն ալ նայիլ այս տեսանկիւնէն…

Եւ այս շեղումէն ետք, վերադառնանք անառակին եւ եղբօր, թէ ի՜նչ դասեր կարելի է քաղել անոնց արարքներէն։ Դժբախտաբար, անառակին եղբօրը պատկերը կարելի է տեսնել շատ մը տուներու, ընտանիքներու մէջ՝ ուր նախանձը ատելութիւն կը ստեղծէ եւ եղբայրը եղբօր հետ կը գժտուի, նոյնիսկ կը թշնամանայ նիւթականի պատճառաւ եւ իրարու հետ ոխերիմ թշնամի կը դառնան, առանց անդրադառնալու, թէ եղբայրը իր ամենէն կարեւոր եւ սիրելի մասն է, եւ թէ նիւթը աշխարհի բաժինն է՝ շատ կամ քիչ պիտի մնայ հո՛ս, աշխարհի վրայ, իսկ եղբայրասիրութիւնը՝ յաւիտենակա՛ն։

Արդարեւ, մարդուն յաւիտենական սեփականութիւնն է սէրը, որով ինքզինք կը շաղկապէ իր պարագաներուն հետ եւ կը միացնէ Աստուծոյ։

Անառակին «հօրենական հօր հաւատարիմ» եղբայրը նախընտրեց ընչապաշտ կեանքը քան աստուածապաշտ, հոգեւոր կեանքը՝ որ պիտի առաջնորդէր զինք մեղսալից կեանքի։ Կրտսերը՝ հեռացած ըլլալով Աստուծոյ հովանաւորութենէն, վերադարձաւ Աստուծոյ, մինչդեռ երէցը աստուածամերձ ապրելով՝ իր ընթացքով եւ վարմունքէն հեռացաւ Անկէ։

Այս կէտին անդրադառնանք անկեղծ եւ կեղծ աստուածպաշտութեան հարցին։ Ուստի, աստուածպաշտութիւնը երբեք ձեւական պէտք չէ՛ ըլլայ, այլ անկեղծ եւ սրտաբուխ։ Եւ ներկայ Մեծ պահքի ընթացքին՝ երբ մեր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնենք մանաւանդ ուտելու եւ չուտելու վրայ՝ շատ անգամ զանց կ՚ընենք մեր խորհուրդի, խօսքի եւ գործերու «պահք»ը, եւ արտաքինին կարեւորութիւն ընծայելով, կ՚անտեսենք ներքինը։ Պահ մը խորհինք սիրելիներ. ի՜նչ կ՚արժէ բերանը գոցել ուտելիքի բայց բանալ՝ հայհոյութեան, ատելութեան խօսքերու…

Մեծ պահքին՝ մաքրենք ստամոքսը, բայց նաեւ չմոռնա՛նք մաքրել մեր սիրտերը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 18, 2025, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Մարտ 18, 2025