ԼԱՒԱՏԵՍՆ ՈՒ ՅՈՌԵՏԵՍԸ
Վերջերս կազմուած գրական հաւաքոյթի մը ընթացքին տարիներու ծանրութեամբ մտաւորական մը խօսք առնելով փորձեց ներկաներուն մէջ սերմանել այն համոզումը, որ մեր ազգին մերօրեայ վիճակը՝ հակառակ տագնապներուն եւ անկումային դրութեան այնքան ալ թշուառ չէ եւ դիտել տուաւ, որ այսօր ի յայտ եկած է շատ աւելի գիտակից, իր ինքնութեան մէջ անշեղ սերունդ մը՝ որ իր մէջ աւելի հայրենասիրութիւն կը կրէ քան անցեալի սերունդները:
Վստահաբար, տեղը, ինչպէս նաեւ իր տարիքին հանդէպ ունեցած յարգանքդ չարտօնեց հարցականի տակ դնել այդ համոզումը. ծափահարութեամբ մը փորձեցինք «ընդունիլ» այդ լաւատես մօտեցումը: Իրականութեան մէջ տարօրինակ չէ ոմանց ունեցած լաւատես զգացումները, որովհետեւ մի՛շտ ալ մտաւորականներ եղած են երկու տեսակ. մին եղած է լաւատես, իսկ միւսը՝ յոռետես, սակայն, երկուքին պարագային ալ հիմնական աղբիւրը եղած է հայրենասիրութիւնը: Այսօր ինչքանով կարեւոր է այդ մէկը չենք գիտեր, սակայն, անցեալին մտաւորականներու լաւատես կամ յոռետես ըլլալը կարեւորութիւն մը կը ներկայացնէր, որովհետեւ ազգի լուսաւոր դէմքերը ըլլալով իրենց համոզումներով, իրենց աշխատութեամբ ու ընթացքով պարտէին ազգը զարգացնել ու կերտել այդ ազգային դիմագիծը՝ որ ո՛չ թէ ծնունդով ու արենակցութեամբ, այլ դաստիարակութեամբ ու կրթութեամբ կը փոխանցուի. շատ մը մտաւորականներ ունէին չէզոք ընթացք եւ գուցէ այդ ընթացքն է, որ կը բորբոքէ Արփիար Արփիարեանը, որ իր «Թուրքիոյ հայոց գրականութիւնը» աշխատութեան մէջ խօսելով նման գրողներու մասին՝ կ՚ըսէ. «Ո՛չ լաւատես են, ո՛չ յոռետես, ո՛չ յուսալիր, ո՛չ յուսահատ»:
Վստահաբար մարդիկ իրենց արդար պատճառները ունին լաւատես ըլլալու, սակայն կը հաւատանք, որ մենք եւս ունինք յոռետեսութեան մեր արդար պատճառները, որոնք այս գրութեամբ կպուզենք յստակեցնել:
Յետցեղասպանութեան շրջանին, նոր կազմուող գաղութներու մէջ ապրող մտաւորականներուն համար հիմնական խնդիր էր ինքնութեան հարցը. շատերու համար մտահոգիչ էր այն պարագան, որ անապատներուն մէջ մարմնական մահը կը սպառնար ժողովուրդը, սակայն, օտար ափերու մէջ ինքնութեան մահի սպառնալիքը գոյութիւն ունի։ Նման մտածում մը կը գտնենք Ֆրանսայի մէջ տպագրուած «Յառաջ» թերթի Ա. թիւի խմբագրականին մէջ. «Երէկ ֆիզիքականն գոյութեան պայքարը ունէինք, ուրիշ երկիրի մը մէջ, այսօր նոյնքան ծանր է մղձաւանջը. Այս ակնախտիդ եւ լպրծուն պողոտաներուն վրայ, որոնք բանուկ ճամբաներ են օտարացման եւ այլասերման համար». իսկ ուրիշ տեղ կը կարդանք. «Մեր աչքին առջեւ ցցուած է նորէն մղձաւանջի մը պէս ապրելու կռիւը»:
Պէտք է նկատի ունենալ, որ անոնք այս մտածումները գրի առած են առաջին իսկ շրջանին՝ 1924-1926 թուականներուն, երբ տակաւին այնքան շեշտուած չէր այդ պայքարն ու ինքնութեան կորուստի վտանգը: Զանոնք յաջորդող սերունդները այդ ինքնութեան հարցի բախումները շատ աւելիով ունեցան. Եւրոպա մեկնող հայը սկսաւ փոխել իր անունը, փոխել իր սովորութիւնները, փոխել իր լեզուն եւ վերջապէս փոխել իր ինքնութիւնը, սակայն, այդ փոխողներուն հակառակ եղան պայքարողները, որոնք յաջողեցան այսպէս կամ այնպէս, կէս մը կաղալով որոշ ինքնութիւն պահել եւ հասնիլ մեր օրերը: Այս փոքրամասնութիւնը այսօր կը շարունակէ այդ պայքարը մղել, ինչ որ լաւատես երեւոյթ մըն է, սակայն այդ լաւատեսութիւնը ծովին մէջ կաթիլ մըն է, որովհետեւ իրենց ինքնութիւնը պահողներուն համեմատ անհամեմատելի են իրենց ինքնութիւնը ուրացողներն ու կորսուողները. գուցէ գտնուին մարդիկ ու ըսեն, թէ մնացածը գացածէն շատ աւելի կարեւոր է եւ պէտք է մեր շեշտը դնենք անոնց վրայ եւ ոչ միւսներուն. նման մտածողներուն կ՚ուզենք ըսել, թէ կորսուողները եւս ժամանակ մը մաս կը կազմէին «մնացող»ներու խումբին. եթէ այսօր մենք յաջողինք կորուստէ փրկել մէկ կամ երկու հայ երիտասարդ, օտարացումը մեզմէ պիտի խլէ մի քանի տասնեակ երիտասարդներ. վերջերս զրոյցի մը ընթացքին մտաւորական մը չափազանցելով այդ երեւոյթը կ՚ըսէր, թէ օրական դրութեամբ աւելի քան հարիւր երիտասարդ կը կորսնցնենք:
Արցախի վերջին պատերազմին հայ ժողովուրդը կորսնցուց մօտաւորապէս 5 հազար եւ աւելի երիտասարդներ ու հողին յանձնեց. սակայն նոյնքան եւ աւելի կը կորսնցնենք մենք տարեկան դրութեամբ օտարութեան մէջ։ Արցախի պատերազմի հերոսները իրենց հայութեան սիրոյն մարմնապէս մահացան, սակայն, միւսները կենդանի վիճակին մէջ ինքնութեամբ կը մահանան:
Այս երկրորդ տեսակը շատ աւելի վտանգաւոր է քան մարմնական մահը. այդ մտահոգութեամբ է, որ յետցեղասպանութեան ապրող մտաւորականները ստեղծեցին «սպիտակ եղեռն» արտայայտութիւնը, ուր արիւն չկայ, սակայն կայ մահ, ինքնութեա՛ն մահ:
Այս արտայայտութեան լաւագոյն ներկայացուցիչը Յովհաննէս Շիրազն է, իր «Սպիտակ եղեռն» բանաստեղծութեամբ. բանաստեղծութեան առաջին տողը կ՚ըսէ.
«Էլ ինչպէս է լոյս Երեւանն այս հսկայ,
Երբ գաղտնօրէն արծաթ լեզուն օտարի
Կուլ տալ կ՚ուզէ հայոց լեզուն իմ ոսկեայ,
Էլ ցաւըս ինչ դադարի»:
Յովհաննէս Շիրազ, որ աշխարհէն հեռացած է 41 տարիներ առաջ, լաւապէս կը գիտակցէր, որ օտար լեզուն պիտի գայ եւ փորձէ բնաջինջ ընել հայոց լեզուն. եթէ համաձայն չէք այս ըսուածին, պարզապէս աչքէ անցուցէք Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ այլ երկիրներու հայերը, որոնք այլեւս օտարին լեզուով կը մտածեն եւ իրենց խօսածները կը փորձեն հայերէնի թարգմանել. անոնք հայեր են՝ որոնց համար օտարին լեզուն աւելի դիւրին է խօսիլ քան մայրենին։ Շիրազ կ՚ըսէ «էլ ցաւըս ինչ դադարի». այլ խօսքով՝ ինչպէ՞ս կ՚ուզէք, որ Շիրազ կամ Շիրազի նման նոյն կորուստի վախը ունեցողներ դառնան լաւատես ի դիմաց նման դժբախտութեան:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Լեզուն ինչքանո՞վ կարեւոր է ազգային դիմագիծը պահպանելու համար:
Պատասխան. Լեզուն ազգային ինքնութեան սիւներէն մէկն է, որ կը ձեւաւորէ ժողովուրդի մը մտածելակերպն ու գիտակցութիւնը: Լեզուն լոկ հաղորդակցութեան միջոց մը չէ, այլ դարերէ եկող արժէքներու, աւանդութիւններու եւ պատմութեան ներկայացուցիչ մըն է: Երբ լեզուն կը սկսի մոռացութեան տրուիլ, ազգային դիմագիծը կը սկսի աղաւաղուիլ եւ մարիլ, որովհետեւ լեզուն սերունդները իրարու կապող օղակ մըն է: Հետեւաբար լեզուի պահպանումը կարեւոր է ազգային ինքնութեան պահպանման համար:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան