ԳՈՐԾԵԼ ՍԻՐՈՎ

Գործելու եւ գործելու միջեւ երբեմն շա՜տ մեծ տարբերութիւն կ՚ըլլայ եւ այնքա՜ն մեծ կ՚ըլլայ այդ տարբերութիւնը, որ նոյնիսկ կատարուած նոյն գործը տարբեր երկու անհատներու կողմէ, կրնայ ամբողջութեամբ իրարու հակասող արդիւնք եւ ազդեցութիւն գործէ թէ՛ անհատներուն եւ թէ միջավայրին վրայ:

Նոյն վիճակը կարելի է գտնել նաեւ հոգեւոր գետնի վրայ: Այստեղ, սակայն, վտանգաւորը այն է, որ մարդ ինքնախաբէութեան գիրկը իյնալով կրնայ շատ աւելի բարդացնել իր վիճակը, երբեմն անսպասելի վախճանի կամ արդիւնքներու հասնելով: Այսպէս, օրինակ, մէկը կ՚որոշէ զղջալ իր գործած սխալներուն եւ մեղքերուն համար եւ կը զղջայ… Կ՚որոշէ կ՚ըսեմ, որովհետեւ այս պարագային գիտակցութիւնը ընդհանրապէս կը բացակայի, իսկ որոշելու եւ գիտակցելուն միջեւ եւս մեծ տարբերութիւն կայ: Անդին, ուրիշ մը գիտակցելով իր մեղաւոր ընթացքին, հասկնալով որ այդ ընթացքով զԱստուած կը ցաւցնէ, ծունկի կու գայ եւ կը զղջայ: Գիտակցաբար կատարուած զղջումը բարերար ազդեցութիւն կ՚ունենայ տուեալ անհատին վրայ, իսկ որոշումով կատարուած զղջումը, կրնայ տուեալ անհատը կորուստի մատնել:

Գործելու պարագան ալ նոյնն է: Մարդիկ շատ յաճախ որեւէ մէկ գործ կը կատարեն, որովհետեւ իրենց այդպէս թելադրուած է, կամ կարդացած են, կամ լսած, որ եթէ այդպէս ընեն, ապա իրենց համար լաւ կ՚ըլլայ եւ օրհնութեան ու բարիքներու կ՚արժանանան, ըստ այնմ կը գործեն, շատ յաճախ առանց հասկնալու համար իրենց գործածին իմաստը եւ ունենալիք արդիւնքը: Իսկ անդին, մարդիկ ալ կան, հակառակ դիմագրաւած բազմաթիւ դժուարութիւններու, երբեմն նոյնիսկ անկարող ըլլալով՝ կը գործեն, որովհետեւ կը սիրեն իրենց կատարած կամ իրենց թելադրուած գործը:

Գործելու եւ սիրով գործելու մասին Մայր Թերեզան կը գրէ. «Չեմ գիտեր, թէ դրախտը ինչպիսին է, սակայն գիտեմ, որ երբ մեռնինք եւ Աստուծոյ դատաստանին ժամանակը գայ, Ան պիտի չհարցնէ, թէ որքա՛ն բարի գործեր կատարած ենք, այլ՝ որքա՛ն ՍԷՐ դրած ենք մեր կատարած գործերուն մէջ»։ 

Այս տողերը կարդալով պէտք է յստակ կերպով գիտակցինք, որ շատ յաճախ մեր կատարած մեքենայական գործերը ո՛չ մէկ արդիւնք կրնան ունենալ եւ նոյնիսկ առանց վարձատրութեան կը մնան, թէեւ մեր մտածողութեամբ սրբազան նպատակի մը համար գործուած ըլլան անոնք: Ինչո՞ւ. պատասխանը Մայր Թերեզայի մօտ է, որովհետեւ ՍԷՐ դրած չենք ըլլար մեր կատարած գործերուն մէջ:

Ասկէ ետք, երբ որեւէ մէկ գործ պիտի գործենք՝ բարեգործութիւն ըլլայ կամ պարզ, սիրով գործենք, սէ՛ր դնենք մեր գործին մէջ, համոզուած ըլլալով, որ կարօտեալի մը մեր տուած կտոր մը հացը այնքան արժէք կրնայ չունենայ տուեալ կարօտեալին համար, ինչքան մեր աչքերէն, մեր վերաբերմունքէն բխած սիրոյ ջերմութիւնը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 20, 2025