ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ

Մեծ պահոց շրջանի Անիրաւ տնտեսի կիրակիին, երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին խօսեցաւ քարոզ մը։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան թաղի Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրուան պատգամին մէջ նշեց, որ իւրաքանչիւր մարդ Աստուծոյ կողմէ իրեն վստահուած հարստութեամբ պէտք է բարեկամութիւններ մշակէ։ «Դրամը կը մաքրուի, կը սրբուի ողորմութիւն տալու համար գործածելով», դիտել տուաւ ան։

Սուրբ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Հուսկ, կրօնական արարողութիւններէն վերջ, տեղւոյն թաղային խորհուրդը պահքի սիրոյ սեղանով մը մեծարեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Երկուշաբթի, Մարտ 24, 2025