Չորեքշաբթի 2, Ապրիլ 2025
ԱՃՊԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Մարդ երբեմն կը տեսնէ միայն իր աչքին առջեւինները, երբեմն ալ ընդհակառակն՝ աչքի առջեւինը բնաւ չի տեսներ։ Անտարակոյս, սա միայն բնաւորութեան հետ սահմանափակուած չէ։ Բնաւորութիւնը, առ հասարակ, արժեւորման կամ թերագնահատման ծալքերուն հետ կրնայ առընչուիլ՝ աչքի առջեւինը կամ հեռաւորը տեսնել-չտեսնելու հարցին մէջ։ Գաղտնիք չէ, որ մարդուս աչքին առջեւ ինչ-ինչ աճպարարութիւններ կը բեմադրուին՝ պայմանաւորելով ամբողջ աշխարընկալում մը եւ արժեհամակարգ մը։
«Instagram»ի վրայ շրջանառութեան մէջ էր Ժաք Փրեւէրի խօսքը. «Երբ ճշմարտութիւնը ազատ չէ, ապա ազատութիւնը ճշմարիտ (իսկական) չէ»։
Հինգշաբթի, Մարտ 27, 2025