ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ԵՆԹԱԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔՈՎ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ՀԵՌՈՒՍՏԱՇԱՐ ՄԸ. «ՊԱՏԱՆԵԿՈՒԹԻՒՆ»

«Պատանեկութիւն» (Adolescence) «Netflix»ի մէջ տարածուած արտասովոր արտադրութիւն մըն է, որ դիտողները կը մղէ անմիջականօրէն զգալ ամբողջ գործընթացը: Անգլիական քաղաքի մը մէջ ոստիկանները կը ձերբակալեն 13-ամեայ Ճէյմի Միլըրը՝ իր դասընկեր Քեթի Լենըրտի սպանութեան կասկածով։ Յատկանշական է, որ, ի տարբերութիւն դէպքերուն, գլխաւոր հերոսը ոչ թէ պատանին է, այլ իր հայրը։ Ամբողջ պատմութիւնը բաժնուած է չորս դրուագի՝ արտացոլելով թրաումայի չորս գործընթացները. ցնցում, ժխտում, մեղադրանք եւ ընդունում։

Առաջին դրուագին մէջ հայրը խորապէս կը ցնցուի իր որդւոյն ձերբակալումէն եւ անմիջապէս կը պաշտպանէ զինքը՝ մտածելով, որ ան երբեք նման վայրագութիւն չի կատարեր։ Որովհետեւ ըստ իրեն, իրեն նման հօր մը որդին չէր կրնար մարդասպան ըլլալ։

Երկրորդ դրուագին մէջ ընդհանրապէս չի նշուիր մարդասպանը, այլ կը տեսնենք ձերբակալուած պատանիի հասակակիցներու եւ անոնց ծնողներու հակասութիւնները կրթական համակարգի տեսանկիւնէն։ Երկրորդ դրուագին մէջ ուշադրութիւն կը հրաւիրուի այն երեխաներու վրայ, որոնք կը փորձեն յաղթահարել իրենց ծնողներու հաղորդակցութեան բացակայութիւնը, անոնց անտեսումը ուսուցիչներու եւ ծնողներու կողմէ եւ հերքումը՝ սերունդներու միջեւ մեծցող անջրպետի։

Երրորդ դրուագին մէջ Ճէյմի Միլըրը կը տեսնենք հոգեբանի հետ զրոյցի ընթացքին՝ բարձր ինքնավստահութեամբ եւ չի վարանիր ցոյց տալ իր ներքին զայրոյթն ու ակրեսիւ ներուժը եւ կը մեղադրէ բոլորը՝ բացի իրմէ։

Ականատես կը դառնանք ո՛չ միայն պատանիի ձերբակալման, այլ՝ հարցաքննութեան եւ առողջական քննութեան ամբողջ ընթացքին։ Այս բոլոր գործընթացը տեսնելը մեզ երբեմն կրնայ անհանգստացնել, որովհետեւ կ՚ուզենք, որ արագ անցնի։ Ասոր պատճառը կրնա՞յ ըլլալ, որ մենք մտածենք, թէ այդ երեխայի տեղը կրնայինք ըլլալ մենք, կրնային ըլլալ մեր սիրելիները, եղբայրը կամ քոյրը...

Յատկապէս չորրորդ դրուագին մէջ ընտանիքի անդամներու հոգեվիճակը, ցաւը, տառապանքը, զայրոյթը չբացայայտելու ջանքերը խորապէս վիրաւորական են: Ոչ ոք հնարաւորութիւն ունի փախչելու, թաքնուելու, բարձրաձայն լալու, ապստամբելու կամ հայհոյելու: Այս ընտանիքը այնքան փխրուն դարձած է, այնքան մաշած է, որ եթէ նոյնիսկ դէպքէն ամիսներ անցած ըլլայ եւ ամէն ինչ բնականոն թուի, ամենափոքր յարձակումը, ամենափոքր ցնցումը բաւական է, որ փլուզուի եւ տապալի այս մարդոց հոգեկան վիճակը։ Բոլորը գիտեն, թէ այլեւս ոչինչ նախկինին նման պիտի ըլլայ։ Սա կ՚ազդէ բոլոր դիտողներու վրայ:

Արտադրութիւնը պատուհան կը բանայ դէպի ձերբակալութեան եւ սպանութեան զանազան փուլերուն։ Ընկերային ցանցերու մէջ երեխաներու կողմէ օգտագործուած լեզուին մեծահասակներուն անծանօթ ըլլալը եւ երիտասարդ տղաներու վրայ համացանցի յայտնի մոլագար եւ կիները ատող մարդոց ազդեցութիւնը անդրադարձ կատարուած նիւթերէն մի քանին են, որոնց վրայ մեծ յաջողութեամբ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ հեռուստաշարը։

Հեռուստաշարը հիւսուած է իրատեսական կառուցուածքով եւ դերասանները, յատկապէս երեխաները երբեք չեն կորսնցներ իրենց վստահութիւնն ու լրջութիւնը՝ հակառակ երկար երկխօսութիւններուն։ Հեռուստաշարին մէջ չկար որեւէ չնչին դադար, անհարկի սպասում, շտապողականութիւն կամ թատերական չափազանցութիւն։ Անկասկած բոլոր դիտողներուն պիտի թուի, որ մենք իբրեւ թէ ականատես կը դառնանք նման իրադարձութեան մը, որուն կը հետեւինք անտեսանելի տեսախցիկով մը։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Մարտ 28, 2025