ՄՐՑԱՆԻՇԻ ՎՐԱՅ ՄՐՑԱՆԻՇ
ՄԱԿ-ի Համաշխարհային օդերեւութաբանական կազմակերպութիւնը վերջին օրերուն հրապարակեց իր տարեկան զեկոյցը։ Այսպէս, երկրագունդի ջերմաստիճանը վերջին տասնամեակին հասած է՝ պատմութեան ընթացքին դիտարկուած առաւելագոյնին։ Բաց աստի, մթնոլորտի մէջ ածխաթթու կազի մակարդակն ալ ամենաբարձր համեմատութեան հասած է՝ վերջին ութ հարիւր տարուայ ընթացքին։ Երկիր մոլորակի աստիճանական տաքացման բոլոր նշանները՝ ովկիանոսներու եւ ցամաքամասերու մակերեսներուն արձանագրուած բարձր ջերմաստիճանը, ծովու մակարդակի բարձրացումը, սառցադաշտերու կամ սառցալեռներու արագ նահանջը։ «Մեր մոլորակը աւելի յաճախակիօրէն աղէտի ազդանշաններ կու տայ», միջազգային աղբիւրները կը մէջբերեն՝ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի խօսքերը։
Համաշխարհային օդերեւութաբանական կազմակերպութեան տարեկան զեկոյցը ամբողջութեամբ նուիրուած է կլոպալ տաքացման։ Կը շեշտուի, որ կլիմայի փոփոխութիւնները գերազանցապէս պայմանաւորուած են մարդու գործունէութեամբ՝ ածուխի, նաւթի եւ կազի վերամշակմամբ։ Ըստ գիտնականներուն՝ 2024 թուականը եղած է պատմութեան ամենատաք տարին։ Դժբախտաբար, այս առումով կանխատեսումները արդարացած են։ Հարկ է նշել, որ 1850 թուականէն ի վեր, այսինքն վերջին 175 տարիներու կտրուածքով կ՚արձանագրուին ջերմութիւններու վերաբերեալ տուեալները, որոնք մրցանիշի վրայ մրցանիշ կը կոտրեն։
Նոյն զեկոյցին մէջ դիտել տրուած է, որ կլոպալ տաքացումը պատճառ դարձած է եղանակային արտակարգ երեւոյթներու աւելացման։ Այս պարագան ալ վերջին տասնվեց տարուան ընթացքին բնակչութեան տեղափոխութեան ամենաբարձր մակարդակին պատճառ դարձած է։ Սա նաեւ հրահրած է պարէնային տագնապ մը եւ տնտեսական այլ խնդիրներու սրումը։
ՄԱԿ-ի աղբիւրները կը յայտնեն, որ միջազգային նպատակը կը շարունակէ մնալ՝ տաքացման սահմանափակումը նախաարդիւնաբերական ժամանակաշրջանի (1850-1900) ցուցանիշին՝ 1.5 աստիճանի հասցնել։ 2024 թուականին այդ ցուցանիշը գերազանցուած է 1.55 աստիճանով։ Կութերես համոզուած է, թէ տակաւին իրատես է սահմանուած նշաձողի չգերազանցուիլը։ Այս նպատակին հասնելու համար երկիրներու ղեկավարները միասնաբար պէտք է ձգտին՝ իրենց տարածքներէն ներս վերականգնուող ուժանիւթի աղբիւրներու օգտագործման։
Առկայ աղիտալի կացութեամբ պայմանաւորուած հրատապ ազդանշաններու շարքին կը յիշեցուին Սպանիոյ Վալենսիայի շրջանի գլխաւորութեամբ Եւրոպայի արեւելքի եւ կեդրոնի հատուածներու պատմական ջրհեղեղները, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Քարիպեաններու սոսկալի փոթորիկները եւ Լոս Անճելըսի աննախընթաց հրդեհները։
Եւրոպայի «Copernicus» կեդրոնն ալ վերջերս ահազանգ հնչեցուցած էր, թէ 2024 թուականը եղած է այն առաջին տարին, երբ Փարիզի կլիմայի համաձայնութեամբ որդեգրուած երկարաժամկէտ տաքացման շեմը արդէն յաղթահարուած է։