ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՄՆ-Ի ՄԻՋԵՒ ՆՈՐ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա այս շրջանին հետեւողականօրէն շփման մէջ կը մնան՝ համաշխարհային անվտանգութեան օրակարգի առանցքային խնդիրներուն շուրջ։ Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ ներկայացուցիչ Սթիվ Ուիթքոֆ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ ներկայացուցիչ Քիրիլ Տիմիթրիեւ հանդիպում մը ունեցան Ուաշինկթընի մէջ։ Հարկ է նշել, որ Սթիվ Ուիթքոֆ միեւնոյն ժամանակ Մերձաւոր Արեւելքի գծով ԱՄՆ-ի յատուկ պատուիրակն է։ Իսկ Քիրիլ Տիմիթրիեւ կը գտնուի Ռուսաստանի ուղղակի ներդրումներու հիմնադրամին գլուխը։ Ուքրայնայի հակամարտութեան կասեցումը ներկայիս ԱՄՆ-Ռուսաստան բանակցութիւններու օրակարգին վրայ առաջնահերթութիւն է։ Յամենայնդէպս, կողմերը միշտ նկատի կ՚առնեն նաեւ կարգաւորման գործընթացի տնտեսական բաղադրիչները։ Ուքրայնայի թանկարժէք հանածոներու արժեւորման հարցը վաղուց արդէն կ՚առանձնանայ այս ամբողջին մէջ։ Սոյն մետաղներու վերաբերեալ հարցերը Ուաշինկթըն-Քիեւ առանցքին վրայ ալ յաճախ ուշադրութեան առարկայ կը դառնան։ ԱՄՆ եւ Ուքրայնա սակարկութիւններ կ՚ընեն այս կապակցութեամբ՝ միշտ Ռուսաստանի հետ լեզու մը գտնելու ուղղեալ որոնումերու եւ հակամարտութիւնը դադրեցնելու միտուած աշխատանքին մէջ։
Վերջին շաբաթներուն Քիրիլ Տիմիթրիեւ նշած էր շարք մը ոլորտներ, ուր Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա կրնան աշխատիլ միասնաբար։ Ան եւս թուարկած էր հազուագիւտ հողային մետաղները, նաեւ ուժանիւթի բնագաւառը։
Երէկուան բանակցութիւններու ընթացքին Ուիթքոֆ եւ Տիմիթրիեւ քննարկեցին ԱՄՆ-Ռուսաստան ուղիղ թռիչքներու վերականգնման հարցը։ Ռուս պաշտօնատարը դրական համարեց հանդիպումները։ «Մենք լիովին յստակ կը տեսնենք, որ նախագահ Թրամփի վարչակազմը, ի տարբերութիւն նախագահ Պայտընի, տրամադրուած է հարցերու լուծման ուղղութեամբ։ Անոնք չափազանց յարգալիր կը վարուին, կը հասկնան Ռուսաստանի դիրքորոշումը, շատ հարցումներ կ՚ուղղեն եւ փոխադարձ զիջումներ կը գտնեն», ըսաւ ան։
Ան յոյս յայտնեց, թէ կը վերականգնուին ուղիղ թռիչքները, որոնք ընդհատուած կը մնան Ուքրայնայի ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով։