ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ՝ ԴԷՊԻ ՆԱՓՈԼԻԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ. ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔԵՊՍԿ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի գլխաւորութեամբ ուխտագնացութիւն մը տեղի ունեցաւ դէպի Նափոլիի Ս. Գրիգոր Հայ եկեղեցին։ Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապ մուտքի յիշատակութեան օրուան զուգադիպեցաւ ուխտագնացութիւնը, որուն մասնակցեցան Պելժիայէն, Լեհաստանէն, Հոլանտայէն, Ֆրանսայէն եւ Իտալիոյ զանազան քաղաքներէն հայ ուխտաւորներ։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որու կողքին էին Պելժիայէն եւ Իտալիայէն հայ եկեղեցականներ։ Ներկայ էր նաեւ Նափոլիի փոխ-վիճակաւոր Քայեթանօ Քասթելլօ Եպիսկոպոսը։ Նորին Սրբազնութիւնը ողջունեց կաթոլիկ հոգեւորականին մասնակցութիւնը։

Ս. Պատարագէն վերջ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ Նափոլիի՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի անունը կրող պատմական վանքի բակին մէջ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2025