ԱՌԱՔԻՆԻ ԿԵԱՆՔՈՎ ԱՊՐԵԼՈՒ ՃԱՄԲԱՆ

Շատերուս մօտ կայ սխալ ըմբռնում մը մեր կեանքը ապրելու: Ոմանք կը կարծեն, թէ եթէ հաւատքի կամ հոգեւոր կեանքով կ՚ապրին, ապա հեռու պէտք է մնան ազգային կեանքէ, քաղաքական պարտաւորութիւններէ, եւ այլն: Ոմանք ալ կը կարծեն, որ եթէ ազգային կեանքով եւ քաղաքականութեամբ կը զբաղին, ապա հաւատք ու հոգեւոր կեանք ժամանակավրէպ բաներ են, իսկ շատերու համար պարզապէս ամօթ է այդպիսի բաներով «զբաղիլ»ը: Նոյն այս մտածումը ունին շատ մը գիտնականներ, բժիշկներ, փաստաբաններ, ուսուցիչներ ու դասախօսներ:

Բնականաբար այս երկու մօտեցումներն ալ անառողջ մօտեցումներ են եւ մարդս կը դատարկեն իր մարդկութենէն, աւելին արգելք կը հանդիսանան, որ մարդ առաքինի դառնայ եւ առաքինի կեանքով ապրի: Ներկայիս առաքինի կեանքով ապրիլը շատերու համար թուլութեան նշան է, այն ինչ հակառակն է, որովհետեւ ներկայ ժամանակներուն երբ նիւթն ու հեշտանքը կը տիրեն, միայն հոգիով եւ միտքով զօրաւորներն են, միայն կամքի տէր մարդիկն են, որոնք կրնան առաքինի կեանքով ապրիլ:

Ապրիլ հաւատքի կամ հոգեւոր կեանքով չի՛ նշանակեր հեռու մնալ ազգային կեանքէն եւ որպէս քաղաքացի ունեցած պարտաւորութիւններէն, ընդհակառակը: Յիշենք Տէր Յիսուսի թելադրութիւնը, թէ՝ ինչ որ կայսրին կը պատկանի կայսրին տալ եւ ինչ որ Աստուծոյ՝ Աստուծոյ (տե՛ս Մտ 22.21): 

Աւարտենք, երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանի հետեւեալ պատուէրով, որ առաքինի կեանք ապրելու գեղեցիկ օրինակ մը կը պարունակէ իր մէջ. «Հետեւեալ պատուէրներն ունինք բոլորին: Յիշեցէք, որ ըստ Առաքեալի՝ տաճար էք Աստուծոյ եւ Աստուծոյ Հոգին կը բնակի ձեր մէջ Սուրբ Աւազանի մկրտութեամբ. ուստի հեռու մնացէք մեղքերէ եւ հոգեկործան մոլութիւններէ եւ ձեր հոգիները զարդարեցէք առաքինութեան գործերով: Ինչպէս միշտ, նաեւ այսօր հաւատարմօրէն կատարեցէք ձեր քաղաքացիական բոլոր պարտականութիւնները, միաժամանակ գիտակից եղէք ձեր իրաւանց եւ արժանապատուութեան: Բծախնդիր եղէ՛ք ընտանեկան յարկի սրբութեան, հեռու վանեցէք ձեզմէ մեր քրիստոնէական ինքնութեան եւ տոհմիկ նկարագրին անվայել եւ օտարոտի խորհուրդները եւ ջերմօրէն պահպանեցէք այն օրհնութիւնը, զոր ստացաք Սուրբ Պսակի աստուածային խորհուրդով: Ձեր զաւակները սնուցանեցէք Աստուծոյ երկիւղով, աղօթասիրութեամբ եւ ողորմածութեամբ. հետամուտ եղէք, որ անոնք լինին պարկեշտ, եկեղեցանուէր եւ հայրենասէր: Իրարու նկատմամբ մնացէք սիրով եւ յարգալից: Աղքատներու, որբերու, հիւանդներու եւ տառապեալներու իրաւունքները անտես մի՛ առնէք, եղէք կարեկից եւ ողորմած, քանզի ոչ մէկ բան մեզ կրնայ աւելի աստուածանման դարձնել քան ողորմութեան գործերը»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2025