ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏԵԱԼ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ ընդունեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերապատրաստման մասնակցած հոգեւորականներու հերթական խումբը։ Հայաստանի զանազան թեմերէն մեկնած եւ «Գարեգին Ա.» կեդրոնէն ներս վերապատրաստման մասնակցած հոգեւորականները ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը զրոյցի ընթացքին բարձր գնահատեց եկեղեցականներու նախանձախնդրութիւնը՝ ծիսական, աստուածաբանական գիտելիքներու հարստացման ուղղութեամբ։ Ան ընդգծեց շարունակական կրթութեան կարեւորութիւնը՝ հոգեւոր ծառայութեան առաւել արդիւնաւէտ իրականացման ուղղութեամբ։
Ըստ Վեհափառ Հայրապետին՝ աշխարհասփիւռ թեմերէ հոգեւորականներու մէկտեղումը պատեհ առիթ է նաեւ ոգիով զօրանալու եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղօթական մթնոլորտին մէջ ուխտ վերանորոգելու։ Աւելին, հովուական ծառայութեան վերաբերեալ խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու արծարծումն ալ բոլորին տեսակէտէ բացառիկ նշանակութիւն ունի։
Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը յորդորեց, որպէսզի հոգեւոր հայրերը ամբողջ կարողութիւնն ու գիտելիքները ի սպաս դնեն եկեղեցւոյ պայծառութեան, հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ Հայաստանի շէնացման համար։