ՄՏՔԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Մարդկութիւնը այլ կենդանի արարածներէն տարբերող յատկանիշը մտածելու եւ մտածումները արտայայտելու ընդունակութիւնն է։ Հակառակ տարածուած ընկալման՝ մտքի ազատութիւնը միայն ներաշխարհի ազատութիւն չի նշանակեր։ Որպէսզի մտածումները իմաստալի եւ գործառնական ըլլան, պէտք է արտայայտուին, այսինքն՝ փոխանցուին ուրիշներուն։ Մտքի ամենակարեւոր առանձնայատկութիւնը հաղորդակցական եւ փոխանցիկ ըլլալն է: Մտքի ազատութիւնը կը սահմանուի՝ որպէս մարդոց ազատ գաղափարներ կրելու եւ այդ գաղափարները օրինական միջոցներով արտայայտելու կարողութիւն եւ ազատութիւն։ Մտքի ազատութիւնը ժամանակակից սահմանադրական ժողովրդավարութիւններու անփոխարինելի պայմանն ու մարդու հիմնական իրաւունքներէն մին է, նաեւ կարեւորագոյն տարրերէն մին՝ անհատներու եւ հասարակութիւններու զարգացման համար։

Արտայայտուելու ազատութիւնը (կամ խօսքի ազատութիւնը) անհատներու կամ հասարակութիւններու գլխաւոր իրաւունքներէն մին է. արտայայտել իրենց գաղափարները կամ կարծիքները առանց գրաքննութեան, պատժամիջոցներու կամ սպառնալիքներու, ինչ որ հռչակուած է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագրին մէջ եւ ընդունուած է բազում երկիրներու կողմէ։

Թէեւ արտայայտուելու ազատութիւնը քաղաքական համատեսքին մէջ օգտագործուող սահմանումներէն մին է, սակայն կը ներառէ նաեւ բոլոր այն գործողութիւնները, որոնք հնարաւորութիւն կու տան տեղեկատուութեան եւ գաղափարներու որոնման, հասանելիութեան եւ տարածման՝ անկախ հաղորդակցման միջոցներէն։

Մտածելը եւ գաղափարներ արտադրելը մարդու էութիւնը ձեւաւորող գործունէութիւններ են: Ըստ Արիստոտելի, այն ինչ որ մարդիկը կը տարբերէ միւս արարածներէն՝ մտածելու եւ իրենց մտածումները լեզուով արտայայտելու կարողութիւնն է։ Այլ խօսքով, մտքի ազատութիւնը մարդու կարողութիւնն է՝ ընտրելու կամ անձամբ պատրաստելու այն պատասխանները, որոնք ան կ՚ուզէ տալ դէմ յանդիման մնացած բոլոր խնդիրներուն եւ յարմարեցնել իր անհատական եւ ընկերային վարքագիծը այդ պատասխաններուն:

Ազատ մարդը կրնայ ազատ մտածել եւ ազատ արտայայտել իր կարծիքը։ Ամենամեծ ազատութիւններն են միտքը, խօսքը։ Ասոր նախապայմանը ճշգրիտ, չխեղաթիւրուած տեղեկութեան հասանելիութեան իրաւունքն է:

Որպէսզի մտքի ազատութիւնը գոյութիւն ունենայ եւ անհատի համար գործնական արժէք ունենայ, պէտք է յստակեցուին անոր սահմանները, այսինքն պէտք է կանոնակարգուի։ Ի հարկէ, այլ ազատութիւններու հետ մտքի ազատութեան համակեցութիւնը ապահովելու եւ անոնց միջեւ որեւէ հակասութիւն կանխելու համար անխուսափելի է անոնց սահմանափակումը։ Մտքի ազատութեան կարգաւորման նպատակն է մէկ կողմէ կանխել այդ ազատութեան չարաշահումը, միւս կողմէ՝ ապահովել բոլորի շահերը։

Մտքի ազատութիւնը հիմնուած է մարդու արժանապատուութեան եւ իր նիւթական ու հոգեւոր գոյութիւնը զարգացնելու հիմնարար իրաւունքի վրայ եւ կը հանդիսանայ ազատ անհատ ըլլալու եւ ազատ հասարակութեան մը մաս կազմելու կարեւորագոյն տարրերէն մին։

Մտքի ազատութիւնը կը համարուի բոլոր տեսակի զարգացման շարժիչ ուժը եւ հնարաւորութիւն կու տայ մարդոց միջեւ երկխօսութեան։ Արտայայտուելու ազատութեան նախապայմանը այն է, որ անհատը կարենայ ազատ ձեւաւորել իր մտածումները եւ առանց որեւէ խնդրի հաւատարիմ մնալ այդ մտածումներուն ու պաշտպանել զանոնք։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Ապրիլ 11, 2025