ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԸ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ ՆԱՐԵԿԱՑԻԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ
Վատիկանի կողմէ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակուելուն արձագանգները կը շարունակուին։ Այս կապակցութեամբ Երեւանի մէջ Մատենադարանի երդիքին տակ սկսան Նարեկացիական ընթերցումներ։ Մատենադարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ընթերցումներու շարքի առաջին հանգրուանի ատենախօսները հանդիսացան Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան եւ ֆրանսացի հայագէտ Ժան-Փիէռ Մահէ, որ հայ միջնադարեան հեղինակներուն նուիրուած բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ հեղինակած է։
Մատենադարանի նորակառոյց շէնքի դահլիճին մէջ կազմակերպուած այս ընթերցումներու շարքին առաջին հանգրուանը արժանացաւ անմիջական հետաքրքրութեան։ Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի բացման խօսքով սկսաւ հաւաքոյթը։ Ողջոյնի խօսք մըն ալ արտասանեց Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ փոխ-նախագահ Վլատիմիր Բարխութարեան։ Ներկաներու շարքին էին Հայաստանի գիտական, մշակութային, հոգեւոր եւ հասարակական շրջանակներէն բազմաթիւ յայտնի դէմքեր։
Գերապայծառ Զէքիեանի եւ Ժան-Փիէռ Մահէի ծաւալուն զեկուցումներուն զուգահեռ Մատենադարանէն ներս բացուեցաւ նաեւ Գրիգոր Նարեկացիին վերաբերեալ հնատիպ գիրքերու ցուցահանդէս մը։ Իսկապէս եզակի նմոյշներուն ցուցադրութիւնը առարկայ դարձաւ վառ հետաքրքրութեան։