ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ 10-ՐԴ ՄՐՑՈՅԹ

Բարեյիշատակ նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին ձօնուած 10-րդ նկարչութեան մրցոյթը շաբաթավերջին պոլսահայ վարժարաններու ներկայացուցիչները համախմբեց ոգեւոր մթնոլորտի մէջ։ Հանգուցեալ արուեստագիտուհիի ընտանիքին կողմէ հիմնուած համանուն հիմնարկի նախաձեռնութեամբ, Մխիթարեան վարժարանի համալիրէն ներս կազմակերպուած մրցոյթը առիթ ընձեռեց, որպէսզի տղաքը ներկայացնեն իրենց ձիրքերը։ Նախակրթարաններու սաները առանձին, իսկ միջնակարգի եւ լիսէի սաները առանձին դասաւորումներու մէջ տարին իրենց ստեղծագործական աշխատանքը։

Մրցանակաբաշխման արարողութիւնը նախատեսուած է մայիսի 17-ին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 14, 2025