ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
«Քրիստոնէութիւնը Ատրպէյճանի մէջ․ պատմութիւն եւ արդի ժամանակներ» խորագրեալ միջազգային համաժողովը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը խստիւ կը դատապարտէ Վատիկանը՝ հիւրընկալած ըլլալու համար, որ տեղի ունեցաւ Հռոմի մէջ, Ատրպէյճանի կառավարութեան եւ անոր գիտական-ապացուցողական քարոզչամեքենային նախաձեռնութեամբ։
Մենք կը պնդենք, թէ հայ մասնագէտներու ակնյայտ բացակայութիւնը սոյն համաժողովէն՝ միտուած էր պետական մակարդակով պատմութեան վերախմբաւորման, խեղաթիւրման եւ կեղծ պատմագրութեան ներկայացման, ինչ որ կը նուազեցնէ Վատիկանի վարկը, վայել չէ անոր չափանիշներուն եւ չունի որեւէ բացատրութիւն՝ ելմտական շահոյթ ապահովելէ զատ։
Մենք կը պնդենք, թէ Վատիկան անպատասխանատու քայլ մը առած է՝ արտօնելով իր գիտական հարթակը հնարամտօրէն օգտագործումը շինծու պատմութեան տարածման նպատակով, ինչ որ կը փորձէ ջնջել Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բազմադարեայ ներկայութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ՝ համաշխարհային գիտական մտքի յիշողութենէն։ Առանց հայ գիտնականներու մասնակցութեան, այդպիսի միջոցառում մը հիւրընկալելով՝ Վատիկան ինքզինքը մեղսակից ըրած է, զէնք դարձած է պատմութեան եւ բնիկ քրիստոնեայ ժողովուրդի մը դէմ, որու աւանդը համաշխարհային քրիստոնէութեան մէջ անվիճելի է, նոյնիսկ իր գիտական ճանաչումով։
Մենք նաեւ կը պնդենք, թէ Վատիկան ականատես եղած է դիտաւորեալ հնութեան յօրինումի մը. ռազմավարութիւն մը, որ կը ձգտի ո՛չ միայն օրինականացնել ներկայ տարածքային պահանջները Հայաստանի Հանրապետութենէն, այլեւ ջնջել ներկայութիւնը աւելի հին քաղաքակրթութիւններու, որոնց արմատները խորն են եւ պատմութիւնները վերացնելու համար՝ անյարմար։
Ատրպէյճանի այս գիտական քարոզչամեքենան կը ձգտի կառուցել յետադարձ պատմութիւն մը, որ մոլորեցնող խորութիւն մը պիտի հաղորդէ նորաստեղծ պետութեան։ Սա կ՚իրագործուի պատմութեան վերաշարադրութեան միջոցաւ։
Սոյն համաժողովը այդ քաղաքական ծրագիրի արտայայտութիւններէն մին է՝ հիմնուած ժամանակաւոր անապահովութեան վրայ այնպիսի պետութեան մը, որ կ՚ուզէ մոռցուելու դատապարտուած իր կարճ գոյութիւնը մթագնել՝ մշակութային ժառանգութիւն կեղծելով եւ Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան ժառանգութիւնը ինքզինքին վերագրելով։
Մենք յստակ կը պնդենք, թէ իրական ժառանգութեան փոխարէն՝ այս վարչակարգի գիտական քարոզչամեքենան Վատիկանին մատուցած է բեմադրութիւն մը. յիշողութեան փոխարէն՝ կեղծիք, պատմական իրողութիւններու նկատմամբ հաւատարմութեան փոխարէն՝ հաշուարկուած ամբարտաւանութիւն մը, որ ժամանակը կը սեպէ՝ որպէս կտաւ, որ պէտք է ներկուի աշխարհաքաղաքական դիրքորոշման համար։
Սա պատմական նիւթ մըն է, որ աւելի կը շարժի ձգտումներով՝ քան փաստերով։ Սա ջանք մըն է՝ ժամանակակից պետականութեան ուրուագիծերը փոխանցելու անցեալի մը վրայ, որ գոյութիւն չէ ունեցած։
Այսպիսի համաժողովներու հիմնական թեզը, թէ Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղ) հայկական քրիստոնէական յուշարձանները կը պատկանին՝ այսպէս կոչուած «կովկասեան աղուանական» քաղաքակրթութեան, ո՛չ միայն գիտականօրէն անհիմն է, այլեւ պատմական ժխտողականութեան չարագործ արարք մը։
Սա ուղղակի յարձակում է գիտութեան եւ բնիկ հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան դէմ. ժողովուրդ մը, որուն սուրբ աւանդութիւնները հազարամեակներով գոյութիւն ունեցած են այդ հողերուն վրայ։ Այստեղ խնդիրը միայն գիտական կեղծիքը չէ, այլեւ մշակութային ժխտումը, որ համակարգուած կերպով կը մերժէ հայ ժողովուրդի բնիկութիւնը եւ իր արժանի տեղը՝ քրիստոնէական եւ քաղաքակրթական պատմութեան մէջ։
Մենք կոչ կ՚ուղղենք Վատիկանին, որպէսզի պահպանէ պատմական ճշմարտութեան ամբողջականութիւնը եւ մերժէ ամէն տեսակ կեղծ ժառանգութիւն եւ յօրինուած աւանդութիւն, որոնք կը նպատակադրեն ջնջել բնիկ քրիստոնէական համայնքներու փորձառութիւնը։ Մենք Վատիկանին կը յորդորենք՝ հեռու մնալ նման վերաշարադրողական նախաձեռնութիւններէ եւ վերահաստատել իր յանձնառութիւնը՝ քրիստոնէական աւանդութեան իսկութիւնը ապահելու առաքելութեան ճանապարհին՝ ի մասնաւորի սուրբ եւ առաքելական Հայոց Եկեղեցւոյ հանդէպ։
Իբրեւ հայկական-քրիստոնէութեան չորս հին ու գոյութիւն ունեցող ճիւղերէն մին՝ կը յայտարարենք, որ սա բարոյական իսկութեան պահ մըն է քրիստոնէական, գիտական աշխարհի համար։ Հայոց անցեալի ճշմարտութիւնը չի կրնար թաղուիլ՝ վարձուած եւ քարոզչութեամբ կերտուած պատմական սուտերու մէջ։ Մեր եկեղեցիները, մեր վանքերը, մեր ճարտարապետութիւնը, մեր գեղագիտութիւնը, մեր խաչքարերը, մեր ձեռագիրները, մեր արարողակարգը, մեր հազարամեայ շարականները, մեր այբուբենը, մեր սուրբերն ու նահատակները, մեր հին գերեզմանատուները, մեր սրբազան յուշերը, մեր դպրանոցները եւ մեր ժողովուրդը՝ բոլորն ալ կենդանի վկայութիւն են հայ-առաքելական աւանդութեան, որ նախորդած է եւ պիտի գերազացէ այն խորամանկ նկրտումները, որոնք կը ձգտին ջնջել մեզ՝ թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ մտաւոր յիշողութենէ։
ԴԻՒԱՆ Ս․ ԱԹՈՌՈՅ