ՀԱՒԱՏՔՈՎ ԱՂՕԹԵԼ

Աղօթելու բազմաթիւ ձեւեր ու կերպեր կան: Իւրաքանչիւր տեսակը իր իւրայատկութիւնը ունի: Բոլոր ձեւերն ու կերպերը մարդս կը տանին Աստուծոյ միանալու, Անոր հետ միութիւն մը կազմելու:

Աղօթքի ամենէն զօրաւոր ձեւերէն մէկը հաւատքով կատարուած աղօթքն է: Յաճախ կ՚աղօթենք, Աստուծմէ որեւէ մէկ բան կը խնդրենք, միւս կողմէ սակայն կասկածը կը կրծէ մեզ, թէ արդեօք Աստուած պիտի պատասխանէ՞ մեր խնդրանքին, թէ անպատասխան պիտի ձգէ, կամ մեր խնդրածը արդեօք կրնայ իրականանա,լ, թէ ոչ: Այս բոլորը երկմտող սիրտէ մը բխած հարցադրումներ են, որոնք կը յաջորդեն կասկածով կատարուած աղօթքին: Այն ինչ աղօթքը պէտք է ըլլայ հաւատաքով եւ կատարեալ վստահութեամբ:

Տէր Յիսուս կը թելադրէ մեզի ըսելով. «Խնդրեցէ՛ք Աստուծմէ եւ պիտի տայ ձեզի, փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք, բախեցէ՛ք եւ պիտի բացուի ձեզի: Որովհետեւ խնդրողը պիտի ստանայ, փնտռողը պիտի գտնէ եւ բախողին առջեւ դուռը պիտի բացուի: Ձեր մէջ կա՞յ հայր մը, որուն զաւակը հաց ուզէ եւ ինք քար տայ անոր, եւ կամ օձ տայ՝ երբ զաւակը ձուկ խնդրէ: Արդ, եթէ դուք որ չար էք՝ գիտէք ձեր զաւակներուն լաւ պարգեւներ տալ, ձեր երկնաւոր Հայրը որքա՜ն աւելի լաւ պարգեւներ պիտի տայ անոնց, որոնք Ւրեն կը դիմեն» (Մտ 7.7-11): Մեր Տիրոջ ըսածը պարզ ու յստակ, որ եթէ մենք՝ որ չար ենք, գիտենք լաւ բաներ տալ մեր զաւակներուն, հապա ինչքանո՞վ մեր երկնաւոր Հայրը լաւ բաներ պիտի տայ անոնց՝ որոնք Իրեն կը դիմեն, եւ հաւատքով ու կատարեալ վստահութեամբ կը դիմեն:

Էմմանուէլ Քահանայ Նազարեանցը կը գրէ. «Աղօթքը պէտք է հաւատքով կատարուի։ Մենք պէտք է հաւատքով խնդրենք, յոյսով հետեւինք, սիրով բախենք։ Յոյսով, հաւատքով եւ սիրով կատարուած աղօթքը, երկինքի բանալին է, որ Աստուծոյ ողորմութեան դուռը կը բանայ, ինչպէս որ Յիսուս մեզ յուսադրելով կ՚ըսէ. «Ինչ որ հաւատքով խնդրէք ձեր աղօթքին մէջ, կը ստանաք»։ Աղօթքը թոյլ է, եթէ հաւատքին վրայ չէ՛ յենուած։ Առանց հաւատքի, անյոյս եւ անսիրտ աղօթքը նման է առանց ծուխի խունկի եւ Աստուծոյ մօտ չի՛ կրնար բարձրանալ»։

Ի՜նչ գեղեցիկ նկարագրութիւն՝ երկինքի բանալին: Իրապէս, անկեղծ սիրտէն բխած եւ հաւատքով կատարուած աղօթքը երկինքի դռները կը բանայ, որով Աստուծոյ օրհնութիւնները առատապէս կը լեցնեն մեզ, պայծառակերպելով մեր կեանքը: 

Մեր աղօթքը, հետեւաբար, լսելի դառնալու համար, պէտք է իրեն յենարան ունենայ հաւատքը, որպէսզի դէպի Աստուած բարձրանայ եւ զԱստւուած իջեցնէ մեր մօտ: 

«Խնդրեցէ՛ք Աստուծմէ եւ պիտի տայ ձեզի…» (Ղկ 11.9):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Ապրիլ 18, 2025