ԱԶԳԱՅԻՆ ՍՈՒՏ ՄԸ

Պէտք է ընդունիլ, որ հարցազրոյցի միւս խօսակիցը՝ Ալիս Մատլէնեան շատ աւելի հաւասարակշռուած ու իրատեսութեամբ հանդէս կու գայ. անոր խօսքերը հեռու են կաղապարուած գաղափարախօսականներէն. Լոս Անճելըս բնակող հայուհին իր հարցազրոյցին մէջ խօսելով իր գաղութին մասին կ՚ըսէ.-

«Լոս Անճելըսի դպրոցներուն մէջ հայ աշակերտութիւնը թէ՛ անգլերէն լեզուն եւ թէ հայերէնը կը սորվին: Վերջին տարիներս շատ մը հայ դպրոցականներ, որոնք հայրենիքէն եկած են, կ՚ուզեն շուտով սորվիլ անգլերէն լեզուն, սակայն բոլորը չեն որ կարող կ՚ըլլան յաղթահարել ուսման դժուարութիւնները եւ փողոցային ստահակներուն կը միանան: Իսկ անոնք, որոնք կը յառաջդիմեն, աւելի պիզնէսով եւ ամերիկեան ապրելակերպով կը գայթակղին եւ ազգայինը կը մոռնան»: 

Ալիս Մատլէնաեանի այս խօսքերը արդէն իսկ փաստն են այդ դժբախտութեան, որ միայն այսօր չէ՛ որ մեր մէջ բոյն դրած է արտագաղթը. Ամերիկան, ինչպէս նաեւ այլ «զարգացած» երկիրներ անկուշտ ձուկի մը պէս ոչնչացուած են բազմաթի՜ւ հայու ինքնութիւններ, որոնք յոյսով մը գացած են այնտեղ՝ եթէ ո՛չ ազգութեամբ, ապա ապրելակերպով նմանելու այն բախտաւորներուն՝ որոնք ովկեաններէն անդին կը գտնուին: 

Բնական է, որ հայրենիքէն Ամերիկա գաղթած երիտասարդ մը ուզէ անգլերէն լեզուն հնարաւորինս շուտ սորվիլ, որովհետեւ եթէ կը գտնուիս երկիրի մը մէջ եւ լեզուն անծանօթ է քեզի՝ ինքնաբերաբար օտար կը մնաս եւ հետեւաբար հայրենիքը լքող եւ ինչ-ինչ յոյսերով Ամերիկա գացող երիտասարդ մը վստահաբար պիտի չուզէր օտարը մնալ այդ «զարգացած» հասարակութեան. տակաւին կան գաղութներ, որոնք իրե՛նք իսկ յանձն կ՚առնեն այդ երիտասարդին օտար լեզուն սորվեցնել, որպէսզի ան մասնիկը դառնայ միջավայրին եւ հայրենիքէ հեռու ինքզինք «օտարութեան» մէջ չզգայ: Հայ երիտասարդը իր հայրենիքը լքելով չ՚երթար օտարութեան, որպէսզի հայ մնայ. լքելու նպատակը աշխատանքն է, յաջողութիւնն է եւ օտարութեան մէջ նիւթականը ո՛չ հայերէնին եւ ո՛չ ալ հայրենասիրութեան մէջ է. օտարութեան մէջ դրամը նոյնիսկ ունի օտար լեզու եւ դրամին տիրանալու համար անհրաժեշտ է օտար լեզուն: Այդ երիտասարդը որեւէ գործի մէջ ընդունուելու համար բնականաբար կարիքը ունի օտար լեզուի. այս մէկը բնական է եւ քննադատելի չենք տեսներ (եթէ նկատի չունենանք, որ արտագաղթը ինքնին քննադատելի է), սակայն այդտեղ կայ գայթակղութեան հարց մը. այդ գայթակղութիւնը ո՛չ թէ օտարին պատճառած գայթակղութիւնն է՝ այլ մեր իսկ ստեղծած «ամօթ»ի զգացումն է: 

Երբ հայկական գաղութները նոր կը հիմնուէին, շատեր օտարութեան մէջ «ուխտած» էին ապրիլ հայու նման. յետցեղասպանութեան բազմաթի՜ւ վերապրողներ օտարութեան մէջ իսկ ուխտեցին հայ մնալ, հայ ապրիլ եւ անոնցմէ շատեր նոյնիսկ տեղական լեզուին անգիտակ մնաց. այդ սերունդը հակառակ իր ամէն տեսակի դժուարութիւններուն, իր ազգութիւնը որպէս ամօթ չէր նկատեր. սակայն այսօր գոյութիւն ունի ազգութեան «ամօթ» մը. ամէն մարդ կ՚ուզէ նմանիլ ֆրանսացիին, գերմանացիին, ամերիկացիին ո՛չ միայն իր հագուստով ու ապրելակերպով, այլ նաեւ հոգեբանութեամբ։ Յունաստան ապրած ժամանակ զարմանքով կը նայէի, թէ ինչպէ՞ս երկու հայ քով քովի եկած, հայերէն գիտնալով հանդերձ իրարու հետ յունարէն կը խօսէին. պատճառը այն չէր, որ հայերէն չեն գիտեր. պատճառը այն է, որ յունարէնով արտայայտուիլը զանոնք աւելի եւրոպացի եւ յոյն կը դարձնէ՝ քան հայ: 

Ինչպէս ըսինք, Ալիս Մատլէնեան իրապաշտ է, սակայն անուղղակիօրէն որոշ արտայայտութիւններ կը գտնենք անոր խօսքերուն մէջ. օրինակ՝ անգլերէնը լաւապէս սորվիլը եւ «պինէս»ի մէջ տարուիլը ան անգիտակցաբար կը կոչէ «յառաջդիմութիւն». ճիշդ այդ համոզումն է, որ հայը կը հեռացնէ իր ազգութենէն, որովհետեւ սեփական «հին»ը ձգելով օտարին «նոր»ը կապկելը շատ շատերու համար նորաձեւութիւն է՝ զարգացած ըլլալու եւ յառաջդիմելու արտայայտութիւն. այդ չէ՞ արդեօք պատճառը, որ այսօր Հայաստանի մէջ նոյնիսկ երիտասարդութիւնը շատ մը հայերէն բառեր փոխարինած են արդէն օտարինով. այդ նորաձեւութիւնը չէ՞ արդեօք, որ հայերէն «դադար» բառը վերածեց անգլերէն «break»ի. հանդիպում բառը փոխարինեց «date»ով եւ այսպէս հազար ու մէկ բառ գերեզմանացուց՝ ի նպաստ այդ նորաձեւութեան՝ որ յառաջդիմութիւն որպէս կը դիտուի: 

Ինչո՞ւ համար այս նորաձեւութիւնը. որովհետեւ ունինք ազգային ամօթը. եթէ հայ երիտասարդը գիտակցի, որ իր մայրենի լեզուին մէջ գործածուած բառը նոյն արժէքը ունի ինչ օտարինը՝ բնականաբար օտարինը պիտի չօգտագործէ. սակայն կայ այն համոզումը, որ օտարինը աւելի գրաւիչ, աւելի «զարգացած» ըլլալու տպաւորութիւն կը ձգէ. այս ալ գուցէ հինէն եկող հիւանդութիւն մըն է, որովհետեւ անցեալին՝ աւելի քան դար մը առաջ օտար լեզուով արտայայտուիլը զարգացած ըլլալու նշան էր. անցեալին յատուկ ուշադրութիւն կը գրաւէր օտար լեզուով արտայայտուողը, այսօր յատուկ ուշադրութիւն կը գրաւեն անոնք՝ որոնք կը յաջողին խօսիլ իրեն մայրենի լեզուն՝ առանց օտար բառերու: Լուծո՞ւմ. լուծումը միայն ու միայն մէկն է. դաստիարակութիւն՝ որուն պակասը մեծապէս ունինք այսօր:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Նոր սերունդը ինչո՞ւ օտար բառեր կը գործածէ. ինչո՞ւ անոնց այդ մէկը աւելի գրաւիչ ըլլալ կը թուի:

Պատասխան. Նոր սերունդը օտար բառեր կը գործածէ, որովհետեւ անոնք նորաձեւ, ժամանակակից եւ երբեմն աւելի յարմար կը թուին ըլլալ հաղորդակցութեան համար: Այս բառերը յաճախ ընկերային ցանցերէն, երաժշտութիւններէն կը թափանցէ իրենց առօրեայ լեզուին մէջ, ինչ որ անոնց գրաւչութիւն մը կու տայ: Շատ յաճախ օտար բառեր օգտագործելը կը դիտուի որպէս բաց մտածելակերպ ունենալու նշան՝ համաշխարհայնացած սերունդի մը անդամ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Ապրիլ 18, 2025