ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԴՐՈՂ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան դէ­պի Նիւ Եորք իր աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով սկսաւ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րել ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի 70-րդ նստաշր­ջա­նի բաց­ման հանգ­րուա­նի աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Նիւ Եոր­քը այս օ­րե­րուն դար­ձած է ժա­մադ­րա­վայ­րը աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն, ո­րոնք կը քննար­կեն մի­ջազ­գա­յին հրա­տապ խնդիր­ներ։ Ե­րէկ, այս շրջագ­ծով Նիւ Եոր­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ՄԱԿ-ի խա­ղա­ղա­պա­հու­թեան ձօ­նուած գա­գա­թա­ժո­ղո­վը։ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հա­ւա­քոյ­թը, ո­րու մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էր նաեւ Սերժ Սարգ­սեան։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան սոյն գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին հան­դէս ե­կաւ նաեւ ե­լոյ­թով մը։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք իր ե­լոյ­թը.

«Շնոր­հա­կալ եմ Նա­խա­գահ Օ­պա­մա­յին մի­ջազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան տե­սա­կէ­տէ ա­ռանց­քա­յին նշա­նա­կու­թեամբ այս գա­գա­թա­ժո­ղո­վին նա­խա­ձեռ­նե­լու հա­մար։ Հա­կա­ռակ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կող­մէ զի­նեալ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման եւ ա­նոնց խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ վիթ­խա­րի ջան­քե­րուն՝ խա­ղա­ղու­թիւնն ու անվ­տան­գու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կեն մնալ փխրուն եւ խո­ցե­լի։ Ու­րա­խու­թեամբ կը նշեմ, որ հա­կա­ռակ մեր սահ­ման­նե­րուն առ­կայ լա­րուա­ծու­թեան, մի­ջազ­գա­յին խա­ղա­ղա­պա­հու­թեան ո­լոր­տէն ներս Հա­յաս­տա­նի ներգ­րա­ւուա­ծու­թիւ­նը աս­տի­ճա­նա­բար կ՚ընդ­լայ­նուի թէ՛ աշ­խար­հագ­րու­թեան, թէ՛ քա­նա­կա­կան եւ թէ ո­րա­կա­կան ի­մաս­տով։ Հա­յաս­տան այ­սօր ար­դէն մի­ջազ­գա­յին խա­ղա­ղա­պա­հու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան աշ­խոյժ ներդ­րող կը հան­դի­սա­նայ՝ կու­տա­կած ըլ­լա­լով զգա­լի փոր­ձա­ռու­թիւն մը ան­ցեալ տաս­նա­մեա­կին ըն­թաց­քին։

«2004 թուա­կա­նէն ի վեր հայ խա­ղա­ղա­պահ­նե­րը սկսած են ծա­ռա­յու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նել Քո­սո­վա­յի, իսկ հե­տա­գա­յին՝ նաեւ Ի­րա­քի մէջ։ 2010 թուա­կա­նէն ի վեր մեր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րինք Աֆ­ղա­նիս­տա­նի մէջ անվ­տան­գու­թեան ա­ջակց­ման մի­ջազ­գա­յին ու­ժե­րուն։ 2015-էն սկսեալ այդ երկ­րին մէջ կը մաս­նակ­ցինք «Վճռա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն» ա­ռա­քե­լու­թեան եւ ինչ­պէս բազ­միցս յայ­տա­րա­րած ենք, մեր մի­ջազ­գա­յին գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ պի­տի մնանք այն­քան, որ­քան ան-հը­րա­ժեշտ է։ Ան­ցեալ տա­րի մենք ընդ­լայ­նե­ցինք խա­ղա­ղա­պահ ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ մեր ներգ­րա­ւուա­ծու­թիւ­նը։ Այժմ ար­դէն ներ­կայ ենք Լի­բա­նա­նի մէջ տե­ղա­կա­յուած ՄԱԿ-ի ԻՒ­ՆԻ­ՖԻԼ ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ։ Այս տա­րուան Յու­լի­սին սկսաւ Հա­յաս­տա­նի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Մա­լիի մէջ գոր­ծող ՄԻ­ՆՈՒՍ­ՄԱ խա­ղա­ղա­պահ ա­ռա­քե­լու­թեան։ Իսկ բո­լո­րո­վին վեր­ջերս ՄԱԿ-ի խա­ղա­ղա­պահ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն մեր ա­պա­գայ մաս­նակ­ցու­թեան եւ հա­մա­պա­տաս­խան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման ու տրա­մադր­ման ա­ռու­մով մենք ստանձ­նած ենք նոր յանձ­նա­ռու­թիւն­ներ, ո­րոնք են երկ­րորդ աս­տի­ճա­նի դաշ­տա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի եւ կցագ­րուած անձ­նա­կազ­մի նա­խա­պատ­րաս­տու­մը եւ ինք­նա­շէն պայ­թու­ցիկ սար­քե­րու վնա­սա­զերծ­ման յա­տուկ վաշ­տի պատ­րաս­տու­թեան ա­պա­հո­վու­մը։ Հա­յաս­տա­նի խա­ղա­ղա­պահ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու ստեղծ­ման եւ զար­գաց­ման պա­րա­գա­յին ա­ռանց­քա­յին ե­ղած է Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու, Յու­նաս­տա­նի, Գեր­մա­նիոյ, ինչ­պէս նաեւ ՄԱԿ-ի կա­ռոյց­նե­րու եւ միւս ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը։ Այս բո­լո­րին հա­մար կը յայտ­նեմ յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն։

«Մի­ջազ­գա­յին խա­ղա­ղու­թեան ու անվը-տան­գու­թեան պահ­պա­նու­մը բո­լո­րի՝ թէ՛ մեծ եւ թէ փոքր պե­տու­թիւն­նե­րու ա­ռանց­քա­յին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնն է։ Իսկ խա­ղա­ղա­պա­հու­թիւ­նը՝ այդ նպա­տա­կին հաս­նե­լու գլխա­ւոր մի­ջոց­նե­րէն մին է։ Այ­սօր մե­զի տա­կա­ւին հար­կա­ւոր են յա­ւե­լեալ հա­ւա­քա­կան ջան­քեր՝ այդ մէ­կը ա­ռա­ւել ամ­րապն­դե­լու հա­մար։ Ակն­յայտ է, որ միայն հա­մա­պար­փակ, հա­մադ­րուած ու կշռա­դա­տուած մօ­տե­ցու­մով հնա­րա­ւոր է ու­նե­նալ խա­ղաղ ու ա­պա­հով աշ­խարհ մը»։

Հարկ է նշել, որ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Նիւ Եոր­քի մէջ ե­լոյթ մըն ալ կ՚ու­նե­նայ ՄԱԿ-ի 70-րդ ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի բաց­ման հանգ­րուա­նին։ 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2015