Ո՞Վ ՊԻՏԻ ՎԵՐՑՆԷ ՔԱՐԸ

Աւետարանները կը պատմեն մեզի, որ Զատկուայ առաւօտ իւղաբեր կիները գացին այցելելու Յիսուսի գերեզմանը. ժայռափոր գերեզման մը, որուն մուտքը փակուած էր յոյժ մեծ քարով: Անոնց սրտերը սգաւոր էին այդ առաւօտ եւ ուրբաթ օրուան իրենց աչքերուն արցունքը չէր սրբուած տակաւին. կորուստի ցաւը, հիասթափութեան կոտտանքը, անհասելի յոյսի թանձրութիւնը հսկայական քարի մը ծանրութեամբ կը կշռէր անոնց վրայ, փակելով իրենց սրտերը:

Կեանքի ճանապարհով քալելու ատեն՝ ինչպէս մենք շատ անգամներ հարց տուած ենք՝ անոնք ալ տուին հարցը. Ո՞վ պիտի վերցնէ քարը:

Քարը՝ որ վերջ մը կը նշէր: Յիսուսի կեանքին վերջ դրած էր, կամ՝ գէթ այդպէս կը թուէր: Այն՝ որ հիւանդները բուժեց, Այն՝ որ կոյրերուն աչքերը բացաւ, Այն՝ որ Կեանքի խօսքերը ունէր, այլեւս չկար: Այն՝ որ կրեց եւ տարաւ մարդոց բեռը, այժմ փակուած էր դժուարաւ տանելի բեռան մը տակ:

Ո՞վ պիտի վերցնէ քարը:

Հարց կու տանք մենք եւս: Մեզ պատող աշխարհին մէջ դիւրաւ կը զգանք մեր մաքառումներուն դժուարին ծանրութիւնը. կը կրենք մտահոգութեան, վախերու, հիասթափութիւններու եւ զղջումներու բեռը: Կեանքի մեր փորձը կը կուտակէ այս քարերը փակելով մեր սրտերուն մուտքը, դուրս թողլով այնքան յոյսով մեր ակնկալած լոյսը, ուրախութիւնը, խաղաղութիւնը:

Եւ սակայն Զատկուայ աւետիսը պայծառ է. Քրիստոսի Յարութեան ուժը պիտի վերացնէ ամէն քար, որ կը կշռէ մեր հոգւոյն վրայ: Որքան ալ անկարելի թուին մեր պայմանները, Աստուած պիտի վերացնէ մեր քարերը, եթէ ապաւինինք Անոր: Ան Կեանք կը բերէ, ուր մահ կայ, յոյս՝ ուր անյուսութիւն կը տիրէ, լոյս՝ ուր խաւար ծածկած է:

Առաջին զատկական միաշաբաթին առաւօտը, երբ Մարիամ Մագդաղենացին եւ իրեն ընկերացողները հասան գերեզման՝ տեսան, որ իրենց մտահոգութիւնը աւելորդ էր: Քարը արդէն մէկդի քշուած էր: Եւ այդ կիներուն համար՝ մարմնական պատուարներէ աւելին վերցուած էր: Փշրուած էին շղթաները եւ խորտակուած ամէն պատուար՝ Աստուծոյ սիրոյն եւ ողորմութեան մէջ լեցուն կեանք մը ապրելուն: Յիսուսի Յարութիւնը անոնց եւ մեզի համար քարոզութիւնն էր՝ որ Աստուծոյ սիրոյն զօրութեան դէմ ոչինչ կարող է զօրել այս երկրի վրայ, ո՛չ մեղքերու բազմութիւն, ո՛չ անյոյս բեկումներու յորձանքներ:

Քրիստոսի Յարութիւնը դիպուած մը չէ, որ տեղի ունեցաւ երկու հազար տարիներ առաջ: Արդարեւ, անոր զօրութիւնը յայտնի է մեր հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին: Քանի անգամներ չարութեան խանդոտ ուժերը փորձած են փակել մեզ գերեզմանի մէջ -անցեալին, եղեռնական ջարդին, մեր օրերուն իսկ- ծանրագոյն քարով մուտքը գոցելով: Բայց Աստուած մէկդի գլորեց ամէն քար, վկայ մեր ներկայութիւնն ու գոյութիւնը այսօր:

Այս նոյն իրողութիւնը կարող է եւ պիտի փոխարկէ մեր կեանքը այսօր: Բարձրացնենք, ուրեմն, մեր աչքերը դէպի Յարուցեալ Տէրը: Թող Անոր Յարութեան զօրութիւնը առատօրէն հոսի մեր կեանքին մէջ: Թող մէկդի քշէ, տանի ամէն քար, որ փակ պահել կ՚ուզէ մեր սրտերը՝ թոյլ չտալով, որ ապրինք Անոր պարգեւած ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը:

Գերեզմանը պարապ է: Յիսուս ողջ է եւ մենք կարող ենք դիմագրաւել վաղուան օրը յոյսով լեցուն, քաջութեամբ եւ անվկանդ վստահութեամբ՝ որովհետեւ Ան կ՚ապրի: Ամէն անգամ որ հարցնենք «Ո՞վ պիտի վերացնէ այս քարը», վստահ ըլլանք, որ Քրիստոս իշխանութեամբ կը պատասխանէ «Ես վերացուցի, եւ պիտի վերացնեմ»։

Թող Յարուցեալ Տիրոջ զօրութիւնը գրաւէ ձեր հոգիները Զատկուայ այս առաւօտ, ձեր սրտերը լեցնէ ուրախութեամբ եւ փոխակերպէ ձեր կեանքը այսօր եւ միշտ:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց: Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի:

ՄԵՍՐՈՊ ԵՊՍԿ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ

Նիւ Եորք

Շաբաթ, Ապրիլ 19, 2025