Շաբաթ 17, Մայիս 2025
ՕՓԵՐԱՅԻ ՄԵՐՁԱԿԱՅՔԻՆ ՇՈՒՐՋՊԱՐ
Համաշխարհային պարի օրը այս տարի բացառիկ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ Երեւանի մէջ։ Գեղարուեստասէրները մայրաքաղաքի Ազատութեան հրապարակին վրայ համախմբուեցան եզակի ձեռնարկի մը առթիւ։ Այսպէս, Օփերայի մերձակայքին երիտասարդներու շուրջպարը տօնական մթնոլորտ ստեղծեց՝ մինչ բոլորը միասնաբար ըմբոշխնեցին այդ ոգեւորութիւնը։
Հինգշաբթի, Մայիս 1, 2025