ԹՈՎՄԱՍ ԹԷՐԶԵԱՆ (1840-1909)

Անցեալ շաբաթ մեր սիրելի ընթերցողներուն ներկայացուցինք Թովմաս Թէրզեանի կենսագրական գիծերը եւ իր մասին եղած մի քանի վկայութիւններ: Այսօր, պիտի ներկայացնենք փունջ մը բանաստեղծութիւններ Թովմաս Թէրզեանէն:

ԱՆՁՐԵՒ ՄԱՅԻՍԻ

Կաթնորակ անհողմ օդերուն մէջէն,
Իբրեւ սիրելւոյ մը մեղմիկ մրմունջ՝
Տրտում եւ անձայն տարափներ կ՚իջնեն
Նորազարթ բնութեան ի ծոց անշըշունջ:

Եւ պատռած ամպէն երբ դուրս կը խուժեն
Պահ մը արեւու հոսանք լուսասփիւռ,
Բիւրաւոր ծիծաղք ամենուստ փայլին,
Արցունքի խառնած ծիծաղք սրտադիւր:

Ո՜հ ո՞ր անտես ձեռք դիւթիչ հուրիի
Կը թափթըփէ այդ կաթիլքն օդերէն:
Ծաղիկն իւր շրթնեակն անոր կը բանայ
Ինչպէս մօրն ըստեանց մանկիկ նորածին:

Ճըւճըւող ձագունք, բոյնին շուրջ շարուած,
Կըտուցնին անոր խայտալով բանան,
Եւ կարծրացած կոյտն հողոյ պատռելով
Սընունդ կ՚ամբարէ ապագայ սերման:

(1897)

ՆՈՃԻ ՅԵԶՐ ՎՈՍՓՈՐԻ

Տեսայ նոճի մը սըգաւոր
Կապոյտ ծովին մօտ կանգնած.
Թուխ տերեւներն՝ հողմոց շունչին
Կ՚երգէին երգ տխրամած:

Եւ քաղցուենեակ մ՚ոլորելով
Իւր ոստերէն վեր կ՚ելլէր,
Անոր մթութեան վրայ կախելով
Անուշահոտ ժըպտիներ:

Իմ կեանքըս չե՞ս դու, սեւ նոճի,
Երկնասլացիկ եւ տրտում.
Դու՝ քաղցուենեակ, չե՞ս իմ հրեշտակս
Ոյր գիրկք կ՚որրեն վիշտքս ի քուն:

(1888)

ՏԱՂ ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆՈՒԹԵԱՆ

Ո՜վ իմ հրաշագեղ անոյշ հայրենիք,
Ո՜հ կամ չըլլայիր այսչափ գեղեցիկ,
Կամ աւելի հզօր ըլլայիր գոնէ
Որ քեզ հետամուտք վախնային քենէ:

Անոնք որ ըզքեզ գերել կ՚ուզէին
Նախ հոծ խաւարով ըզքեզ պատեցին
՚Ի եղբայր եղբօր դէմ զինելով ի մթան
Դիականց ի շեղջս իշխան կանգնեցան:

Ա՜հ թափուած արիւնք, ա՜խ անմեղ արիւնք,
Ձեր ձայնն է որ արդ մռընչէ մեծաթունդ
Եւ անզուսպ մըրըկի նման պտոյտքելով
Ամբարիշտներուն կը քանդէ զժողով:

Ո՜վ գրիչ, ձեռքիս մէջ կայծակ դառնայիր
Եւ արիւնարբուաց գլխուն իջնայիր,
Ա՛լ բաւ են լալօնք, ա՛լ բաւ են զրկանք,
Ա՛լ քեզ անամպ փայլի արեգակ:

Արթնցի՛ր, առի՛ւծ՝ բժժանօք թմրած,
Բաշերըդ թօթուէ, փախչին հրոսք վատաց,
Ծագեցաւ ահա այգն ազատութեան,
Հիմա դու խնդա՛ եւ վատշըւէրք լան:

Մինչեւ ցարդ ամէն քո գանձերդ եւ բերք
Օտարաց էին սեփական վայելք,
Եւ քու զաւակացդ ունէիր միայն
Հազիւ ափ մը հող իրենց գերեզման:

Արդ գիշերասէր հրոսակք փախչին թող,
Ինչպէս բու՝ արփւոյն երբ կը ծագի շող,
Բայց վեհանձն եղիր, զի առիւծ ես դուն,
Պատիժնին ըլլայ քո երջանկութիւն:

Աղէ՛, գիրկ ի գիրկ սիրտ ի սիրտ խառնած,
Երդնունք մեր որդւոց առջեւ եւ նախնեաց,
Թէ մեր բարեկամք եւ ոսոխք ամէն
Ըզմեզ միաբան միշտ պիտի գտնեն:

Ա՛լ ազատ երկրի որդիքն ենք ազատ,
Անբաժան ապրինք՝ եղբարք հարազատ:

(1908)

ՊԱՐՈՆ ԳԱՐՈՒՆ

Պարոն գարուն ծերուկ մըն է
Կայտառ, առոյգ եւ միշտ դալար.
Կանաչ հագուստ մը կը կըրէ
Եւ ոտքը տեղ մը չըկենար:
Երբոր Ապրիլ վերադառնայ՝
Պատուհանէն քիթը տնկած
Կ՚աղաղակէ. «Օդն ի՞նչպէս է.
Երեւնալու ժամն է հասա՞ծ»:
Պարոն Գարուն, պարոն Գարուն,
Բարով եկար դու ի մեր տուն:

Ցօղի հատիկք մարգրտաշար
Կը փալփըլին խոտոց վըրայ,
Թըփոց մէջ ուր կ՚երգեն թռչնիկք
Թերթն իւր ծոցիկը կը բանայ.
Զայգանըւագն երգեն արտոյտք
Եւ արեւուն կ՚ըսեն բարեւ.
Մեզ աւետիս, ո՛վ բարեկամք,
Խըմենք ըզլոյս եւ զօդ թեթեւ.
Պարոն Գարուն, պարոն Գարուն,
Բարով եկար դու ի մեր տուն:

Պարոն Գարունն իւր սենեկէն
«Ի՞նչ կը ճըւաք, կ՚ըսէ, եկայ.
Ձըգեցէք պահ մը շունչ առնեմ,
Անմիջապէս կ՚ելլեմ ճամբայ.- 
Տօնի լաթերըս կը հագուիմ
Զոր դերձակէն դեռ նոր առի,
Տեսակ տեսակ գունովք բանուած
Բոլոր օձիքն ու թեզանի»:
Պարոն Գարուն, պարոն Գարուն,
Բարով եկար դու ի մեր տուն:

Պարոն Գարուն ճամբայ ելաւ,
Ան ի՜նչ ուրախ է, ի՜նչ զըւարթ,
Դալար լօդիկը կը պճնէ
Մսկոտ ու թարմ մի քանի վարդ.
Ձեռները լի են ծաղիկներով
Զոր կը կախէ ամէն ցանգէն.
Ոտքի ամանը՝ գամի տեղ՝
Ճերմակ հօրոտք կը զարդարեն:
Պարոն Գարուն, պարոն Գարուն,
Բարով եկար դու ի մեր տուն:

ՄԱՆԿԻԿ

Տեսէք զուարթ այդ երախան՝
Վարդի նըման թըշերով.
Ատ ի՜նչ անուշ անուշ աչեր,
Նայուածքին մէջ ի՜նչ գորով…
Մօրը ծնկերն են իւր աթոռ:

Կարծես շրթերն հայցեն պաչիկ,
Երկու ակռայ լոկ ունի.
Խարտեաշ մազերն ուսին վըրայ
Շողք են կարծես արփենի.
Աչքն են կապուտ նըման երկնի:

Թաթքըն մանրիկ են ու գիրուկ.
Ի քուն ըլլայ կամ արթուն,
Իր վերմակին ծայրէն տեսէք
Քնքուշ մատներն ոտկունքներուն
Ի՜նչպէս նային սիրասուն…

ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՏԱՂ. ԼԻ-ԹԱՅ-ԲԷ ՉԻՆԱՑԻ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻՆ

Նըստեր կը բանիմ ես մենիկ մնջիկ
Ըսպիտակ ծաղիկ մը - սիրո՜յ ծաղիկն.
Ճըկոյթ մատս ծաղիկն ի կարմիր ներկաւ,
Այդ տժգոյն ծաղիկն որ միշտ է նըւազ
Հիմայ կարմիր գոյն առեր է՝ աւա՜ղ…:

Յանկարծ յիշեցի ես զինքն այն ատեն,
Զինքն որ չըդարձաւ դեռ պատերազմէն:
Այս ժամուս՝ գուցէ՝ ինքն ալ կ՚արիւնի.
Արտօսր աչքերէս անզուսպ կը հոսի,-
Բայց ինձ թըւեցաւ թէ ձի մը կ՚անցնէր,
Եւ վեր ցատկեցի՝ սրտիկս ի յերեր…:

Սիրտս էր որ յուզուած ուժով կը զարնէր
Եւ ինձ իւր ձիուն ոտնատրոփ կը թուէր:
Իսկոյն մօտեցայ դարձեալ ոստայնին.
Բայց աչքէս անժոյժ արցունք վազէին՝
Կայլակ առ կայլակ՝ բանուածքիս վըրայ
՚Ւ իրեն հիւսեցին լօդիկ մարգրտեայ…:

ՍԱՂՄՈՍ ԿԵՆԱՑ. ԼՕՆԿՖԵԼԼՕԻ

Մի՛ տրտում երգովք ըսէք ինձ
Թէ սնոտի երազ մ՚են կեանք.
Զի թմրեալ հոգին մեռած է՝
Եւ պատիր են կերպարանք:

Կեանքն ըստոյգ, կեանքն իրական է
Եւ շիրմին չըլըմննար.
«Հող էիր ՚ւ ի հող դարձցիս դու»
Չըսուեցաւ հոգւոյ համար:

Ոչ թախիծն եւ ոչ բերկրանքն են
Նըպատակ մեզ սահմանեալ.
Այլ ճգնիլ որ յաջորդ օրը
Լաւ գտնէ զմեզ քան զանցեալ:

Կեանք մեր սուղ ՚ւ արուեստ երկայն է,
Եւ մեր սիրտք՝ թէպէտ արի՝
Սեւասքօղ տրոփեն թմբկաց պէս
Ըզհրաւէր գերեզմանի:

Աշխարհիս պատերազմին մէջ՝
Յարիւնոտ դաշտ ճակատու՝
Մի՛ նմանիր անխօս նախրի մը,
Այլ դիւցազըն մ՚եղիր դու:

Ապառնոյն դու վստահ մ՚ըլլար,
Թո՛ղ անցեալն անցած վշտաց,
Գործէ՛ գործէ՛ ներկայիս մէջ՝
Սիրտ ի լանջս՝ ի վեր Աստուած:

Վեհ մարդկանց վարք օրինակ են
Թէ ի՛նչ բարձր ելլել կրնանք
Եւ տարեաց աւազներուն վրայ
Հետք ձըգել՝ երբոր երթանք:

Հե՛տք՝ զոր գուցէ այլ նաւազ մը
Յընդարձակ ծով աշխարհի՝
Նաւաբեկ մոլրած եղբայր մը,
Տեսնելով քաջալերուի:
Ձեռն ի գործ ուրեմն եւ ժի՛ր լեր,
Դիմագրաւ յամէն արգել.
Յարատեւ ջանիւք ուսի՛ր դու
Աշխատիլ եւ ըսպասել: 

Կ՚աւարտենք, մեր ընթերցողներուն ներկայացնելով Գրասէր Ատոմի (Եղիա Տէմիրճիպաշեան) գրած բանաստեղծութիւնը՝ Թովմաս Թէրզեանին համար, հրատարակուած «Երկրագունտ»ին մէջ, 1885 թուականին:

ԱՌ ԹՈՎՄԱՍ ԷՖԷՆՏԻ ԹԷՐԶԵԱՆ

Ո՞ւր ես: Անունդ զաշխարհ լընոյր դպրութեան.
Էիր Մենտոր, Մուսա՜յ դու նոր սերընդեան.
Յադրիականն ալեաց մինչ յեզր Պոսֆօրին,
Հնչէր քընարդ՝ դո՜ւստր հարազատ Պինդարին:

Պէշիկթաշլեանն այն ի՜նչ մտնէր ի հող ցուրտ,
Ըղձակատուն սարդի, յիւր ձեռս վարդ եւ մուրտ,
Եւ միաբա՜ն հայեացք կուսանց, պատանեաց
Առ քեզ դարձան: Էիր վարպետն այնքանեա՜ց:

Հսկայ մ՚ետիդ կանգուն, առջիդ ա՛յլ հսկայ,
Ընդ մէջ այնց՝ Դու՝ գիծ միութեան գերակայ:
Մին հսկայից էր մութ անցեալն, այլ խո՛ր, ճո՜խ.
Միւսն՝ ապագայն, աղօտ, այլ յղի յառա՜տ շող:

Փոքր ինջ կըքէր հասակդ՝ հանգոյն անցելոյն,
Եւ ի հոգւոյդ էր շունչն անցեալ մեռելոյն:
Այլ թարմութիւն եւ գեղ դիմացդ աստղափայլ՝
Զարշալուսոյն ցոլացնէին զամբիծ փայլ:

Պայծառ՝ ճակատդ, երկա՜յն՝ գիսակդ հողմածո՜ւփ.
Էի՞ր տիպար Ռագայելայ քաղցր ու սուրբ
Ա՜յն պատկերաց, յորս հիանամք յաւիեան:
Երբ խօսէիր, թուէիր անհուն, վեհ մատեան:

Ոտիւք, ո՜հ, ոչ, թեւօք անծալ, հրածորան,
Մըտանէիր դպրոց, թատրոն, մրցարան.
Եւ ի շրթանց, եւ ի սրտից մահաթունդ
Սլանա՜յր ողջոյն եռանդագոչ, ծա՜փ յանունդ:

Ի բերանէդ բիւրալեցո՜ւ, բանդռագո՜յն,
Ընդ որ քերթողք եւ իմաստունք վեհագոյն,
Մեզ առնէին լու զանցելոցն երգս ՚ւ իմաստս,
Մնային առկախ նորուսք ՚ւ ուսեալք՝ գո՜գ ի յաստղս:

Եւ սիրելի դու մանաւանդ էիր մեզ,
Զի քերթողաց Հայոց արդեաց հայրն ըզքեզ
Յիւր արգանդին, յիւր սիրտն, ի միտսն էր կըրած,
Դիցական շուրթք էին զճակատդ համբուրած:

Եւ այժմ ոչ ե՛յս առ Հայկազունս երեւիս:
Քեզ ի խնդիր ելնեմ՝ մըտաց արեւիս:
Ի զո՜ւր: Այլ ե՛ւս անմատո՜յցդ ես քոց սանուց:
Բայց գտցէ տաղս ըզքեզ ի շքեղ քոյին խուց:

Եւ մատուսցէ քեզ, ո՜ քերթող, ուսուցիչ,
Զիմս հիացում, ե՛ւս զիմ տրտունջ թափանցի՜չ,
Եւ հուսկ ապա խնդակցութիւնս ի սրտէ՝
Վասն ընծայեալ քեզ մեծ պատւոյն յԱւգոստէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մայիս 3, 2025